ՅԱԿՈԲ ՆԱԼՊԱՆՏ ՏԼՏԼԵԱՆ
Հալէպ
Հորիզոնի իտէալական ուղիղ գիծին
Հետքերուն պէս
«երազային ուղիղութեան գերին դարձած»
Այս օրերու
Բլազմագոյն պատկերին մէջ
Դուն միշտ ջանա
Հասնիլ քու իտէալական
Եւ սեփական թեքութեանդ սահմաններուն
Ինչպէս մայր մոլորակն իր թեք ուղեծիրով
Ինչպէս անշնչացած Քրիստոս
Խաչին վրայ
Թեք պարանոցով
Եւ նիզակուած աղիքներով
Ուղիղ սահմանները
Պարտադրուած սէրերու յարաբերութիւններու նման
Միշտ պարտադրաբար գծուած
Եւ աթոմի միջուկին մէջ թաքնուած
Հզօր ուժանիւթի նման
Միշտ թաքնուած լարուածութեամբ զսպուած
Եւ պայթիւնավտանգ կ’ըլլան
Իսկ խորտուբորտ
Եւ թեքապարգեւ սահմանները
Նուաճուած սէրերու
Արմատացած արդար յարաբերութիւններու նման
Միշտ նուաճուած եւ խաղաղ կ’ըլլան
Բացարձակ թեքութեան մաքրամաքուր
Վիճակներուն գուցէ բնաւ չհաղորդուինք
Բայց բացարձակ ուղիղ վիճակ
Բնութեան մէջ
Ամէն վայրկեան կը կրկնուի
Եւ մեր մարմիններն անհոգի
Դագաղային ամայութեան մթութեան մէջ
Կամ հինտուական սուրբ կրակի
Ջերմութեան վրայ
Հրկիզման իր ծէսին սպասող
Հորիզոնական դիակի նման
Կը հասնին բացարձակ ուղիղութեան
Անկրկնելի վիճակին
Որմէ ետք
Ծնունդ կ’առնէ բացարձակ լռութեան
Եւ բացարձակ առեղծուածի
Թեք եւ ուղիղ չաստուածներու
Չիշխանութիւնը չքարտէսագրուած