Յօդուածներ
ԹԱՔՍԻՄԻ ՀՐԱՊԱՐԱԿԱՒ ՈԽԵՐԻՄՆԵՐԸ…
Թեթեւի կամ անցողակի պէտք չէ առնել Փետրուար 26ին կատարուած ցոյցը Պոլսոյ Թաքսիմ հրապարակին վրայ, ուր Խոճալուի դէպքերուն քսանամեակին առիթով, խուլիկաններու խուժան մը “մէյտան“ իջած էր եւ սադրիչ ու սահմռկեցուցիչ կարգախօսներով, յաւելեալ թոյն կը սփռէր եւ բեւեռացում կը ստեղծէր, մանաւանդ երբ անգամ մը եւս նշենք ներկայ ղեկավարութեան կիրարկած (կամ այդպէս կարծուող) կիրարկած յաչս մարդկային իրաւանց պաշտպանութեան եւ թոյլատրուող հանդուրժողականութեան (zero tolerence) քաղաքական ընթացքը:

