ԳլխաւորՅօդուածներ
ԹԱԿԱՐԴԸ ՈՐՄԷ ՊԷՏՔ Է ԱՆՊԱՅՄԱՆ ԽՈՒՍԱՓԻԼ
Այս կէտին վրայ, Վարչապետ Փաշինեանի և իր արտաքին հովանաւորներու աւագ առաջնահերթութիւնն է ամէն գնով փրկել Փաշինեանի իշխանութիւնը և ապահովել անոր անարգել գոյատևումը Հայաստանի և Կովկասի բեմին վրայ։ Չկասկածի՛լ, որ իշխանութիւնն ու Արևմուտքը ամէն ճիգ պիտի ընեն, որ Փաշինեան կարողանայ յաղթահարել Բագրատ Սրբազանի գլխաւորած շարժման մեծ մարտահրաւէրը։ Նոյն առաջնահերթութիւնը ունին Թուրքիան և Ատրպէյճանը։ Բագրատ Սրբազան կրցաւ իր քայլերթը շռընդալից թափով մտցնել Երևան և զայն վերածել քաշողութեան բևեռի։ Այս իսկ պատճառով, ան պէտք է ցուցաբերէ զգաստ գրագիտութիւն իշխանութեան հետ առճակատման այս փորձանաւոր փուլին մէջ հասնելու համար շօշափելի արդիւնքի։


