ԸՆՏՐԱԿԱՆ ԿՐԿԷՍԻՆ ՎԵՐՋԻՆ ԱՐԱՐԻՆ ՎԱՐԱԳՈՅՐԸ ԿԸ ԲԱՑՈՒԻ

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
Սեպտեմբեր 20, 2016
Սեպտեմբեր 25-ին, Միացեալ Նահանգներու նախագահական ընտարպայքարի կրկէսը կը թեւակոխէ վերջին փուլը, երկու ախոյեաններուն՝ դեմոկրատ Հիլըրի Քլինթընի եւ հանրապետական Տանըլտ Թրամփի միջեւ առաջին ուղղակի բանավէճով։ Այդքան ալ կարեւոր չէ, թէ այս ու յաջորդ ճակատումներուն ով ի՞նչ կþըսէ. կարեւորը այն է, թէ ինչպէ՞ս պիտի զուարճանանք ու հաճելի ժամանակ պիտի անցնենք զիրենք լսելով։ Հա, չմոռնանք, որ այլ թեկնածուներ ալ կան, սակայն անոնց շահաբեր չեն… քարոզչական մեքենաներուն համար, ի՛նչ ալ ըլլան անոնց օրակարգերն ու խոստումները, նաեւ՝ անտեսանելի չաստուածները ի սկզբանէ փակած են անոնց ճամբաները։
Աւելի քան տարիէ մը ի վեր, այսինքն՝ Օգոստոս 2015էն ասդին, այս կրկէսը կտրեց բազմաթիւ հանգրուաններ, բեմադրեց իսկական եւ շինծու մարտեր, որոնք ահա վերջին արարին հասցուցած են երկու գլխաւոր ախոյեանները։ Ամերիկացի ժողովուրդը, անոր հետ նաեւ ամբողջ աշխարհը ականատես եղաւ այլատեսակ բեմադրութիւններու, այս կամ այն թեկնածուի սակարանին ելեւէջին, ասելի ու անասելի ցեխարձակումներու (որոնք տեղատարափի պիտի հասնին վերջին արարին), եւ այսօր, աչքի առջեւ ունենալով երկու ախոյեանները, շատեր իրաւամբ հարց կու տան. արդեօք ամերիկացի ժողովուրդը ի՞նչ յանցանք գործած է, որ արժանացած է այս երկու թեկնածուներուն միջեւ ընտրանք մը ընելու պատիժին, եւ արդեօք այս երկրի քաղաքական մարդոց շտեմարանը իսկապէ՞ս ցամքած է, որ պէտք է ընտրութիւն մը կատարել յոռեգոյններու միջեւ։ Փաստօրէն, կարելի չէ ունենալ չարեաց փոքրագոյնը ընտրելու մտածումն իսկ…
Չենք ուզեր երկար կանգ առնել կրկէսին մէջ անցեալ մէկ տարուան ընթացքին արձանագրուած ռաունտերուն մանրամասնութիւններուն առջեւ, որովհետեւ պատկերասփիւռի կայաններն ու զանգուածային հաղորդակցութեան լայնածիր միջոցները օր աւուր հետեւեցան բեմադրութեան, զանգուածներ իրենց ետեւէն քաշեցին դէպի… դատարկաբանութիւններ։ Արդար ըլլալու համար պէտք է յիշել (եթէ յիշողութեանց թելը այդքան կարճցած չէ), որ Թրամփ տարիներէ ի վեր գրաւած (գնած) էր պատկերասփիւռի պաստառները ինքզինք ցուցադրող յայտագիրով մը, երբ տակաւին թեկնածու ներկայանալու խօսք չկար։ Ան իր համարձակախօս, բիրտ ու ամբարտաւան արտայայտութիւններով… զանգուածներ գրաւած էր եւ այդ »դրամագլուխ«ը, նիւթական լայն միջոցներուն կողքին, ի սպաս դրաւ ու կը դնէ իր ընտրապայքարին։ Արդեօք ոեւէ դէտ հաշուա՞ծ է, թէ անոր ի՞նչ համեմատութեամբ աւելի՛ ժամանակ կը տրամադրուի քարոզչական բեմերէ, բաղդատմամբ այլ թեկնածուներու…։ Քլինթըն բաղդատաբար աւելի հանրաճանաչ է։ Եղած է Առաջին Տիկին (այսօր ո՜վ կը յիշէ Լէուինսքին. չէ՞ որ ազատամտութեան մէջ նուաճումներ արձանագրուած են), յետոյ, անցած է Օպամայի դէմ նախագահական ընտրապայքարի փորձառութենէն (այդ օրերուն մե՜ծ հարց էր, թէ Սպիտակ Տունը առաջին սեւամո՞րթը, թէ՞ առաջին կինը պիտի ունենայ իր աթոռին…), նախարարական պաշտօն վարած է եւ սորված, որ ընտրապայքար մղելու համար, պէտք է.. նիւթական լայն միջոցներ ստեղծել, հետեւաբար, հիմնած է ընտանեկան յատուկ հիմնադրամ մը, ուր ներսէն ու դուրսէն, ծանօթ ու անծանօթ աղբիւներէ գումարներ կը հոսին վաղուան հաշուարկներու հեռանկարներով։ Եթէ ան յաջողի Սպիտակ Տուն հասնիլ, ոչ միայն պատմութիւն պիտի կերտէ՝ ըլլալով առաջին կին նախագահը, այլ նաեւ… «պարտատէրեր»ը շուտով ափ պիտի առնեն իր դուռը։
Ընտրապայքարի ամբողջ տեւողութեան, կրկէսային պատկերներու զուգահեռ, ականատես ու ականջալուր եղանք թեկնածուներուն աղտոտ լաթերուն ցուցադրութեան։ Քլինթըն «վարկ» կերտած է իր ընտանիքին անունը կրող հիմնադրամով, Լիպիոյ ամերիկեան դեսպանատան ողբերգութեան մէջ պատասխանատուութեամբ, անձնական ել-նամակներու գայթակղութեամբ, ու տակաւին, այնպիսի վկայութիւններով, որոնք կը նշեն, թէ ան անմարդկային արարած է, երկրին մէջ բաժանուածութիւնը աւելի խորացնելու ատակ է, սերտ գործակից է ուոլ-սթրիթեան կարգ մը հսկայ ընկերութիւններու, որոնք «դուրսէն» կը կառավարեն Սպիտակ Տունն ու ամերիկեան վարչամեքենան։ «Բարենիշները» հոս չեն վերջանար. ան կը դիտուի իբրեւ Օպամայի իշխանութիւնը տարբեր դիմակով շարունակողը (հիմա ա՛լ քիչ կը խօսուի, թէ Օպաման ալ Պուշերուն վարքագիծը շարունակող մը եղաւ), իսկ երբ Օպամա ոգի ի բռին կը կանգնի անոր ընտրապայքարին կողքին, մարդ հարց կու տայ, թէ այդ քայլով՝ այժմու նախագահը կþօգնէ՞, թէ՞ վնաս կը բերէ իր նախկին նախարարին…

