ԸՆՏՐԱԿԱՆ ԲԱՐԵՓՈԽՈՒՄՆԵՐ ԵՒ …ՄԵՐԺՈՒՄ
Մարտ 22-ի Ազգային Ժողովի նիստին, Հ.Յ.Դ. խմբակցութիւնը ներկայացուցած էր Հայաստանի ընտրական օրէնսգիրքին մէջ փոփոխութիւններ կատարելու նախագիծ մը: Քանի մը օր ետք, այդ միեւնոյն Ազգային Ժողովը ընդունած էր ընտրական օրէնսդրութեան փոփոխութիւններու կառավարութեան նախագիծը եւ յատուկ քուէարկութեամբ մըն ալ, մերժած, այդ ընտրական օրէնսգրքին մէջ փոփոխութիւններու Հ.Յ.Դաշնակցութեան ներկայացուցած օրինագիծը:
Այսպէս, Ազգային Ժողովը վաւերացնելէ ետք թէ պետական եւ տեղական սրահները անվճար հիմունքներով, պէտք է յատկացնել քարոզչութիւն իրականացնելու համար եւ քարոզարշաւի փուլին, արգիլելով այն բարեգործական կազմակերպութիւններու գործունէութիւնը, որոնց անուանումը կը յիշեցնէ քաղաքական կուսակցութիւնները, մերժեց խորհրդարանի հարիւր տոկոս համամասնական ընտրակարգով ձեւաւորումը, այսինքն պատգամաւորներու ընտրութիւնը կատարել առանձնաբար, հարիւր տոկոսով համամասնական հիմունքներով‘ կուսակցութեանց ցուցակներով:

