
ՆԻՒ ԵՈՐՔ.- Երեքշաբթի, Յուլիս 7-ին, Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան Տան մէջ կատարուած նիստին, Ընկերվար Միջազգայնականի խորհուրդը որոշեց միջոցառումներու դիմել, յաչս Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման:
Լիիրաւ անդամի կարգավիճակ ունեցող Հ.Յ.Դաշնակցութեան ներկայացուցիչներն էին՝ Մարիօ Նալպանտեան (Ընկերվար Միջազգայնականի ընդհանուր փոխ-քարտուղար), Կիրօ Մանոյեան (Բիւրօ), Արամ Յովակիմեան (Ա.Մ.Ն. Արեւելեան Շրջանի Կեդրոնական Կոմիտէ) եւ «Հայրենիք»ի անգլերէն բաժնի՝ «Արմինիըն Ուիքլի»ի խմբագիր Նանօր Պարսումեան:
Ընկերվար միջազգայնականի ընդհանուր քարտուղար Լուիս Այալան, յայտնեց թէ երկու օրեր շարունակ աշխատանք տարուած է եւ հանդիպումներ կատարուած Հայաստանի Ընկերվար Միջազգայնականի անդամ Հ.Յ.Դաշնակցութեան եւ Թուրքիոյ ներկայացուցիչ Ժողովուրդի Հանրապետական Կուսակցութեան (CHP) միջեւ, Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման առնչութեամբ:
Այս տեսակցութիւններու արդիւնք, կարելի եղած է յանգիլ եզրակացութեան եւ Խորհորդին ներկայացուած է բանաձեւը, որ յառաջիկայ նիստին, կարելի պիտի ըլլայ մանրամասնօրէն քննել եւ վաւերացնել:
Այալա յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց երկու կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներուն՝ Ընկերվար Միջազգայնականի ընդհանուր փոխ-քարտուղար՝ Մարիօ Նալպանտեանին (Հ.Յ.Դ.) եւ Թուրքիոյ Ժողովուրդի Հանրապետական Կուսակցութեան ներկայացուցիչ՝ Իւմիւթ Օրանին:
Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի ներկայացուցիչ Կիրօ Մանոյեան, անդրադառնալով այս նիստին եւ ընդհանրապէս, վերջին շաբաթներուն կատարուած քաղաքական անցուդարձերուն, յայտնեց թէ թուրք ներկայացուցիչներու հետ տեսակցութիւնները դրական զարգացումներու կը հասնին եւ այդ պատճառով է որ, Թուրքիոյ վերջին խորհրդարանական ընտրութիւններուն, զանազան հոսանքներէ ներս, հայ թեկնածուներ առաջադրուած եւ ընտրուած են: