Տարօրինակ կրնար թուիլ Սեպտեմբեր 19, 2009-ին, Հ.Ե.Դ.-ի կազմակերպած հաւաք-ցոյցը, Նիւ Եորքի Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան Հայաստանի Հանրապետութեան ներկայացչատան մօտ:
Արդարեւ, դանակը ոսկորին հասած ըլլալով, հայորդին այս անգամ որոշած էր եռագոյնը ծածանեցնել, իր իսկ պետութեան հաստատութեան շեմին, արտայայտելու իր ընդվզումը, պոռթկումն ու ցասումը:
Հայորդիք ժամանած էին Նիւ Եորքի եւ Նիւ Ճըրզիի զանազան շրջաններէն, Պոսթընէն, Փրովիտենսէն, Ուաշինկթընէն եւ նոյնիսկ Տիթրոյթէն եւ Շիքակոյէն:
Անոնք հաւաքուած էին ի գին արդարութեան, ի գին ազգային-պետական շահերու պաշտպանման, ի գին Հայոց Պատմութեան: Պատմութիւն մը, որուն ապագան վտանգուած է:
Այս անգամ մղուածը Վարդանանց ճակատամարտ կամ Սարդարապատի հերոսամարտ չէ, այլ աւելին՝ թուղթի վրայ արձանագրութիւններ, որոնք պարզապէս նոյնքան վտանգաւոր են եւ նուաստացուցիչ եւ նոյնքան պահանջք ու կարիք կը ստեղծեն երկաթէ շերեփի:
Հայորդիք հաւաքուած էին փոխանցելու, թէ նախապայմաններ դնելով Անգարա խաբած էր հայրենի ղեկավարութիւնը, որուն արտաքին քաղաքականութիւնը դժբախտաբար անկարող եւ սխալական ընթացքի մէջ է:
Հայորդիք հաւաքուած էին անգամ մը եւս փոխանցելու, նշելու, ահազանգելու թէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցը անվտանգութեան երաշխիքի հարց է եւ թէ Թուրքիոյ հետ կարելի է յարաբերութիւն հաստատել, Ապրիլ 24, 1915-ի Եղեռնի պատշաճ ճանաչումէն ետք:
Հայորդիք հաւաքուած էին ինքնավստահութեամբ եւ կորովով, աշխոյժ եւ աննկուն պայքար մղելու՝ այս արձանագրութիւններուն դէմ, նաեւ պաշտպանելու իրաւունքները, յայտնելու ո°չ եւ յամառօրէն «ո°չ» այս ճանապարհային քարտէսին եւ անոր արձանագրութիւններուն:
Հայորդին եկաւ յայտնելու, թէ պիտի չուրանայ, երբեք պիտի չուրանայ, պիտի չզիջի, երբեք պիտի չզիջի, այլ պիտի ընդվզի, շարունակ պիտի ընդվզի…եւ պիտի պայքարի անվարան, յամառօրէն, անդադար եւ ամենայն ինքնավստահութեամբ: