Լրահոս
ԷՐԶՐՈՒՄԻ ՄԷՋ ՍՈՒՐԻԱՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ ՍՆՆԴԵՂԷՆ ՓՈԽԱԴՐՈՂ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՕԴԱՆԱՒԻ ԽՈՒԶԱՐԿՈՒԹԻՒՆ
Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 15-ին, Սուրիահայութեան մարդասիրական օժանդակութեան “Օգնի՛ր եղբօրդ“ նախաձեռնութեան ծիրին մէջ “Էր Արմենիա“ հայկական ընկերութեան պատկանող բեռնատար Անթոնով 12 տիպի օդանաւը որ կ՛ուղղուէր Հալէպ, Անգարայի հրահանգով եւ ըստ նախապէս գոյացած համաձայնութեան, պարտադիր էջք մը կատարեց Էրզրումի օդակայան եւ ստուգումներէ ետք, շարունակեց իր ուղեւորութիւնը դէպի Հալէպ:
Այս գծով, Թուրքիոյ Արտաքին Գործոց նախարարութեան բանբեր Սելճուք Էօնալ ըսաւ թէ որեւէ երկիր, քաղաքային թռիչքներու Շիքակոյի համաձայնութեան հիմամբ գերիշխանական իրաւունք ունի իր օդային տարածքը օգտագործող օդանաւերէն պահանջելու “թեքնիք պատճառներով էջք կատարել“:

