ԷՋՄ­Ի­Ա­ԾԻ­ՆԻ ՄԷՋ ՀԱ­ՅԱՍ­ՏԱՆ­ԵԱՅՑ ԱՌԱ­ՔԵ­ԼԱ­ԿԱՆ ԵԿԵ­ՂԵՑ­ՒՈՅ ԵՊԻՍ­ԿՈ­ՊՈ­ՍԱՑ ԺՈ­ՂՈՎ

0 0
Read Time:33 Minute, 22 Second

P4 KAREKIN  Սեպ­տեմ­բեր 24-ին, Նա­խա­գա­հու­թեամբ Ամե­նայն Հա­յոց Գա­րե­գին Բ. կա­թո­ղի­կո­սի եւ Մե­ծի Տանն Կի­լիկ­իոյ Արամ Ա. կա­թո­ղի­կո­սի, Մայր աթոռ Սուրբ Էջմ­ի­ա­ծի­նի մէջ ազ­դան­շա­նը տրուե­ցաւ Հա­յաս­տան­եայց Առա­քե­լա­կան Սուրբ եկե­ղեց­ւոյ եպիս­կո­պո­սաց ժո­ղո­վին, որուն բաց­ման արա­րո­ղու­թեան ներ­կայ գտնուե­ցաւ Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Սերժ Սարգս­եան:

Մին­չեւ Սեպ­տեմ­բեր 27 կա­տար­ուե­լիք այս ժո­ղո­վը պի­տի քննար­կէ նա­եւ հայ եկե­ղեց­ւոյ այժ­մէ­ա­կան մար­տահ­րա­ւէր­նե­րը: Նա­եւ ծրա­գիր-օրա­կար­գին վրայ նշուած են առաջ­նա­հերթ հար­ցե­րեր` Ցե­ղաս­պա­նու­թեան զո­հե­րու սրբա­դաս­ման հար­ցը եւ Սուրբ մկրտու­թեան ծի­սա­կան կա­նո­նա­կան արա­րո­ղա­կար­գին առն­չուող խոր­հուր­դի ծրա­րը:

Եպիս­կո­պո­սաց այս­պի­սի բարձր մա­կար­դա­կի ժո­ղով մը տե­ղի ու­նե­ցած է վեց հա­րիւր տա­րի առաջ:  Ժո­ղո­վին մաս­նակ­ցե­լու հա­մար աշ­խար­հի տար­բեր ծայ­րե­րէն Սուրբ Էջմ­ի­ա­ծին ժա­մա­նած են Հայ Առա­քե­լա­կան եկե­ղեց­ւոյ բո­լոր թե­մե­րու առաջ­նորդ­նե­րը եւ պատ­ուի­րակ­նե­րը: Հայ եկե­ղեց­ւոյ 75 ար­քե­պիս­կո­պոս­նե­րէն եւ եպիս­կո­պոս­նե­րէն ներ­կայ էին 62-ը: Նա­եւ կար­դալ Ամե­նայն Հա­յոց Գա­րե­գին Բ. կա­թո­ղի­կո­սի եւ Մե­ծի Տանն Կի­լիկ­իոյ Արամ Ա. կա­թո­ղի­կո­սի խօս­քե­րը.-

“ՄԵՐ ԱՌԱ­ՔԵ­ԼՈՒ­ԹԻՒՆԸ ՄԷԿՆ Է` ՀՈՎ­ՈՒԵԼ ԵՒ ԱՌԱՋ­ՆՈՐ­ԴԵԼ ՄԵՐ ԺՈ­ՂՈՎՐ­ԴԻՆ…“

ԿԸ ՅԱՅՏ­ՆԷ ԱՄԵ­ՆԱՅՆ ՀԱ­ՅՈՑ ԿԱ­ԹՈ­ՂԻ­ԿՈՍ ԳԱ­ՐԵ­ԳԻՆ Բ.

 

Ստո­րեւ, կը հրա­տա­րա­կենք Ամե­նայն Հա­յոց Գա­րե­գին Բ. կա­թո­ղի­կո­սի եւ Մե­ծի Տանն Կի­լիկ­իոյ Արամ Ա. կա­թո­ղի­կո­սի խօս­քե­րը` ար­տա­սան­ուած Հա­յաս­տան­եայց Առա­քե­լա­կան Սուրբ եկե­ղեց­ւոյ եպիս­կո­պո­սաց ժո­ղո­վի բաց­ման արա­րո­ղու­թեան առ­թիւ.-

 

…Հո­գու բերկ­րու­թեամբ ող­ջու­նում ենք ձեզ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմ­ի­ած­նում: Նշա­նա­ւոր օր է այ­սօր բո­լո­րիս հա­մար: Առա­ջին ան­գամ Եպիս­կո­պո­սաց ժո­ղով է գու­մար­ւում Ամե­նայն Հա­յոց Կա­թո­ղի­կո­սու­թեան եւ Մե­ծի Տանն Կի­լիկ­իոյ Կա­թո­ղի­կո­սու­թեան եպիս­կո­պո­սաց դա­սի մաս­նակ­ցու­թեամբ, որը, հա­ւա­տում ենք, պի­տի դառ­նայ նոր հանգր­ուան մեր Եկե­ղե­ցու առա­քե­լու­թեան ար­դիւ­նա­ւոր­ման ճա­նա­պար­հին:

…Սի­րե­լի հոգեւոր հայ­րեր, այ­սօր մենք մէկ­տեղ­ուել ենք հոգեւոր-եկե­ղե­ցա­կան մեր կեան­քի առա­ւել բա­րե­կար­գու­թեան տես­լա­կա­նով, որի մարմ­նա­ւոր­ման հա­մար կարեւոր առա­քե­լու­թիւն ու­նի Եպիս­կո­պո­սաց ժո­ղո­վը` ի մաս­նա­ւո­րի ծի­սա­կան, կա­նո­նա­կան եւ դա­ւա­նա­բա­նա­կան հար­ցե­րի ու­սում­նա­սիր­ման եւ սահ­մա­նում­նե­րի բա­նաձեւման գոր­ծում: Եպիս­կո­պո­սը Աստ­ծոյ տնտեսն է, ասում է սուրբ Պօ­ղոս առաք­եա­լը (Տիտ. 1.7),և “խնամ տա­նի Եկե­ղեց­ւոյ, որ է քա­ղաք Աս­տու­ծոյ“, յա­ւե­լում է սուրբ Գրի­գոր Տաթեւացի մեծ վար­դա­պե­տը: Այս պա­տաս­խա­նա­տուու­թեամբ Եպիս­կո­պո­սաց սոյն ժո­ղո­վը պի­տի քննար­կի եւ որո­շում­ներ կա­յաց­նի Մկրտութ­եան ծէ­սի եւ սրբա­դաս­ման կա­նո­նի եւ այս հա­մա­տեքս­տում` Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան զո­հե­րի սրբա­դաս­ման օրա­կար­գա­յին հիմ­նա­կան հար­ցե­րի վե­րա­բեր­եալ: Մկրտու­թեան ծէ­սի մի­օ­րի­նա­կու­թեան ապա­հով­ման եւ Սրբա­դաս­ման կա­նո­նի հաս­տատ­ման ուղ­ղու­թեամբ հետեւողա­կան աշ­խա­տանք են իրա­կա­նաց­րել Ամե­նայն Հա­յոց Հայ­րա­պե­տու­թեան եւ Մե­ծի Տանն Կի­լիկ­իոյ Կա­թո­ղի­կո­սու­թեան հա­մա­տեղ յանձ­նախմ­բե­րը` հան­գա­մա­նա­լից կեր­պով ու­սում­նա­սի­րե­լով պատ­մա­կան հիմ­քե­րը, ներ­կայ իրա­վի­ճակն ու ժա­մա­նա­կի պա­հանջ­նե­րը, նաեւ` հա­ւա­տաց­եալ մեր հօ­տի ակն­կա­լիք­նե­րը: Մեր բարձր գնա­հա­տանքն ենք բե­րում Կա­նո­նա­կան, Սրբա­դաս­ման եւ Ծի­սա­կան յանձ­նախմ­բե­րի ատե­նա­պե­տե­րին եւ ան­դամ­նե­րին` իրենց նա­խան­ձախն­դիր աշ­խա­տան­քի հա­մար: Ժո­ղո­վը կարեւորու­թեամբ անդ­րա­դարձ է կա­տա­րե­լու նաեւ մեր Սուրբ Եկե­ղե­ցուն յու­զող այլ խնդիր­նե­րի ու մար­տահ­րա­ւէր­նե­րի:

Եկե­ղե­ցին Քրիս­տո­սի խորհր­դա­կան մար­մի­նը եւ հա­ւա­տա­ցե­լոց հա­ւա­քա­կա­նու­թիւնը լի­նե­լով, նաեւ ժա­մա­նակ­նե­րի մէջ գոր­ծող կա­ռոյց է եւ իր առա­քե­լու­թեան ճա­նա­պար­հին զգում է բա­րե­կարգ­ման եւ բա­րե­փո­խում­նե­րի անհ­րա­ժեշ­տու­թիւնը: Պատ­մու­թեան մեջ մեր Հայ­րե­նի­քի տրո­հում­նե­րը, քա­ղա­քա­կան բարդ հան­գա­մանք­նե­րում մեր ժո­ղովր­դի հա­մար ստեղծ­ուած դժուա­րին կա­ցու­թիւն­նե­րը, աղէտ­նե­րը, կո­տո­րած­ներն ու ցե­ղաս­պա­նու­թիւնը, աստ­ուած­մեր­ժու­թեան խորհր­դա­յին տա­րի­նե­րը թոյլ չեն տուել ըստ անհ­րա­ժեշ­տու­թեան զբաղ­ուե­լու եկե­ղե­ցա­կան բա­րե­կար­գու­թեան հար­ցե­րով: Գտնուե­լով տար­բեր պե­տու­թիւն­նե­րի կազ­մում` մեր Եկե­ղե­ցու Նուի­րա­պե­տա­կան Աթոռ­նե­րը գոր­ծել են յա­ճախ տար­բեր, եր­բեմն` պար­տադր­ուած կա­նո­նա­կար­գե­րով: Օս­ման­եան կայս­րու­թեան տի­րա­պե­տութ­եան ներ­քոյ Մե­ծի Տանն Կի­լիկ­իոյ Կա­թո­ղի­կո­սու­թիւնը, Կոս­տանդ­նու­պոլ­սի եւ Երու­սա­ղէ­մի Հա­յոց Պատր­ի­ար­քու­թիւն­նե­րը առաջ­նորդ­ուել են Ազ­գա­յին Սահ­մա­նադ­րու­թեան դրոյթ­նե­րով, իսկ Ռու­սա­կան կայս­րու­թեան իշ­խա­նու­թեան ներ­քոյ Ամե­նայն Հա­յոց Հայ­րա­պե­տու­թիւնը` Պօ­լօ­ժէն­իա­յով:

Մեր Եկե­ղե­ցու կեան­քը եւ վար­չա­կան գոր­ծու­նէ­ու­թիւնը նե­րազդ­ուել են այս պայ­ման­նե­րից` տե­ղի տա­լով յա­ճախ տա­րա­կար­ծու­թիւն­նե­րի ու շփոթ­մունք­նե­րի: Անն­պաստ այս­պի­սի իրա­վի­ճակ­նե­րում բա­րե­կարգ­ման ծրագ­րե­րը, որոնք մեր Եկե­ղե­ցու կեան­քում օրա­կար­գա­յին են աւե­լի քան մէկ դար, յե­տաձգ­ուել են կամ միայն մա­սամբ կար­գա­ւոր­ուել: Խորհր­դա­յին իշ­խա­նու­թեան տա­րի­նե­րին Ամե­նայն Հա­յոց Կա­թո­ղի­կո­սու­թեան եւ Մե­ծի Տանն Կի­լիկ­իոյ Կա­թո­ղի­կո­սու­թեան միջեւ ստեղծ­ուած լար­ուած յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը, որ հան­գեց­րին պա­ռակտ­ման եւ վար­չա­կան բա­ժա­նու­մի, նոյն­պէս պատ­ճառ հան­դի­սա­ցան բա­րե­փո­խում­նե­րի գոր­ծըն­թա­ցի յա­պաղ­ման: Այ­սօր ան­կախ է մեր Հայ­րե­նի­քը, եւ Եկե­ղե­ցին ազատ գոր­ծե­լու եւ բա­րե­փո­խում­ներ իրա­կա­նաց­նե­լու մեծ հնա­րա­ւո­րու­թիւն­ներ ու­նի` յաղ­թա­հա­րե­լու հա­մար մեր առջեւ ծա­ռա­ցած հա­մա­ե­կե­ղե­ցա­կան հիմ­նախն­դիր­նե­րը:

…Մեր Եկե­ղե­ցու կեան­քը վե­րել­քի պի­տի առաջ­նոր­դեն նաեւ` ծի­սա-արա­րո­ղա­կան ոլոր­տի բա­րե­փո­խում­նե­րը, հոգեւոր-կրթա­կան եւ քրիս­տո­նէ­ա­կան դաստ­ի­ա­րա­կու­թեան աս­պա­րէզ­նե­րում` ու­սուց­ման ար­դիւ­նա­ւէտ մի­ջոց­նե­րի ու կեր­պե­րի կի­րա­ռու­մը, մեր հայ­րե­րի գոր­ծե­րի, ինչ­պէս նաեւ` արդ­ի­ա­կան մտա­ծո­ղու­թեամբ մեր Եկե­ղե­ցու վար­դա­պե­տու­թեա­նը հա­րա­զատ աստ­ուա­ծա­բա­նա­կան նոր աշ­խա­տու­թիւն­նե­րի հրա­պա­րա­կու­մը: Ժա­մա­նա­կի հետ մեր Եկե­ղե­ցու ըն­թաց­քը հա­մա­քայլ պա­հե­լու եւ մեր ժո­ղովր­դին յստակ կողմ­նո­րո­շում ապա­հո­վե­լու հա­մար հարկ է մշա­կել եւ հաս­տա­տել ըն­կե­րա­յին, բա­րո­յա­կան հար­ցե­րի, աշ­խար­հա­քա­ղա­քա­կան զար­գա­ցում­նե­րի, գի­տա­կան նո­րա­րա­րու­թիւն­նե­րի, գլո­բա­լի­զաց­իա­յի եւ նրա­նից ծա­գող երեւոյթ­նե­րի վե­րա­բեր­եալ Հայ Եկե­ղե­ցու սոց­ի­ա­լա­կան հա­յե­ցա­կար­գը: Տե­ղե­կաց­նենք, որ այս նպա­տա­կով ամիս­ներ առաջ Մայր Աթո­ռում հաս­տա­տել ենք առան­ձին գրա­սեն­եակ: Եկե­ղե­ցին յու­զող խնդիր­նե­րի եւ անհ­րա­ժեշ­տու­թիւն­նե­րի շար­քում կ՛ու­զենք յա­ւե­լել նաեւ, որ շա­րու­նա­կում են խիստ պա­հանջ մնալ նոր սերն­դի հոգեւորա­կա­նաց պատ­րաս­տու­թիւնը, եկե­ղե­ցի­նե­րի կա­ռու­ցու­մը, մեր հնա­գոյն վան­քե­րի ու եկե­ղե­ցի­նե­րի նո­րո­գու­թիւնը եւ վա­նա­կան կեան­քի կազ­մա­կեր­պու­մը: Այս ամէ­նի իրա­գործ­ման հա­մար անհ­րա­ժեշտ են ազ­գիս հա­մա­տեղ ջան­քե­րը` հա­ւա­տաց­եա­լից, հով­ուից մինչ հով­ուա­պետ:

Հո­գեփրկ­չա­կան եւ ազ­գա­պահ­պան իր առա­քե­լու­թեամբ Առա­քե­լա­կան մեր Սուրբ Եկե­ղե­ցու դե­րը իրա­պէս բա­ցա­ռիկ է մեր ժո­ղովր­դի կեան­քում, որը վկայ­ուած է պատ­մու­թեամբ եւ այ­սօր ար­դա­րօ­րէն ամ­րագր­ուած Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան Սահ­մա­նադ­րու­թեան մէջ: Մեր Եկե­ղե­ցին ներ­շա­ղախ տի­րա­ւանդ իր կոչ­մա­նը` դա­րե­րի բո­վում առ­կայծ է պա­հել մեր ժո­ղովր­դի հո­գում ազա­տու­թեան սէ­րը, հայ­րե­նի պե­տա­կա­նութ­եան տե­սիլ­քը` հան­դի­ման բա­զում վտանգ­նե­րի ու նե­ղու­թիւն­նե­րի: “Վասն հա­ւա­տոյ“ն եղել է նաեւ “վասն հայ­րեն­եաց“ ու դար­ձել խոր­հուր­դը մեր ինք­նու­թեան եւ յա­րատեւու­թեան: Այս գի­տակ­ցու­թեամբ ու ոգով, ինչ­պէս անց­եա­լում, այն­պէս եւ այ­սօր, մեր Եկե­ղե­ցին ամէն կա­րե­լիու­թեամբ մաս­նա­կից է հայ­րե­նի պե­տա­կա­նա­շի­նու­թեան նուի­րա­կան գոր­ծին: Այ­սօր բա­րե­փոխ­ման ըն­թացք­նե­րի հետ Հայ­րե­նի­քում տա­կա­ւին առ­կայ են հոգ­սեր, դժուա­րու­թիւն­ներ: Հայ­րե­նաբ­նակ մեր ժո­ղո­վուր­դը դեռեւս շա­րու­նա­կում է ապ­րել շրջա­փակ­ման եւ փխրուն խա­ղա­ղու­թեան պայ­ման­նե­րում: Դեռ չեն յաղ­թա­հար­ուել աղ­քա­տու­թիւնն ու գոր­ծազր­կու­թիւնը, մտա­հո­գիչ է ար­տա­գաղ­թը:

Այս հրա­մա­յա­կան­նե­րի առջեւ պարտ­քի ու պա­տաս­խա­նատո­ւու­թեան մեր բա­ժինն ու­նենք` հա­մախմ­բե­լու մեր ժո­ղովր­դին ու նե­ցուկ լի­նե­լու մեր պե­տու­թեա­նը դժուա­րին խնդիր­նե­րի լուծ­ման գոր­ծում: Եկե­ղե­ցա­կան մեր կա­ռոյց­նե­րի առա­ւել կազ­մա­կերպ­մամբ եւ մի­աս­նա­կան աշ­խա­տան­քով աւե­լի պի­տի զօ­րա­նայ մեր Եկե­ղե­ցու գոր­ծու­նէ­ու­թիւնը, եւ կա­րող պի­տի լի­նենք ի Հայ­րե­նիս եւ ի Սփիւռս լի­ո­վին վեր հա­նել մեր ժո­ղովր­դի նե­րու­ժը` ի խնդիր մեր երկ­րի առա­ջըն­թա­ցի ու զար­գաց­ման, տնտե­սա­կան, ըն­կե­րա­յին դժուա­րու­թիւն­նե­րի յաղ­թա­հար­ման եւ Սփիւռ­քում բարձ­րա­ցող հրա­մա­յա­կան­նե­րի դի­մագ­րաւ­ման: Հայ­րե­նիք-Սփիւռք մի­աս­նա­կա­նու­թեամբ հզօր, ամուր, ան­խո­ցե­լի պի­տի լի­նի մեր Հայ­րե­նի­քը, առա­ւել պաշտ­պան­ուած, ինք­նավս­տահ եւ կեն­սու­նակ` հայ Սփիւռ­քը: Հայ­րե­նիք-Սփիւռք մի­աս­նա­կա­նու­թեամբ ար­գա­սա­ւոր պի­տի լի­նեն մեր ջան­քե­րը մի­ջազ­գա­յին աս­պա­րէ­զում Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի Հան­րա­պե­տու­թեան ճա­նաչ­ման եւ Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան դա­տա­պարտ­ման, որի 100-ամ­եայ տա­րե­լի­ցի ոգե­կո­չու­մը պի­տի դարձ­նենք ար­դա­րու­թեան եւ պա­հան­ջա­տի­րու­թեան զօ­րեղ կոչ ողջ աշ­խար­հին: Հայ­րե­նիք-Սփիւռք մի­աս­նա­կա­նու­թեամբ ի զօ­րու պի­տի լի­նենք դի­մա­կա­յե­լու մեր ազ­գին պա­տու­հա­սող փոր­ձու­թիւն­նե­րին, դժուա­րու­թիւն­նե­րին ու նե­ղու­թիւն­նե­րին, ինչ­պի­սիք այ­սօր ծա­ռա­ցել են մեր ժո­ղովր­դի կեան­քում Մեր­ձա­ւոր Արեւել­քում, մաս­նա­ւո­րա­պէս` Սուր­իա­յում:

Շա­րու­նա­կուող հա­կա­մար­տու­թեան հետեւան­քով սուր­ի­ա­հա­յու­թիւնը այ­սօր էլ կրում է մեծ նե­ղու­թիւն­ներ ու ծանր կո­րուստ­ներ: Խա­ղա­ղութ­եան հայ­ցով առ Տէ­րը, կրկին Մեր յոր­դորն ենք բե­րում թե­մա­կալ առաջ­նորդ­նե­րին` հա­ւա­տա­ւոր մեր զա­ւակ­նե­րի հետ ամէն կա­րե­լիու­թեամբ աջակ­ցել եւ սա­տա­րել սուր­ի­ա­հայ մեր եղ­բայր­նե­րին ու քոյ­րե­րին` քա­ջա­լեր պա­հե­լու նրանց ոգին` դժուա­րու­թիւն­նե­րը յաղ­թա­հա­րե­լու հա­մար:

Մեր մի­աս­նա­կա­նու­թեան բա­րի ար­դիւնք­նե­րով շէն ու պայ­ծառ պի­տի պա­հենք Սփիւռ­քի հայ կեան­քը, որի խնդիր­նե­րին Ձե­զա­նից շա­տե­րը քա­ջա­տեղ­եակ են` անձ­նա­պէս կրե­լով այդ մտա­հո­գու­թիւն­նե­րը: Այ­սօր յա­ճախ ենք խօ­սում հայ դպրո­ցի տկա­րաց­ման, հա­յոց լեզ­ուի իմա­ցու­թեան նա­հան­ջի, հոգեւոր եւ ազ­գա­յին կեան­քում երի­տա­սար­դու­թեան ներգ­րաւ­ուա­ծու­թեան նուազ­ման մա­սին, որոնք ահագ­նաց­նում են ու­ծաց­ման ըն­թացք­նե­րը:

Այ­սօր, երբ ու­նենք մեր ան­կախ պե­տա­կա­նու­թեան քա­ջա­լե­րող իրա­կա­նու­թիւնը, երբ ցե­ղաս­պա­նու­թիւնը վե­րապ­րած մեր ժո­ղովր­դի զա­ւակ­նե­րը Սփիւռ­քում այլեւս իբրեւ յարգ­ուած ու վստա­հե­լի քա­ղա­քա­ցի` իրենց ար­դար վաս­տա­կով ստեղ­ծել են հոգեւոր եւ ազ­գա­յին կա­ռոյց­ներ ու հաս­տա­տութ­իւն­ներ, պի­տի ջա­նանք ազ­գա­յին-եկե­ղե­ցա­կան մեր կեան­քը աւելի­ով դարձ­նել հա­րա­զատ աշ­խարհ մեր զա­ւա­կաց հա­մար: Մեր Եկե­ղե­ցին առա­ւել ար­դիւ­նա­ւէ­տու­թեամբ պի­տի ծա­ռա­յեց­նի այդ հնա­րա­ւո­րու­թիւն­նե­րը մեր ժո­ղովր­դին հա­ւատ­քով, ազ­գա­յին գի­տակ­ցու­թեամբ, մայ­րե­նի լեզ­ուի հան­դէպ նա­խան­ձախնդ­րու­թեամբ կեն­սու­նակ պա­հե­լու գոր­ծին: Հոգեւոր ար­ժէք­նե­րով ներ­շա­ղախ ազ­գա­յին կեան­քի մէջ մեր ժո­ղո­վուր­դը, մաս­նա­ւո­րա­պէս` երի­տա­սար­դու­թիւնը, պի­տի գտնի իր հար­ցե­րի պա­տաս­խան­նե­րը, Աստ­ծուն հա­ւա­տա­րիմ իր ան­սայ­թաք ու­ղին, իր եր­ջան­կու­թիւնը եւ պի­տի շա­րու­նա­կի ապ­րել ազ­գա­յին ինք­նու­թեամբ` իր ու­ժե­րը, իր տե­սիլք­նե­րը բազ­մա­պատ­կե­լով մեր ազատ Հայ­րե­նի­քից առ­նուող զօ­րու­թեամբ:

Քսան­մէ­կե­րորդ դա­րը գի­տա­տեխ­նի­կա­կան առա­ջըն­թա­ցի ու նուա­ճում­նե­րի հետ բե­րել է նաեւ բա­րո­յա­կան ար­ժէք­նե­րի ան­կում, մար­դու իրա­ւունք­նե­րի ճիշդ ըն­կալ­ման աղ­ճա­տում, ազ­գա­յին ինքն­եան­քը, ինչ­պէս Հայ­րե­նի­քում, այն­պէս եւ Սփիւռ­քում: Դա­րի հո­գե­զուրկ ըն­թացք­նե­րին, աշ­խար­հայ­նաց­ման, հա­մա­հար­թեց­ման վտանգ­նե­րին պի­տի կա­րո­ղա­նանք դի­մագ­րա­ւել մեր ժո­ղովր­դի եւ յատ­կա­պէս` երի­տա­սար­դու­թեան հո­գում քա­ջար­թուն պա­հե­լով սէ­րը, վստա­հու­թիւնը հան­դէպ մեր Սուրբ Եկե­ղե­ցին, նա­խան­ձախնդ­րու­թիւնը հան­դէպ մեր հայ­րե­րի սուրբ հա­ւատ­քը եւ ազ­գա­յին աւանդ­նե­րը:

Մեր Եկե­ղե­ցին, իբրեւ Տի­րոջ շնոր­հաց առա­տա­բուխ աղ­բիւր, պի­տի ոռո­գի մեր կեան­քի ան­դաս­տան­նե­րը, հոգեւոր լոյ­սով նո­րո­գի ու պայ­ծա­ռաց­նի բա­րե­պաշտ հո­գին մեր ժո­ղովր­դի եւ հաս­տա­տուն պա­հի ար­դա­րու­թեան, ճշմար­տու­թեան, մար­դա­սի­րու­թեան ար­ժէք­նե­րի մէջ, որոն­ցով պի­տի բար­գա­ւա­ճեն, բարի­ով ու բա­րի­քով լցուեն մեր եր­կիրն ու հա­մայն հայ կեան­քը: Մեր առա­քե­լու­թիւնը մէկն է` հով­ուել եւ առաջ­նոր­դել մեր ժո­ղովր­դին դէ­պի փրկու­թիւն, պահ­պա­նել Աստ­ծոյ եւ հայ­րեն­եաց սի­րոյ մէջ, որ­պէս­զի ապ­րենք եւ յա­րատեւենք իբրեւ Տի­րոջ սե­փա­կան եւ ընտր­եալ ժո­ղո­վուրդ ու Եկե­ղե­ցի:

…Առ Աստ­ուած աղօթ­քով հայ­ցում ենք Սուրբ Հո­գու առաջ­նոր­դու­թիւնը Եպիս­կո­պո­սաց ժո­ղո­վի աշ­խա­տանք­նե­րին եւ բե­րում առաք­եա­լի յոր­դո­րը. “Եղ­բայր­ներ, ինչ որ ճշմար­տու­թեամբ է, ինչ որ` ար­դա­րու­թեամբ, ինչ որ` սրբու­թեամբ, ինչ որ` սի­րով,… այն խոր­հե­ցէք:… Եւ խա­ղա­ղու­թեան Աստ­ուա­ծը թող լի­նի ձեզ հետ“ (Փի­լիպ. 4.8-9):

Թող Տէ­րը խա­ղա­ղու­թիւն պարգեւի աշ­խար­հին, պա­տե­րազ­մա­կան դժուա­րու­թիւն­ներ կրող ժո­ղո­վուրդ­նե­րին, Իր բա­րի հայ­եաց­քի ներ­քոյ անխ­ռով պա­հի Հա­յաս­տան եւ Ար­ցախ հայ­րե­նի մեր եր­կիրն ու աշ­խար­հաս­փիւռ մեր ժո­ղովր­դին, ան­սա­սան` Առա­քե­լա­կան մեր Սուրբ Եկե­ղե­ցին` Նուի­րա­պե­տա­կան Աթոռ­նե­րով ու սպա­սա­ւոր­նե­րով, պարգեւելով հոգեւոր առա­ջըն­թաց ու բա­րօ­րու­թիւն:

Բա­րի ըն­թացք մեր աշ­խա­տանք­նե­րին:

 

ԱՄԵՆԱՅՆ ՀԱՅՈՑ

ԳԱՐԵԳԻՆ Բ. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

 

“ՀԱ­ՒԱ­ՏԱ­ՐԻՄ ՄՆԱԼ ՀԱՅ ԵԿԵ­ՂԵՑ­ՒՈՅ ԱՄ­ԲՈՂ­ՋԱ­ԿԱ­ՆՈՒ­ԹԵԱՆ ԵՒ ՄԻՈՒ­ԹԵԱՆ ԱՆՎ­ԹԱՐ ՊԱՀ­ՄԱՆ­ՄԱՆ“

ԿԸ ՅԱՅՏ­ՆԷ ՄԵ­ԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻ­ԼԻԿ­ԻՈՅ ԱՐԱՄ Ա. ԿԱ­ԹՈ­ՂԻ­ԿՈՍ

P5 echmia Aram4

Հայ­րա­պե­տա­կան օրհ­նու­թեամբ ու քրիս­տո­նէ­ա­կան ջերմ սի­րով կ՛ող­ջու­նենք Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան Վսե­մա­շուք Նա­խա­գահ Տի­ար Սերժ Սարգս­եա­նը: Եղ­բայ­րա­կան ջերմ սի­րով կ՛ող­ջու­նենք Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Ամե­նայն Հա­յոց Կա­թո­ղի­կո­սը: Հայ­րա­պե­տա­կան օրհ­նու­թեամբ ու հայ­րա­կան ջերմ սի­րով կ՛ող­ջու­նենք հայ եկե­ղեց­ւոյ Գե­րաշ­նորհ ար­քե­պիս­կո­պոս­ներն ու եպիս­կո­պոս­նե­րը, որոնք հա­ւաք­ուած են Մայր Աթոռ Ս. Էջմ­ի­ած­նի մէջ հրա­ւէ­րով եր­կու Վե­հա­փառ Հայ­րա­պետ­նե­րուն, անոնց օրհ­նու­թեամբ ու ներ­կա­յու­թեամբ մի­աս­նա­բար աղօ­թե­լու, մի­աս­նա­բար խորհր­դակ­ցե­լու եւ որո­նե­լու հայ եկե­ղե­ցին դէ­պի ներ­քին բա­րե­կար­գու­թիւն առաջ­նոր­դող ազ­դու մի­ջոց­ներն ու ճիշդ ճամ­բա­նե­րը:

Ար­դա­րեւ, պատ­մա­կան կա­րե­լի է որա­կել եպիս­կո­պո­սաց ներ­կայ ժո­ղո­վը. պատ­մա­կան` մեր եկե­ղեց­ւոյ ամ­բող­ջա­կա­նու­թիւնը ներ­կա­յաց­նող իր հան­գա­ման­քով, պատ­մա­կան` բազ­մա­զան ու այ­լա­զան մար­տահ­րա­ւէր­նե­րով լե­ցուն մեր եկե­ղեց­ւոյ ու ժո­ղո­վուր­դի կեան­քի ներ­կայ վճռա­կան հանգր­ուա­նին իր կա­յա­ցու­մով, պատ­մա­կան` մա­նա­ւանդ իր առա­ջադ­րած վեհ նպա­տա­կով: Արդ, ա՛յս պա­տաս­խա­նա­տուու­թեամբ ու նա­խան­ձախնդ­րու­թեամբ հարկ է մօ­տե­նալ ներ­կայ ժո­ղո­վին: Մեր եկե­ղեց­ւոյ ու ժո­ղո­վուր­դի հա­ւա­քա­կան կեան­քին մէջ փայ­լուն նոր էջ մը բա­նա­լու յանձ­նա­ռու­թեամբ հարկ է մաս­նա­կից դառ­նալ Եպիս­կո­պո­սաց Ժո­ղո­վի աշ­խա­տանք­նե­րուն:

Եօ­թե­րորդ դա­րուն Ներ­սէս Գ. Իշ­խան­ցի Կա­թո­ղի­կոս Վար­դա­վա­ռի տօ­նին խո­րա­պէս կը վրդո­վի ի տես եկե­ղեցի­էն ներս կա­տա­րուող ան­ներ­դաշ­նակ ծի­սա­կա­տա­րու­թեան: Այս դառն փոր­ձա­ռու­թիւնը, Հայ­րա­պե­տը կը մղէ գու­մա­րե­լու Դուի­նի երկ­րորդ ժո­ղո­վը, 648-ին, եւ հաս­տա­տե­լու շարք մը կա­նոն­ներ հայ եկե­ղեց­ւոյ ծի­սա­կան, բա­րո­յա­կան ու դա­ւա­նա­բա­նա­կան մար­զե­րուն առնչ­ուած: Եթէ այ­սօր Ներ­սէս Գ. Իշ­խան­ցի Կա­թո­ղի­կո­սը եր­կին­քէն իջ­նե­լով շրջէր մեր եկե­ղե­ցի­նե­րէն ներս, վստա­հա­բար դա՛րձ­եալ պի­տի ընդվ­զէր տես­նե­լով մեր եկե­ղեց­ւոյ պար­զած վա­տա­ռողջ վի­ճա­կը…:

Պատ­մու­թեան ըն­թաց­քին մեր հայ­րա­պետ­նե­րուն կող­մէ եղան բազ­մա­թիւ նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­ներ հայ եկե­ղե­ցին բա­րե­կար­գե­լու առաջ­նոր­դող: Մեր եկե­ղեց­ւոյ պատ­մու­թիւնը լե­ցուն է եկե­ղեց­ւոյ կեան­քի զա­նա­զան բնա­գա­ւառ­նե­րուն առնչ­ուած կա­նոն­նե­րով, սկզբունք­նե­րով եւ ու­սու­ցում­նե­րով: Սա­կայն այն­քան ար­մա­տա­կան ու արագ փո­փո­խու­թիւն­ներ տե­ղի ու­նե­ցան ըն­կե­րու­թեան կեան­քին մէջ, որ այ­սօր, փաս­տօ­րէն հսկայ վիհ մը գո­յա­ցած է մեր հայ­րե­րու հաս­տա­տած կա­նոն­նե­րուն ու ներ­կայ ժա­մա­նակ­նե­րու մտա­հո­գու­թիւն­նե­րուն ու մար­տահ­րա­ւէր­նե­րուն մի­ջեւ: Մեր պատ­մու­թեան վեր­ջին դա­րե­րու պայ­ման­նե­րը, երբ մեր ժո­ղո­վուր­դին ու հայ­րե­նի­քին գո­յու­թիւնը խնդրոյ առար­կայ դար­ձած էր, չնե­րե­ցին, որ մեր եկե­ղե­ցին լծուի բա­րե­կարգ­չա­կան ծրագր­ուած ու հա­մա­պար­փակ աշ­խա­տան­քի: Այ­սօր, հա­զար փառք կու տանք Աս­տու­ծոյ, որ մե­զի այս եզա­կի պա­տե­հու­թիւնը ըն­ծա­յեց եր­կու Վե­հա­փառ Հայ­րա­պետ­նե­րուն նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ ու առաջ­նոր­դու­թեամբ եւ մեր եկե­ղեց­ւոյ եպիս­կո­պոս­նե­րուն մաս­նակ­ցու­թեամբ լծուե­լու ծի­սա­կան բա­րե­կար­գու­թեան այն­քան հրա­մա­յա­կան գոր­ծըն­թաց­քին:

Ի՞նչ կը հասկ­նանք “բա­րե­կար­գու­թիւն“ ըսե­լով.- սոսկ անց­եա­լի աւան­դու­թեանց վե­րա­կանգ­նո՞ւ­մը, մեր եկե­ղեց­ւոյ ծի­սա­կան կար­գին վե­րա­դա­սա­ւո­րո՞ւ­մը կամ կրճա­տո՞ւ­մը, լոկ լեզ­ուի փո­փո­խու­թի՞ւ­նը, եւ կամ ծի­սա­կան նոր հա­մա­կար­գի մը հաս­տա­տու­մը` մեր կեան­քին ներ­կայ դրուած­քին պատ­շա­ճող: Հար­ցադ­րում­ներ, որոնք պէտք է կա­տար­ուին իրա­պաշտ մօ­տե­ցու­մով. հար­ցեր, որոնք պէտք է քննարկ­ուին քննա­կան ոգի­ով Եպիս­կո­պո­սաց Ժո­ղո­վի ծի­րէն ներս:

Մեր հա­յե­ցո­ղու­թեամբ, բա­րե­կար­գու­թիւնը ըստ էու­թեան պէտք է ըմբռ­նել որ­պէս եկե­ղեց­ւոյ կեան­քին ու մտա­ծո­ղու­թեան, վկա­յու­թեան ու առա­քե­լու­թեան վե­րար­ժե­ւո­րու­մը, վե­րա­նո­րո­գու­մը ու վե­րա­կեն­սա­ւո­րու­մը: 1961-ին Կա­թո­լիկ եկե­ղե­ցին գու­մա­րեց Վա­տի­կա­նի Երկ­րորդ Ժո­ղո­վը` եկե­ղե­ցին նոր ժա­մա­նակ­նե­րու պատ­շա­ճեց­նե­լու ու բա­րե­կար­գե­լու (Յով­հան­նէս 23 Պա­պին բա­ռով` աճի­օր­նա­մէն­թօ) առա­ջադ­րու­թեամբ: Ար­դա­րեւ, եկե­ղե­ցին կը վե­րած­ուի թան­գա­րա­նի, եթէ չվե­րա­նո­րոգ­ուի: Եկե­ղեց­ւոյ բա­րե­կար­գու­թիւնը ու վե­րա­նո­րո­գու­մը պէտք է սկսի ծէ­սով, որով­հե­տեւ եկե­ղեց­ւոյ կեան­քի բո­լոր տա­րածք­նե­րուն, բնա­գա­ւառ­նե­րուն ու ար­տա­յայ­տու­թիւն­նե­րուն մէջ, նե­րառ­եալ եկե­ղեց­ւոյ աստ­ուա­ծա­բա­նա­կան մտա­ծո­ղու­թիւնը ու դա­ւա­նա­բա­նա­կան ու­սու­ցում­նե­րը, ծէ­սը կեդ­րո­նա­կան տեղ ու առանց­քա­յին դեր ու­նի:

Անհ­րա­ժեշտ է սա­կայն, որ մեր եկե­ղեց­ւոյ ծի­սա­կան կեան­քը բա­րե­կար­գե­լու ձգտող մեր աշ­խա­տան­քը կա­տար­ուի մեր եկե­ղեց­ւոյ ինք­նա­հաս­կա­ցո­ղու­թեան խոր­քին վրայ: Ար­դա­րեւ, ոմանք հայ եկե­ղե­ցին կը նկա­տեն լոկ հո­գե­ւոր կա­ռոյց, ու­րիշ­ներ` ազ­գա­յին հաս­տա­տու­թիւն: Աշ­խար­հա­կան­նե­րու գոր­ծօն ներ­կա­յու­թիւնը մեր եկե­ղեցի­էն ներս ոմանք տա­րօ­րի­նակ կը գտնեն, ու­րիշ­ներ` բնա­կան. ոմանք հո­գե­ւո­րա­կան­նե­րու ազ­դու դե­րա­կա­տա­րու­թիւնը կը նկա­տեն դրա­կան, ու­րիշ­ներ‘ անըն­դու­նե­լի: Այս հա­կա­դիր մօ­տե­ցում­նե­րը տե­սա­կան կամ պա­րա­գա­յա­կան չեն: Անոնք սեր­տօ­րէն առնչ­ուած են մեր եկե­ղեց­ւոյ պատ­մա­կան զար­գաց­ման հո­լո­վոյ­թին: Այս­պէս, Արե­ւել­եան Հա­յաս­տա­նի մէջ, պո­լո­ժէն­իա­յի հաս­տա­տու­մով եւ հե­տա­գայ քա­ղա­քա­կան պայ­ման­նե­րու յա­ռա­ջա­ցու­մով, մեր եկե­ղեց­ւոյ կեան­քին ու առա­քե­լու­թեան մէջ հո­գե­ւո­րա­կա­նը գրա­ւեց առանց­քա­յին տեղ: Իսկ Կի­լիկ­իոյ մէջ, Ազգ. Սահ­մա­նադ­րու­թեան հաս­տա­տու­մով եւ սփիւռք­եան բո­լո­րո­վին տար­բեր պայ­ման­նե­րու ստեղ­ծու­մով եկե­ղեց­ւոյ կեան­քին մէջ աշ­խար­հա­կան դա­սը դար­ձաւ կա­րե­ւոր ներ­կա­յու­թիւն:

Հայ եկե­ղեց­ւոյ ինք­նա­հաս­կա­ցո­ղու­թեան այս տար­բեր շեշ­տա­ւո­րում­նե­րը, որոնք նա­եւ ձե­ւա­ւո­րե­ցին տար­բեր գոր­ծե­լա­կեր­պեր ու մտա­ծե­լա­կեր­պեր, անհ­րա­ժեշտ է որ ներ­դաշ­նակ­ուին պատ­մու­թեան ըն­թաց­քին կազ­մա­ւոր­ուած մեր եկե­ղեց­ւոյ հա­րա­զատ ինք­նա­ճա­նաչ­ման հետ, որ իր մէջ կը պար­փա­կէր մեր ժո­ղո­վուր­դի ամ­բող­ջա­կա­նու­թիւնը` հո­գե­ւո­րա­կա­նը ու աշ­խար­հա­կա­նը իրենց իւ­րա­յա­տուկ դե­րե­րով: Այս իրո­ղու­թե­նէն մեկ­նե­լով Հայ եկե­ղեց­ւոյ բա­րե­կարգ­չա­կան բո­լոր ժո­ղով­նե­րուն, հո­գե­ւո­րա­կան­նե­րու կար­գին իրենց մաս­նակ­ցու­թիւնը բե­րած են նա­եւ մտա­ւո­րա­կան­ներ, նա­խա­րար­ներ ու նոյ­նիսկ զօ­րա­վար­ներ: Հե­տե­ւա­բար, մեր ժո­ղո­վուր­դի զա­ւակ­նե­րուն մաս­նակ­ցու­թիւնը ներ­կայ գոր­ծըն­թաց­քին, յատ­կա­պէս երբ մեր ժո­ղո­վուր­դին կեան­քին հետ ան­մի­ջա­կա­նօ­րէն աղերս ու­նե­ցող հար­ցե­րու քննար­կու­մը կը կա­տար­ուի, կը նկա­տենք հրա­մա­յա­կան: Մեր ժո­ղո­վուր­դը իր եկե­ղե­ցին յու­զող հար­ցե­րուն նկատ­մամբ ըսե­լիք եւ ընե­լիք ու­նի, պէտ է ու­նե­նայ:

Մեր խորհր­դակ­ցու­թիւն­նե­րուն ըն­թաց­քին անհ­րա­ժեշտ է նա­եւ նկա­տի ու­նե­նալ հե­տեւ­եալ կա­ե­ւոր երե­ւոյ­թը: Պայ­ման­նե­րու պար­տադ­րան­քով, մեր եկե­ղեց­ւոյ հաս­տա­տու­թե­նա­կան ու վար­չա­կազ­մա­կերպ­չա­կան երե­սը աւե­լի շեշտ­ուե­ցաւ` ի հե­ճուկս անոր ժո­ղովր­դա­կեդ­րոն նկա­րագ­րին ու ազ­գա­յին դե­րը լու­սար­ձա­կի տակ առն­ուե­ցաւ` ի հե­ճուկս անոր հո­գե­ւոր մի­ջու­կին: Ան­կաս­կած, ըն­կե­րու­թեան կեան­քին մէջ ինք­զինք ար­տա­յայ­տող եկե­ղե­ցին կա­րի­քը ու­նի վար­չա­կազ­մա­կերպ­չա­կան դրու­թեան, ինք­նար­տա­յայտ­ման կեր­պե­րու ու իր գո­յա­տե­ւու­մը ապա­հո­վող կա­ռոյց­նե­րու: Սա­կայն եկե­ղե­ցին իր էու­թեամբ հո­գե­ւոր ու բա­րո­յա­կան ար­ժէք­նե­րով ու ճշմար­տու­թիւն­նե­րով շա­ղախ­ուած ժո­ղո­վուր­դի հա­մայ­նա­կան կեանքն է: Եկե­ղե­ցի շի­նե­լը բնա­կա­նա­բար կա­րե­ւոր է, սա­կայն եկե­ղե­ցի դառ­նա­լը շատ աւե­լի կա­րե­ւոր է: Հո՛ս է եկե­ղեց­ւոյ գո­յու­թեան պատ­ճա­ռը, անոր առա­քե­լու­թեան կի­զա­կէ­տը: Հե­տե­ւա­բար, եկե­ղեց­ւոյ կեան­քին առնչ­ուած ոե­ւէ մէկ դրու­թիւն, կա­ռոյց կամ երե­ւոյթ, նե­րառ­եալ ծէ­սը ինք­նա­կեդ­րոն ու ինք­նան­պա­տակ չէ: Եկե­ղեց­ւոյ ինք­նա­ար­տա­յայ­տու­թեան կեր­պե­րը պէտք չէ շփո­թել եկե­ղեց­ւոյ կո­չու­մին հետ: Եկե­ղե­ցին աստ­ուա­ծա­տուր առա­քե­լու­թիւն է իր գո­յու­թեամբ ու էու­թեամբ, իր ծա­ռա­յու­թեամբ ու կո­չու­մով: Մեր եկե­ղեց­ւոյ առա­քե­լու­թեան մէջ հո­գե­ւոր ու ազ­գա­յին տա­րածք­նե­րը պէտք է սեր­տօ­րէն ներ­դաշ­նակ­ուին: Մեր աշ­խա­տան­քին յստակ նպա­տա­կը պէտք է ըլ­լայ եկե­ղեց­ւոյ առա­քե­լու­թիւնը վե­րա­կեն­սա­ւո­րել ու զայն մեր ժո­ղո­վուր­դի կեան­քին մէջ կեն­սա­գոր­ծել: Այս հե­ռան­կա­րով կ՛ու­զենք ձեր ազ­նիւ ու­շադ­րու­թեան յանձ­նել հե­տեւ­եալ կէ­տե­րը.-

1) Անհ­րա­ժեշտ է Եպիս­կո­պո­սաց Ժո­ղո­վը վե­րա­ծել հա­ւա­քա­կան գոր­ծըն­թաց­քի, ո՛չ սոսկ հեր­թա­կան նիս­տեր գու­մա­րող մնա­յուն կա­ռոյ­ցի, հարկ եղած պա­րա­գա­յին մաս­նակ­ցու­թեամբ նա­եւ մեր եկե­ղեց­ւոյ նուի­րա­պե­տա­կան այլ աս­տի­ճան­նե­րու պատ­կա­նող հո­գե­ւո­րա­կան­նե­րուն, նո՛յ­նիսկ աշ­խար­հա­կան մաս­նա­գէտ­նե­րուն` հա­մա­ձայն քննարկ­ուե­լիք նիւ­թե­րու բնոյ­թին ու տա­րո­ղու­թեան: Յիշ­եալ գոր­ծըն­թաց­քին հիմ­նա­կան աշ­խա­տան­քը պէտք է կա­տար­ուի մաս­նա­գի­տա­կան յանձ­նա­խում­բե­րու կող­մէ, ուր ու­սում­նա­սի­րու­թիւն­նե­րու ու քննար­կում­նե­րու կող­քին յա­տուկ տեղ պէտք է յատ­կաց­ուի մեզ շրջա­պա­տող ներ­կայ պայ­ման­նե­րէն եկող մտա­հո­գու­թիւն­նե­րուն ու մար­տահ­րա­ւէր­նե­րուն:

2) Անհ­րա­ժեշտ է հա­ւա­տա­րիմ մնալ հայ եկե­ղեց­ւոյ անց­եա­լի աւան­դու­թիւն­նե­րուն` մի­ա­ժա­մա­նակ զա­նոնք դարձ­նե­լով հա­մա­հունչ ներ­կայ ժա­մա­նակ­նե­րուն: Աւան­դու­թիւնը եկե­ղեց­ւոյ կեան­քին մէջ կեն­սա­կան է. ան ժո­ղո­վուր­դի մը ներ­քին ապ­րում­նե­րուն ու ձգտում­նե­րուն ար­տա­յայ­տու­թիւնն է, ուր մշա­կոյ­թը ու մի­ջա­վայ­րը բնա­կա­նա­բար իրենց կա­րե­ւոր դե­րը ու­նին: Ձեր հայ­րե­րու աւան­դու­թիւնը պինդ բռնե­ցէք (2 Թես. 2. 15), կ՛ըսէ Առաք­եա­լը: Հե­տե­ւա­բար, հարկ է ըլ­լալ աւան­դա­պահ սա­կայն ո՛չ աւան­դա­մոլ: Անհ­րա­ժեշտ է մեր աւան­դու­թիւն­նե­րը վե­րա­նո­րո­գել ու ձե­ւա­ւո­րել այն­պի­սի կեր­պով, որ դառ­նան ներ­դաշ­նակ մեր ներ­կայ իրա­կա­նու­թեան:

3) Անհ­րա­ժեշտ է հա­ւա­տա­րիմ մնալ հա­մաք­րիս­տո­նէ­ա­կան ար­ժէք­նե­րուն, սկզբունք­նե­րուն ու աւան­դու­թիւն­նե­րուն` մի­ա­ժա­մա­նակ ըլ­լա­լով նա­խան­ձախն­դիր հայ եկե­ղեց­ւոյ իւ­րա­յա­տուկ ինք­նու­թեան: Ա՛յս սկզբուն­քէն մեկ­նե­լով իրենց ուղ­ղու­թիւնը առած են մեր եկե­ղեց­ւոյ բո­լոր բա­րե­կարգ­չա­կան շար­ժում­նե­րը, մեր հայ­րե­րու որ­դեգ­րած դա­ւա­նա­բա­նա­կան կեց­ուածք­նե­րը եւ ծա­ւա­լած աստ­ուա­ծա­բա­նա­կան երկ­խօ­սու­թիւն­նե­րը օտար եկե­ղե­ցի­նե­րուն հետ: Ներ­կայ ժա­մա­նակ­նե­րուն, երբ մեր եկե­ղե­ցին ամէ­նօր­եայ յա­րա­բե­րու­թեան մէջ է այլ եկե­ղե­ցի­նե­րու հետ, անհ­րա­ժեշտ է որ մեր եկե­ղեց­ւոյ ծի­սա­կան, աստ­ուա­ծա­բա­նա­կան ու դա­ւա­նա­բա­նա­կան մար­զե­րուն առնչ­ուած իւ­րա­յատ­կու­թիւն­նե­րը պա­հենք ան­խախտ, մի­ա­ժա­մա­նակ ամուր պա­հե­լով մեր հա­մա-ք­րիս­տո­նէ­ա­կան ար­մատ­նե­րը:

4) Անհ­րա­ժեշտ է հա­ւա­տա­րիմ մնալ հայ եկե­ղեց­ւոյ ամ­բող­ջա­կա­նու­թեան ու միու­թեան անվ­թար պահ­պան­ման` մի­ա­ժա­մա­նակ ոչ-հիմ­նա­կան հար­ցե­րուն գծով զգայ­նու­թիւն ու ճկու­նու­թիւն ցու­ցա­բե­րե­լով տե­ղա­կան իւ­րա­յա­տուկ պայ­ման­նե­րուն նկատ­մամբ: Այ­սօր երբ մէ­կը շրջա­գա­յի մեր եկե­ղե­ցի­նե­րէն ներս, ինք­զինք դէմ յան­դի­ման պի­տի գտնէ ակն­յայտ հա­կա­սու­թիւն­նե­րու ու տար­բե­րու­թիւն­նե­րու` յատ­կա­պէս արա­րո­ղա­կան ձե­ւե­րուն, ծի­սա­կան աւան­դու­թիւն­նե­րուն ու երաժշ­տա­կան եղա­նակ­նե­րուն կապ­ուած: Ար­դա­րեւ, տաս­նամ­եակ­նե­րու ըն­թաց­քին իւ­րա­քան­չիւր Նուի­րա­պե­տա­կան Աթոռ, իւ­րա­քան­չիւր առաջ­նորդ, նոյ­նիսկ իւ­րա­քան­չիւր ծխա­տէր քա­հա­նայ իր “բա­րե­կար­գու­թիւն“ը կա­տա­րած է, եւ ընդ­հան­րա­պէս պա­րա­գա­յա­կան կեր­պով, այս­պէս ստեղ­ծե­լով խառ­նաշ­փոթ կա­ցու­թիւն մեր եկե­ղեցի­էն ներս: Հայ եկե­ղեց­ւոյ աշ­խար­հաց­րիւ ներ­կա­յու­թիւնը եւս իր ժխտա­կան հե­տե­ւանք­նե­րը ու­նե­ցած է այս ուղ­ղու­թեամբ: Արդ, անհ­րա­ժեշտ է կա­տա­րել յստա­կե­ցում, սրբագ­րում, դա­սա­ւո­րում ու զտում` մեր եկե­ղեց­ւոյ ամ­բող­ջա­կա­նու­թիւնը վե­րա­շեշ­տող:

Յա­ջո­ղու­թեան ճամ­բան կը սկսի ինք­նաքն­նա­դա­տու­թեամբ: Մեր վէր­քե­րը ճիշդ տես­նե­լու եւ ցա­ւե­րը ճիշդ զգա­լու քա­ջու­թիւնը պէտք է ու­նե­նանք: Սա­կայն, սի­րե­լի՛ Սրբա­զան հայ­րեր, մի­ա­ժա­մա­նակ պէտք է ըլ­լալ իրա­պաշտ: Հայ եկե­ղեց­ւոյ ծի­սա­կան կեան­քէն ներս խոր ար­մատ­ներ նե­տած թե­րու­թիւն­նե­րու սրբագ­րու­մը, ինչ­պէս նա­եւ հի­նին վե­րա­նո­րո­գու­մը կը կա­րօ­տի եր­կար, տքնա­ջան ու հե­տե­ւո­ղա­կան աշ­խա­տան­քի: Եպիս­կո­պո­սաց ժո­ղո­վին կող­մէ կա­տար­ուե­լիք աշ­խա­տան­քէն շատ աւե­լի դժուար պի­տի ըլ­լայ առն­ուած որո­շում­նե­րուն գոր­ծադ­րու­թիւնը թե­մա­կան եւ ծխա­յին մա­կար­դակ­նե­րու վրայ: Հե­տե­ւա­բար, դիւ­րին աշ­խա­տան­քի չէ որ կը ձեռ­նար­կենք:

Պէտք չէ սա­կայն յու­սալք­ուինք: Սուրբ Հոգ­ւոյ ներ­գոր­ծու­թեամբ զօ­րա­ցած, մեր եկե­ղեց­ւոյ առա­քե­լու­թեան նկատ­մամբ մեր ու­նե­ցած յանձ­նա­ռու­թեամբ ամ­րապնդ­ուած ու եղ­բայ­րա­կան ջերմ սի­րով գօ­տեպնդ­ուած մի­ա՛ս­նա­բար պի­տի լծուինք այս նուի­րա­կան աշ­խա­տան­քին` վե­րա­նո­րոգ հա­ւատ­քով եւ բարձ­րա­գոյն աս­տի­ճա­նի պա­տաս­խա­նա­տուու­թեամբ: Ա՛յս կը սպա­սէ մեզ­մէ մեր եկե­ղե­ցին:

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ

ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles