ԳլխաւորԼրահոս

Զորի Բալայեանի Հրաժեշտը

5 Ապրիլին, Երեւանի մէջ, խոր ծերութեան մէջ, 91 տարեկանին մահացաւ գրող, հասարակական եւ քաղաքական գործիչ, լրագրող եւ ճանապարհորդ՝ Զորի Բալայեանը։

Ծնած 10 Փետրուար 1935-ին՝ Ստեփանակերտի մէջ, ան 1953-1957 թուականներուն ծառայած էր Պալթիքեան նաւատորմին մէջ։ 1963-ին աւարտած՝ Ռիազանի Փաւլովի անուան բժշկական հիմնարկի բուժական ճիւղը։ 1963-1973 թուականներուն Քամչաթքայի մէջ աշխատած էր որպէս բժիշկ։

Հայ դատին եւ Արցախի հարցին արդար լուծման նուիրուած էր 1960-1970-ական թուականներէն սկսեալ։

1967-ին, երկու ընկերներու հետ, «Վուլքան» եւ «Հէյզեր» նաւակներով Քամչաթքայէն հասած էր Օտեսա՝ կտրելով շուրջ 22 հազար քիլոմեթր (13.600 մղոն) ճանապարհ։ 1970-ին Քամչաթքայէն անցած էր Խաղաղ ովկիանոսը եւ հասած Ատլանտեան ովկիանոս։ 1973-ի ձմրան շնասահնակով անցած էր Քամչաթքայի եւ Չուքոթքայի թունտրաները՝ հասնելով մինչեւ Հիւսիսային ովկիանոս։ Վերջին նաւարկութիւններն էին «Կիլիկիա» եւ «Արմենիա» նաւերով, որոնց ընթացքին ովկիանոսներն ու ծովերը անցած էր, միշտ ալ բարձր պահելով Արցախի պետական դրօշը։

1988-ին սկիզբ առած Ղարաբաղեան ազգային-ազատագրական շարժման առաջնորդներէն եւ գաղափարախօսներէն մէկն էր։ 1988-1991 թուականներուն ունեցած էր հանդիպումներ Խորհրդային բարձրագոյն ղեկավարութեան հետ, ներառեալ Միխայիլ Կորպաչովի եւ այլ բարձրաստիճան գործիչներու, ուր ներկայացուցած էր Արցախի հիմնահարցը, ԼՂԻՄ-ի մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւնները եւ փանթուրքիզմի վտանգները։ Իր ելոյթներով դատապարտած է Ատրպէյճանի եւ կեդրոնի հակահայ գործողութիւնները։

Advertisement Subscribe Today

1989-1992 թուականներուն եղած էր ԽՍՀՄ Գերագոյն խորհուրդի պատգամաւոր։  Սեպտեմբեր 20-29, 1990-ին Մոսկուայի մէջ հացադուլ յայտարարած է՝ բողոքելով Արցախի մէջ տեղի ունեցող անօրինականութիւններուն եւ Կորպաչովի անգործութեան դէմ, պահանջելով վերականգնել ԼՂԻՄ-ի իրաւական եւ վարչական մարմինները եւ սահմանադրական իրաւունքները։

Իր «Օճախ» գիրքին մէջ անդրադարձած էր Հայաստանի, Նախիջեւանի եւ Արցախի խնդիրներուն, որուն համար ենթարկուած է քննադատութեան թէ՛ թուրք-ազերի պատմաբաններու, թէ՛ ԼՂԻՄ-ի ազերիամէտ ղեկավարութեան կողմէ։

Իր գրական ծածկանունն էր «Հայկ Ղարաբաղցի»։

1992-1995 թուականներուն եղած էր Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Գերագոյն խորհուրդի պատգամաւոր։ 1992-1994 թուականներուն գործուն մասնակցութիւն ունեցած էր ռազմաքաղաքական հարցերու մշակման մէջ, յաճախ գտնուած էր ռազմաճակատի ամենաթեժ կէտերուն վրայ եւ իր ներկայութեամբ քաջալերած հայ զինուորը, եւ այդ պատճառաւ ստացած էր «Կոմիսար» մականունը։ Ան նաեւ նախաձեռնած եւ կազմակերպած է արտասահմանէն Արցախին ուղղուած մարդասիրական օգնութիւններ։

Այս բոլորին կողքին, անոր գլխաւոր առաքելութիւնն էր Արցախի ազգային-ազատագրական պայքարի միջազգայնացումը։

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button