Լրահոս
Զմմառու Հայրերու Մասնակցութիւնը` Մեսրոպ Մաշտոցի Անուան Մատենադարանի Գիտաժողովին

ԵՐԵՒԱՆ.- Մեսրոպ Մաշտոցի անուան Մատենադարանի մէջ` 22-24 Յուլիսին, կայացաւ 3-րդ Հայագիտական միջազգային գիտաժողովը, որ նուիրուած էր Մխիթար Սեբաստացիի ծննդեան 350-ամեակին, ուր համախմբուած էին`
Աշխարհի 16 երկիրներու` առաջատար համալսարաններու եւ գիտական հաստատութիւններու մասնագէտներն ու հայ հոգեւոր-ձեռագրական կեդրոններու ներկայացուցիչներ: Ներկայ էին, նաեւ Զմմառու Պատրիարքական Կղերի Միաբանութեան Պատրիարքական Փոխանորդ եւ Զմմառու Վանքի Մեծաւոր Գերպծռ. Մաշտոց Թ.Ծ.Վ. Զահթէրեանն ու փոխ մեծաւոր, թանգարանապետ եւ մատենադարանա պետ` Գեր. Հ. Նարեկ Վրդ.Լուիսեանը։ Վերջինս երրորդ օրուայ նիստին ներկայացուց խնամքով պատրաստուած տեսանիւթ մը` կապուած Զմմառու ձեռագրական Հաւաքածոյին եւ Զմմառ-Մաշտոցեան մատենադարանի միջեւ գոյացած համագործակցութեան։
Գիտաժողովի օրակարգի հիմնական թեման` միջազգային դրամաշնորհային ծրագիրներն ու թուային գիտութիւնները եւ հայագիտութեան զարգացման նոր մօտեցումները:
Առանձին գիտական նիստ մը նուիրուած էր` Մխիթար Սեբաստացիին։
Գիտաժողովին պաշտօնական բացումը տեղի ունեցաւ 22-Յուլիսին, Մատենադարանի «Հրաչեայ Թամրազեան» դահլիճին մէջ, ուր ընթացք առաւ
«Մէկ տարուայ յաւերժութիւնը -Գ. Մատենադարանի ձեռագրական համալրումները» խորագրով ցուցադրութիւնը Մատենադարանի թանգարանին մէջ:
Գիտաժողովին պաշտօնական բացումը սկսաւ` Վաչէ Շարաֆեանի «Հայաստան» երգով` «Հովեր» պետական քամերային երգչախմբի կատարողութեամբ: Երգը յետ այսու պիտի հնչէ որպէս Մատենադարանի պաշտօնական արարողակարգային քայլերգ։Գիտաժողովի երկրորդ օրը` Մեսրոպ Մաշտոցի անուան Մատենադարանի տնօրէն` Տիար Արա Խզմալեանն ու Զմմառու մեծաւորն ու փոխ մեծաւորը առանձին հանդիպում ունեցան։ Արդիւնաշատ հանդիպման աւարտին` Զմմառու հայրերը տնօրէնին նուիրեցին Ս.Իգնատիոս Մալոյեանի սրբապատկերը, որ խոր յուզմունք պատճառեց ստացողին մօտ։

