Հայր Նարեկ Վրդ. Լուիսեան
ԺԸ. Դարու առաջին կէսին Երջանկայիշատակ՝ Աբրահամ – Պետրոս Ա. Արծիւեան Կաթողիկոս-Պատրիարքը կանգնեցաւ հորիզոնին վերեւ, իբրեւ լուսաճաճանչ կոթող, եւ ժամանակի հոլովոյթին, բազմաթիւ հայ սերունդներ եկան ջերմ եռանդով հաղորդուելու իր լոյսով ու հուրով: Ան դարձաւ գաղափարականի յարատեւ ներշնչարան, հայ մտքի եւ սրտի լուսատու փարոս, անմահ ջահ մը՝ ճշմարտութեան եւ սիրոյ, ուր անոր ամուր հաւատքին շինարար ու ստեղծագործ ոգիին գեղեցիկ խորհրդանիշը դարձաւ Զմմառու հնադարեան «Վերափոխումն Ս. Աստուածածնի» վանքը:
Երկու հարիւր եւ եօթանասուն վեց տարիներու ընթացքին Զմմառու խաղաղ ու անդորր մենաստանին մէջ, ծովահայաց բարձունքին վրայ, որուն ստորոտը կու գան փշրելու միջեկրականի ալիքները, Ցաւագին Ս. Աստուածածնի մայրական հովանիին ներքեւ, սնած եւ ուրճացած են ճշմարիտ առաքեալներու հոյլեր, որոնք հնազանդութեան եւ ողջախոհութեան ուխտերով, եւ աղքատութեան երդումով գօտեպնդուած, մեծապէս արդիւնաւոր եղած են յաջս Աստուծոյ, հայ եկեղեցւոյ եւ հայ ազգին:
Տեսէք՛ ժայռին վրայ վիմացած ամրակուռ Զմմառու հնադարեան Վերափոխումն Ս. Աստուածածնի եկեղեցին (կառուցուած՝ 1771-ին), Մասիսանման զոյգ գմբէթներով, որոնք կը խօսին հայ դարերէն, հայ ոգիի ու մտքի ստեղծագործ ճգնութենէն, վերջին շրջաններու հայ ժողովուրդի ազատութեան կամքին կեանք տուած Զմմառու վանքին մէջ ապաստան գտած Ֆետայիներու եւ հերոսներու սխրագործութենէն, հայութեան գոյատեւման եւ ազատութեան վկայ՝ վանքին քարերուն վրայ տասն եւ հինգ Զմմառու նահատակ միաբաններու բացուած վէրքեր կան այստեղ, ինչպէս Յիսուսի խաչափայտին վրայ մխուած բեւեռներ:
Սրբացեալ քաղաքի, տաճարացեալ Երուսաղէմի նուիրականութեամբ օծուն վանքիս «Նահատակաց» դահլիճին մէջ, Ս. Իգնատիոս Արք. Մալոյեանի եւ միաբան նահատակներու պատկերներուն դիմաց ամէն հայորդի կը ջանայ տաճարանալ, նոյնանալ այդ տաճարացեալ միաբան հայրերուն նահատակութեան խորհուրդին հետ:
Այստեղ, պատմականօրէն այնքան հարուստ ու պերճախօս, Լիբանանի այս լեռնային բարձունքներուն վրայ, հնադարեան այս վանքին մէջ վառեցաւ քրիստոնէական հաւատքի լոյսը հայ ժողովուրդի հոգիին մէջ, ինչպէս առաւօտուն արեգակը կը ծագի մարդուն աչքերուն մէջ……:
դարեր՜ շարունակ, մեր միաբան հայրերը Ս. Գրիգոր Լուասաւորչի եւ Ս. Գրիգոր Նարեկացիի նման աղօթեցին այս վանքի գմբէթներուն տակ, իրենց հաւատքի ապրումներով նուիրագործեցին զայն միշտ լեցուելով Զմմառու Տիրամօր պատկերէն բխող լոյսի ճառագայթներով. Երեւակայեցէք դարերու վրայ տարածուած երկարաձիք ու խտացեալ շարքերը մեր միաբան նահատակներուն, որոնք Հայաստանի հեռաւոր ու մօտաւոր գիւղերէն ու քաղաքներէն, գաւառներէն եւ նահանգներէն եկան եւ իրենց սիրտերը ընծայ դրին այս հնադարեան սուրբ վանքին մէջ:
Զմմառու՝ Վերափոխումն Ս. Աստուածածնի վանքը դարերու հայ հաւատքին խտացեալ լեզուն է:Կրնան լսել ու ունկընդրել աղօթաձայն վանքի քարերուն լեզուին. պէտք է միայն խոնարհիլ, երկրպագել այս սուրբ տաճարին մէջ, լսել, փակուիլ աշխարհին, կարենալ լսելու համար վեհացնող ու գօտեպնդող ձայնը հոգիացեալ այս քարերուն, աղօթաճաճանչ այս կամարներուն, որոնք կը պատմեն մեզի անպատմելի փառքը մեր միաբան հայրերուն եւ հայրապետներուն:
Վանքին գմբեթարդ կամարներուն տակ տակաւին մինչեւ այսօր կը շառունակուի հոգեպարար մրմունջները, հոգեշունչ շարականներու ալի՜ք, ալի՜ք տարածուող հոգեւոր երգերը եւ անուշահոտ խունկերու քուլա՜յ, քուլա՜յ վեր բարձրացող բուրումնաւէտ ծուխերը կը հաղորդեն բոլոր այն հայ հոգիներուն, որոնք գերբնական կեանքի հոգեզուարճ ապրումներուն կարօտը կը զգան եւ յաւիտենականին մտերմութիւնը կը փնտռեն:
Լիբանանի չքնաղ լեռներու սրտին մէջ մեր հնադարեան Զմմառու հայ վանքը կը մնայ ու պիտի մնա՛յ ուխտավայր, սրբավայր՝ լուասաւոր ջահ, ուր իր յարատեւ ճառագայթումովը լուսաւորչեան սուրբ հաւատքին՝ մեծագոյն հրաւէրն է միասնականութեամբը հաւատքին ամէնէն հեղինակաւոր երաշխիքը՝ հայ ազգին պայծառութեան, բարեխօսութեամբ Ցաւագին Տիրամայր Զմմառու եւ Ս. Իգնատիոս Արք. Մալոյեանին,Ամէն:

