ԶԱՐՄԱՆԱ՞Լ, ԸՆԴՎԶԻ՞Լ… ՄԻԹԷ՞ ԱՅՍՔԱ՜Ն ՆԱԽՆԱԿԱՆ ԵՆՔ…

0 1
Read Time:4 Minute, 39 Second

Յ. Պալեան        

 

Բռնութիւնը, ինչ ձեւով ալ յայտնուի, ձախողութիւն մըն է:

Ժան-Փoլ Սարթր, Ֆրանսացի իմաստասէր, Ի դար

 

                        Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ վտանգաւոր հաճոյք են քաղաքական քննադատութիւնը եւ ջատագովուած ժողովրդավարութեան հանդէպ միամիտի հաւատքը, որ վտանգաւոր փորձութիւններու կ’առաջնորդէ: Ներսի եւ դուրսի հաւկուրութենէ տառապող կեղծ բարոյախօս հայրենասէրները իրականութիւնները կը լսե՞ն եւ կը դատե՞ն, գերմանացի իմաստասէրին թելադրած այն մօտեցումով, որ՝ իրականութիւնը պէտք է տեսնել եւ գնահատել չխաթարուած եւ պարզ հոգիով, ինչպէս ըսուած է, «avec une âme nue et ingénue» (Karl Jaspers): Այսինքն դիտել եւ դատել առանց կանխակալ կարծիքի բանտարկեալը ըլլալու:

            Հայաստանի «Առաւօտ» թերթի Հոկտեմբեր 18ի ելեկտրոնային էջին վրայ կարդացի հետեւեալը…

«Էդգար Ղազարեանին հետեւել են, վարսավիրանոցից վերադարձի ժամանակ յարձակուել ու ծեծել… Քաղաքական գործիչ Էդգար Ղազարեանը իր տան շքամուտքի մօտ երկու անյայտ անձանց կողմից ծեծի ենթարկուելու արդիւնքում հիմնական վնասուածքները ստացել է գլխի շրջանում: Նա այս պահին դեռ շարունակում է հետազօտուել Էրեբունի հիւանդանոցում: Այնտեղ են նաեւ իրաւապահները, պարոն Ղազարեանը հարցաքննւում է: … շէնքի մօտ 2 անյայտ անձ՝ միջին տարիքի, որոնց Էդգար Ղազարեանը չի ճանաչել, յարձակուել են նրա վրայ ու ծեծել…:  ծեծողները ոչինչ չեն խօսել, հարուածել են նախ բռունցքներով հիմնականում գլխին, յետոյ գցել գետնին, շարունակել ոտքերով հարուածները…:»

            Մեր վերանկախացած Հանրապետութեան մէջ այլակարծութիւն եւ քննադատութիւն չեն հանդուրժուիր: Անցեալին եւ այսօր հայկական Սփիւռքէն տարբեր կարծիք յայտնողներ կամ քննադատողներ անբաղձալի կը համարուէին, կը համարուին այսօր ալ, անոնց Հանրապետութիւն մուտքը կ’արգիլուի: Երկրին մէջ կան բանակ դարձած ոստիկանական ջոկատները եւ հետապնդումները: Կայ նաեւ լռեցնելու ամենէն նախնական եւ ուղղակի եղանակը. տարբեր մտածողը եւ մրցակիցը լռեցնելու հին եւ անտառի օրէնքին հպատակող դատաստան ծեծը, ինչպէս Էդգար Ղազարեանի անձին դէմ անյայտ անձերու կողմէ կատարուած նախայարձակումը: Չհասկցողներուն համար՝ ագրեսիան:

            «Առաւօտ» թերթի յիշած «Քաղաքական գործիչ Էդգար Ղազարեան»ը չեմ ճանչցած: Տարբեր մտածելու իրաւունք ունեցող մարդ մըն է, հայ մը, որ չի լռեր, կը քննադատէ: Ըսուած է «քաղաքական գործիչ»: Տարբեր մտածողին հետ հաշուեյարդար ընողները «չեն խօսել… հարուածել են »…

            Կարճ եւ կտրուկ:

            Ինչպէ՞ս որակել Էդգար Ղազարեանի խոշտանգումը, օր ցերեկով, Երեւանի մէջ:

            Կասկած պէտք չէ ունենալ, որ դուռ-դրացիի միջեւ պատահած վէճի հետեւանք-արդիւնք չէ դէպքը: Էդգար Ղազարեանի հետ հաշուեյարդար չեն ըրած դրամական-առեւտրական տարակարծութիւն մը բիրտ ձեւով լուծելու համար: Երանի հետաքննութիւնը նման պատճառ մը գտնէ, որպէսզի ոչ ոք կարենայ ըսել, թէ քաղաքական պատճառով եւ ֆաշիստական եղանակով լռեցնել ուզած են Էդգար Ղազարեանը: Ֆաշիստի գործելու ոճ է մարդու իրաւունքի եւ, խօսքի ազատութեան դէմ անպատիժ յարձակիլ, խախտել ժողովրդավարութեան եւ ազատութիւններու հիմնական դրոյթները:

            Էդգար Ղազարեանը ծեծի չեն ենթարկած յանկարծ բռնկած տարակարծութեան մը  շիկացած մթնոլորտին մէջ: Հետեւած են: Անհատի գործ չէ եղած խոշտանգումը: Կազմակերպուած քաղաքական ահաբեկչութիւն է:

            Իշխանութիւնները քննադատող Էդգար Ղազարեանը ենթարկուած է կազմակերպուած ոճրային նախայարձակման: Միթէ՞ այս թաւշեայ յեղափոխութամբ ժողովրդավարութիւն նուաճած ըլլալու հպարտութիւն ունեցող երկրի մը եւ անոր իշխանութեան բարենիշ տալու եղանա՞կ է, բռունցքի եւ  ոտքի հարուածներով երկխօսութի՞ւն, քաղաքացիին խօսքի ազատութիւնը յարգելու եղանա՞կ: Վաղը պէտք չէ զամանալ, եթէ յիշուած Ժան-Փոլ Սարթրի խօսքով, գտնուինք անհակակշռելի եւ անննախատեսելի հետեւանքներով արարքներու առջեւ, քանի որ «բռնութիւնը միշտ արտայայտութիւնն է հակաբռնութեան մը, այսինքն՝ հակազդեցութիւն միւսին բռնութեան»: Մտահոգուի՞լ, թէ՞ չմտահոգուիլ, որ, բռնարարքներու կրկնութիւնը եւ նոյնատեսակ հակազդեցութիւնները արդէն թշնամիի կրկնուող նախայարձակումներու ենթակայ երկիրը եւ ժողովուրդը կը նետեն սադայէլի շրջանակին մէջ: Ո՞վ ի՞նչ պիտի շահի: Ներքնապէս տկարացող եւ տկարացած երկրի մը դէմ թշնամին պիտի շահի:Ապահովաբար ազգը եւ երկիրը պիտի չշահին:

            Եթէ արդէն թշնամին չէ շահած:

            Ուզեցի «ճանչնալ» Էդգար Ղազարեանը եւ դիմեցի ամենագէտ համացանցի օգնութեան: Գրուած էր.

«Էդգար Ֆերդինանդի Ղազարեան (Հոկտեմբերի 201975ՎայքՀայկական ԽՍՀԽՍՀՄ), ՀՀ պետական, հասարակական գործիչ, դիւանագէտ, գիտնական, ՀՀ սահմանադրական դատարանի աշխատակազմի ղեկավար»։

Բացատրութիւններէն կրնանք հետեւցնել, որ հասուն տարիքի մարդը պատահական անձ մը չէ, մի ոմն քննադատող կամ բախտախդիր, ԽԾԲի շնորհքով դիրքի տիրացած: Եթէ ուզած են զայն լռեցնել, ուզած են լռեցնել իրատեսութիւնը, հիմնաւոր քննադատութիւնը: Արդ հարց է, թէ ո՞վ եւ որոնք ինչո՞ւ ուզած են լռեցնել, ի՞նչ շահ ապահովելու կամ ի՞նչ բանէ վախնալով:

            Հայաստանի պետական-քաղաքական-արդարատական համակարգը հարցականի տակ է՞, պէտք է ըլլայ Էդգար Ղազարեանի դէմ գործուած բռնարարքի հետեւանքով: Միջազգային հանրութեան որպէս ժողովրդավարական երկիր ներկայացող պետութիւնը սկզբունքային հարկադրանքի տակ կը գտնուի առանց սեթեւեթի բացայայտելու բռնարարքը կատարողները եւ անոնց ետին գտնուողները, այլապէս միջազգային հանրային կարծիքը, առաւել՝ ներսի եւ դուրսի հայ հանրային կարծիքը կը յանգին այն եզրակացութեան, որ ստեղծուած է բռնութեան եւ անպատժելիութեան դրութիւն: Եւ չարութիւն չէ հարց տալ, թէ ո՞ւր կ’երթայ ՀանրապետոՒթիւնը:

            Այս կացութեան մէջ ինչպէ՞ս ներազգային միութիւն պիտի ստեղծուի:             Յայտարարութիւնները, ջոջական ընդունելութիւնները եւ համացանցը ողողող ինքնագոհական լուսանկարները չեն ամրացներ ներքին ճակատը, երաշխիք չեն արդարութեան եւ օրէնքի յարգանքի:

            Մանաւանդ՝ պետութեան վարկին եւ գոյութեան:

            Չեմ գիտեր թէ ինչպէ՞ս պիտի հակազդեն Հանրապետութիւնը, անոր Ազգային Ժողովը եւ Դատարանը, բայց ես ինծի թոյլ կու տամ ըսելու, որ առանց անհորիզոն եւ փուչիկ հայրենասիրական զգացականութեան ետին թաքնուելու, հայկական սփիւռքները ազգային եւ հեռանկարային միասնական կեցուածք ցուցաբերելով, քաջութեամբ պէտք է պահանջեն բռնարարքի հեղինակները, դրդապատճառները, եւ անոնց ետին կանգնողները բացայայտել, եթէ կան:

Բռնարարքը Էդգար Ղազարեանի դէմ անձի դէմ գործուած ոճիր է, միաժամանակ՝ քաղաքական ոճիր: Սփիւռք(ներ)ը եթէ լուռ հանդիսատես մնայ, կը դառնայ մեղսակից  երկրին, անոր սահմանադրութեան դէմ գործուող նախայարձակումներուն, բռնարարքներուն եւ անոնց ազգավնաս հետեւանքներուն:

            Ինչ որ կատարուած է ի միջի այլոց միջադէպ չէ : Քաղաքական ոճիր է, նոյնիսկ եթէ մահ չկայ եւ կրնար ըլլալ: Ուստի ըստ այնմ պէտք է հետապնդուի:

            Եթէ արդարադատութիւնը պատշաճը չտնօրինէ, ոչ ոք կրնայ երաշխաւորել, որ այդ բնոյթի արարքներ պիտի չկրկնուին: Նաեւ՝ երկրէն դուրս:

            Ի՞նչ ընել, որպէսզի լսենք եւ լսուի Կանտիի իմաստութիւնը, որ «Բռնութեամբ ձեռք բերուած յաղթանակը հաւասար է պարտութեան, քանի որ ան ժամանակաւոր է:»:

            Տարբեր մտածողը ծեծի ենթարկել կամ զայն լռեցնելու փորձ ընել ո՞ր յաղթանակին կրնայ առաջնորդել եւ ի՞նչ ընելու համար:

            Եթէ չամրանայ ներքին ճակատը, միշտ պիտի մնանք պարտուած եւ ընկեցիկի պէս օգնութիւն պիտի սպասենք:

            Իսկ ներքին ճակատը չ’ամրանար, եթէ շարունակենք խորհիլ եւ գործել յայտարարելով  այնպէս, որ «ես եմ միակ ճիշդը եւ դուք բոլորդ սխալ էք…

            Եթէ Էդգար Ղազարեանի դէմ գործուած քաղաքական բռնարարքը չբացայայտուի եւ չարժանանայ համապատասխան վերաբերումի, մարգարէ ըլլալու կարիք չկայ երեւակայելու անոր ներազգային եւ միջազգային հետեւանքները:

 

 

           

 

 

 

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
50 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
50 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles