Եւրոխորհրդարան – Հայաստան Բարեկամութեան Խումբի Վերակազմութիւն
ՊՐԻՒՔՍԷԼ.- Փետրուար 4, 2015-ին, Եւրոպական միութեան խորհրդարանէն ներս տեղի ունեցաւ Եւրոխորհրդարան – Հայաստան բարեկամութեան խումբի վերակազմութեան յայտարարութեան պաշտօնական արարողութիւնը: Այսպիսով, Եւրոխորհրդարանի 8-րդ նստաշրջանը՝ Եւրոխորհրդարանի Մայիս 2014-ի ընտրութիւններէն սկսեալ՝ ունեցաւ վերակազմուած բարեկամութեան խումբը, Եւրոխորհրդարանի մէջ ներկայացուած քաղաքական բոլոր խումբերէն 45 անդամներու մասնակցութեամբ:
Հայաստանի հետ Բարեկամութեան խումբը առաջին անգամ կազմուած էր Յունուար 2013-ին, որուն յայտարարութեան ընթացքին ներկայ էր այն օրերուն Հ.Հ. Ազգային ժողովի նախագահ Յովիկ Աբրահամեան եւ Հայաստանէն մեծ թիւով պատգամաւորներ:
Վերակազմութեան արարողութեան ընթացքին՝ Բարեկամութեան խումբի նախագահ վերահաստատուեցաւ դոկտ. Էլէնի Թէոխարուս (Կիպրոս, Եւրոպայի ժողովրդական կուսակցութիւն – քրիստոնեայ դեմոկրատ խմբակցութիւն), իսկ փոխ նախագահներ հաստատուեցան՝ դոկտ. Չարլզ Թանոք (Անգլիա, Եւրոպայի պահպանողականներու եւ բարեփոխումներու խմբակցութիւն), Ֆրանք Էնկել (Լիւքսեմպուրկ, Եւրոպայի ժողովրդական կուսակցութիւն – քրիստոնեայ դեմոկրատ խմբակցութիւն), Միշել Րիվազի (Ֆրանսա, Կանաչներ – Եւրոպայի ազատ դաշինք խմբակցութիւն) եւ Միլթիատիս Քիրքոս (Յունաստան, Ընկերվար դեմոկրատ յառաջդիմական դաշինք խմբակցութիւն):
Դոկտ. Թէոխարուս՝ իր ողջոյնի խօսքին ընթացքին ներկայացուց խումբի առաքելութիւնը եւ կարեւորութիւնը, յատկապէս Հայկական Ցեղասպանութեան 100ամեակին ընթացքին: Ան կարեւորեց Արցախի հիմնահարցի, հայկական դարաւոր մշակոյթի եւ պատմութեան ներկայացումը եւրոպական քաղաքական շրջանակներուն եւ հասարակութեան, ինչպէս նաեւ Խումբին կողմէ ունենալիք ներդրումին՝ Հայաստանին դէպի Եւրոպա մերձեցման: Կարեւորութեամբ շեշտեց թէ՝ Բարեկամութեան խումբը աշխատանք պիտի տանի ընդլայնելու իր անդամներուն թիւը, կոչ ուղղելով եւրոերսփոխաններուն՝ միանալու Բարեկամութեան խումբին:
Ապա, իր հերթին, խօսք առաւ Եւրոպական միութեան մօտ Հ.Հ. մշտական դեսպան՝ պարոն Թաթուլ Մարգարեան. ան իր երախտիքն յայտնեց դոկտ. Թէոխարուսին եւ Խումբին մասնակից եւրոերեսփոխաններուն: Դեսպան Մարգարեան նաեւ անդրադարձաւ Հ.Հ. – Եւրոմիութիւն դրական նոր տեղաշարժներուն եւ ակնկալուած դրական արդիւնքներուն մասին: Յայտարարեց նաեւ, որ բանակցութիւնները լաւ ընթացքի մէջ են, նշելով Եւրոպական Միութեան պատասխանատու յանձնակատարին յայտարարութեան՝ թէ Հայաստանը կարող է ունենալ յառաջիկային նոր համաձայնագիր մը Եւրոպական Միութեան հետ:




