
Դեկտեմբեր 7, 1988ի ժամը 11:41ին, Հայաստանի հիւսիսային շրջանները` Գիւմրիէն մինչեւ Սպիտակ, ծանրօրէն ցնցուեցան:
Կործանարար երկրաշարժը քարուքանդ աւերած էր ամբողջ շինութիւններ:
Անմոռանալի են երկրաշարժի աղէտին փոխանցած դասերը ոչ միայն Հայաստանին ու հայ ժողովուրդին, այլեւ` ողջ աշխարհին ու մարդկութեան:
Սպիտակի աղէտը առաջացուց միջազգային սրտակցութեան ու զօրակցութեան այնպիսի՜ մեծ ու աննախադէպ ալիք, որուն ներշնչումով‘ մինչեւ այսօր Հայաստանը, Գիւմրին եւ Սպիտակը, ողջ մարդկութեան աչքին, կը շարունակեն խորհրդանշել բնութեան տարերքին ու հարուածներուն դէմ միասնականութեամբ կուրծք ցցելու, իրար օգնութեան հասնելու եւ վերաշինութեան աշխատանքին բոլոր ուժերով լծուելու մարդկային համերաշխութեան ու զօրակցութեան ոգին:
Գիւմրիի մէջ երկրաշարժի զոհերու յիշատակին կառուցուած յուշարձանին մօտ, այցելեցին գիւմրեցիները, ծաղիկներ եւ ծաղկեպսակներ զետեղելով: Անոնք յարգանքի տուրք մատուցեցին 1988-ի երկրաշարժի զոհերու յիշատակին:
Յուշարձանին մօտ ծաղկեպսակներ զետեղուած էին նաեւ Հայաստանի երկրորդ եւ երրորդ նախագահներու անունով: Մարզային եւ քաղաքային իշխանութիւններէն բացի երէկ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան կը մասնակցէր երկրաշարժի զոհերու յիշատակի արարողութեան, որմէ ետք պարզուեցաւ, թէ 33 անօթեւան զինուորներու ընտանիքներուն բնակարաններ պիտի յանձնուէին:
“Կեանքըկըշարունակուի, եւմենքամէնինչպէտքէընենք, յիշելովմերանմեղզոհերույիշատակը, առջեւերթանք, պայքարինք, կառուցենք, շինարարութեամբզբաղինք, եւայդամէնըկըվերաբերինաեւմերզինուորներուն, որոնքկ՛ապահովենմերժողովուրդինխաղաղութիւնը“, ըսաւ նախարարը:
Այլ բարձրաստիճան պաշտօնատարներու այցելութենէն ետք հոգեհանգիստի կարգ մատուցուեցաւ Շիրակի թեմի առաջնորդ Միքայէլ եպս. Աջապահեանի ձեռամբ, որ խօսք առնելով ըսաւ.- “Աստուածհոգինլուսաւորէմերբիւրաւորնահատակներունեւտայմեզիուժ, կարողութիւն, շարունակելումերգործը, մանաւանդերիտասարդներուն, որոնքբարեբախտաբարերկրաշարժիաւերըչենտեսածայնտարողութեամբ, որքանիրենցմեծերը, թողիրենքչտեսնենայսպիսիողբերգութիւն“, ըսաւ սրբազանը:
Վերջին չորս տարիներուն Գիւմրիի մէջ 2800 բնակարաններ շահագործման յանձնուեցան, բայց այսուհանդերձ անօթեւանութեան խնդիրը տակաւին չէ լուծուած:
Երկրաշարժի աղէտին խլած զոհերուն եւ պատճառած կորուստներուն տարողութիւնը անհամեմատօրէն աւելի ահաւոր եղաւ, քան նոյնինքն երկրաշարժին ունեցած բնական ուժգնութիւնը: 6,9 աստիճանի երկրաշարժը այսքա՜ն ծանր հետեւանքներ պիտի չունենար, եթէ երկրի ընդերքին անդուլ խմորուող շարժերն ու ժայթքերը ուսումնասիրելու` կանխատեսելու եւ նախազգուշութեանց դիմելու արհեստագիտութիւնը անհրաժեշտ չափով զարգացած ըլլար, բնակութեան շէնքերը երկրաշարժի դիմանալու ընդունակութեամբ օժտուած ըլլային ու պետական կազմակերպ կառոյցները զինուած ըլլային բնական աղէտներուն արագօրէն հակազդելու եւ փրկարարական աշխատանքները արդիւնաւէտ իրագործելու պատրաստութեամբ ու յարմարութիւններով:
Այսօր մեծագոյն մասով վերակառուցուած ու արդիական տեսքով վերականգնած է Աղէտի Գօտին: Աւերուած Սպիտակի անմիջական մերձակայքը կառուցուած է նոր Սպիտակ: Կիւմրին կարեւոր չափով դարմանած է իր վէրքերը, նոյնպէս եւ` Վանաձորն ու աղէտահար միւս աւանները:
Բայց դեռ չէ անցած կսկիծը, ոչ ալ կրնայ մոռցուիլ մեծ կորուստը. հարիւր հազարաւորներ այսօր կը սգան իրենց հարազատներուն անդարձ կորուստը. աշխարհով մէկ սփռուած հայ ժողովուրդը վերստին կ՛ոգեկոչէ 1988ի աղիտալի երկրաշարժը:
Ոչ միայն զոհերուն եւ կորուստներուն պատճառած կսկիծը, այլեւ` մէկ մարդու պէս Աղէտի Գօտիին օգնութեան հասնելու համազգային զօրաշարժը, միջազգային զօրակցութեան ընդհանուր շղթայազերծման հունով, քանի մը օրուան մէջ իրականութիւն դարձուց աշխարհասփիւռ հայութեան հոգեմտաւոր ու ֆիզիքական կամրջումը:
Երկրաշարժին անմոռանալի դասերու շարքին կարեւորագոյնը, անկասկա՛ծ, հայ ժողովուրդի ներքին միասնութեան ամրապնդումը եղաւ: