
Բժիշկ՝ Յակոբ Տիգրանեան
Երիկամային ու միզային ճամբաներու քարերը յաճախակի հիւանդութիւններ են: Անոնք կը պատահին տղամարդոց, կիներու, նաեւ յղի կիներու մօտ: Հազուադէպ անգամ կը պատահին փոքրիկներու եւ պատանիներու մօտ:
Երիկամունքի քարերը զանազան քիմիական բաղադրութիւններ ունին: Անոնք կրնան փոքր ու մեծ ըլլալ, մինչեւ անգամ երիկամունքին ներսիդին ճիւղաւորուիլ: Այդ մեծ քարերը Staghorn կը կոչուին, որ կը նշանակէ եղջերուի կոտոշներու նման: Ուրիշ քարեր կ՝իյնան միզածորանին մէջ: Միզածորանը այն խողովակն է որ մէզը երիկամունքէն միզաման կը պարպէ:
Միզային քարերը, հետեւեալ ձեւով կը դասաւորուին
(1) Գալսիում (Calcium)
(2) Օքսալէյդ (Oxalate), որ միանալով գալսիումին կը կազմէ calcium oxalate, որ ամենէն հասարակ միզային քարն է:
(3) Ֆօսֆէյթ ( Phosphate)
(4) Եուրիք Ասիտ (Uric acid) քարը աւելի յաճախ կը պատահի յօդատապ (Gout) ունեցող հիւանդներուն:
(5) Մակնիզիում ամոնիում Ֆօսֆաթ (Magnesium Ammonium Phosptate), որ աւելի յաճախ կը պատահի այն հիւանդներուն մօտ՝ որոնք երիկամունքի քրոնիք բորբոքում ունին:
Այժմ տեսնենք թէ՝ հիւանդը ինչ՞ գանգատով կը դիմէ իր բժիշկին, կամ շտապ օգնութեան հիւանդանոցը:
Հիւանդը կը գանգատի փորի կամ կողքի ցաւով: Ցաւը կրնայ թեթեւնալ ապա սաստկանալ, պատճառելով սիրտ խառնուք եւ փսխել: Հիւանդը երբ կը միզէ, մէզը կ՝այրի եւ արիւնախառն կ՝ըլլայ: Երբ հիւանդը տաքութիւն ունի, այդ կը նշանակէ թէ՝ քարը միզային բորբոքում առաջացուցած է: Այդ պարագային բորբոքումը պէտք է շուտով դարմանել եւ որքան արագ վիրաբուժութեամբ քարը հեռացնել մարմինէն:
Ինչ՞ են քարերու կազմութեան պատճառները
1- Առաջին հիմնակաՆ պատճառը, անհատին քիչ ջուր խմելուն մէջ կը կայանայ: Երբ մէզը կը թանցրանայ՝ իր մէջի քիմիական լուծուած մասերը կը սկսին լուծուած վիճակէն դուրս գալ, ապա իրար հետ միանալով կը կազմեն քարին կորիզը (nucleus):
2- Երբ հիւանդը յաճախակի միզային ճամբաներու բորբոքում կ՝ունենայ:
3- Մեդապոլիգ (Metabolic), օրինակ երբ մէզին մէջի գալսիումի, ֆօսֆաթի կամ եուրիք ասիտի քանակը կը բարձրանայ:
4 -Ի ծնէ միզային ճամբաներու անկանոն կազմութիւն (congenital urinary abnormalities):
Ինչպէս՞ կարելի է ախտաճանաչել երիկամային քարերը
Երբ հիւանդը կ՝այցելէ իր բժիշկին կամ հիւանդանոց, իր մարմնի քննութենէն ետք՝ բժիշկը կը կատարէ մէզի եւ արիւնի քննութիւններ: Ապա կը կատարէ նկարահանում: Ասոնք կ՝ըլլան անդրաձայնով (ultsasound) կամ համակարքի սքանով (CT Uroscan):
Բժիշկը՝ հիմնուելով այս քննութիւններուն արդիւնքներուն վրայ, հիւանդին կը բացատրէ թէ՝ երիկամային քարը կամ քարերը ուր՞ կը գտնուին՝ երիկամունքին, միզածորանին եւ կամ միզամանին մէջ: Առաւել պէտք է գիտնալ թէ՝ քարը արգելք կ՝ըլլայ՞ մէզին հոսումը երիկամունքէն դէպի միզաման: Նաեւ պէտք է գիտնալ թէ՝ հիւանդը մէզի բորբոքում ունի՞ թէ ոչ:
Դարմանում
Ներկայիս երիկամունքի ու միզային ճամբաներու քարերուն դարմանումները՝ կը կատարուին առանց բաց վիրահատութեան: Բժշկական լեզուով կը կոչուի Minimally Invasive Surgery:
Այն պարագային երբ քարը փոքր է, 4 միլլիմէթր կամ պակաս, հաւանական է որ հիւանդը առանց վիրաբուժութեան քարը անցնէ: Հիւանդին կը թելադրուի շատ ջուր եւ ջրեղէն խմել, օրինակ՝ օրական 7-8 գաւաթ (8 oz): Առաւել՝ միզածորանը լայնցնող դեղեր գործածել: Այս կը կոչուի սպասողական վիճակ (expectant observation): Հիւանդներուն մեծ մասը դիւրաւ կ՝անցնեն իրենց քարը:
Երբ քարը 5էն մինչեւ 10 միլլիմէթր է եւ կը գտնուի միզածորանին մէջ, միզային ճամբաներու մասնագէտ բժիշկը (urologist), կրնայ այս քարը միզանցքէն միզաման եւ միզածորան երկարող գործիքով՝ (Ureteroscope) քարը տեսնել եւ լազերային ճառաքայթով՝ (endoscopic ureterolithotripsy) քարը փշրել, ապա կտորները դուրս հանել:
Տասէն քսան միլլիմէթր եղող երիկամային քարերու դարմանումը տարբեր ձեւով է: Բժիշկը՝ ցնցող ալիքներով քարի փշրում (shock wave lithotripsy) գործիքով’ հիւանդին կռնակէն քարը կը փշրէ: Հիւանդը յաջորդող մի քանի շաբաթներուն մէջ քարի կտորները մէզին մէջէն կ՝անցնէ:
Երիկամունքի որոշ քարեր կրնան մեծ ըլլալ, հասնելով 30 էն մինչեւ 50 միլլիմէթր եւ աւելի: Այս պարագային մասնագէտ բժիշկը հիւանդին կռնակէն փոքրիկ բացուածք մը ընելով, մասնաւոր գործիք մը կը գործածէ որ մինչեւ երիկամունքին մէջ կը մտնէ: Ապա՝ լազերային ճառագայթով (Percutaneous nephrolithotripsy) քարը կը փշրէ ու կտորները դուրս կը հանէ:
Ինչպէս սկիզբը բացատրեցի, ներկայիս բաց վիրաբուժութիւն չի գործածուիր այս հիւանդութիւններու դարմանումին համար:
Դարմանումի շարունակութիւն (Follow up)
Հիւանդը իր քարը անցնելէ ետք կամ յաջող վիրաբուժութեամբ քարը դուրս ելլալէ ետք, ան պէտք է վերադառնայ մասնագէտ բժիշկին կամ իր ընտանեկան բժիշկին: Ինչու՞ համար:
1- Բժիշկ եւ հիւանդ պէտք է վստահ ըլլան թէ, հիւանդին մէզը մաքուր է եւ փորփոքում չ՝կայ :
2-Միզային ճամբաներու նկարահանումով, քարի հետք չէ մնացած հիւանդին մարմնին մէջ:
3- Պէտբ է գիտնալ նաեւ քարին բաղադրութիւնը:
4- Որոշ հիւանդներ որոնք ընտանեկան, ժառանգական կամ մէդապոլիք անհանգստութիւններ ունին, անոնց երիկամունքները դարձեալ կրնան նոր քար մը կազմել:
Այս հիւանդները պէտք է բժիշկի հսկողութեան տակ մնան: Իրենց կը թելադրուի՝ շատ ջուր խմել: Հիմնական է որ մէզը նոսրացած ըլլայ (dilute) եւ ոչ՝ թանձր (concentrated):
Մասնաւոր պարագաներու մէջ, հիւանդը պէտք է զգուշանայ եւ որոշ ուտելիքներէ հեռու մնայ: Նաեւ իր բժիշկին հրահանգած դեղերը գործածէ, որոնք կրնան արգելք ըլլալ իր երիկամունքին նոր քարերու կազմութեան: