Ան ծնած է Յունուար 1, 1972ին Թալինի շրջանի Ոսկեթաս գիւղին մէջ: Գարեգին Մինասեանի բազմանդամ ընտանիքի տասերորդ զաւակն է ան:
1977ին Մինասեաններու ընտանիքը կը հաստատուի Բաղրամեանի շրջանի Շենիկ գիւղէն ներս: 1995ին, Մինասեան գերազանցութեամբ կ’աւարտէ տնտեսագիտութեան հիմնարկը: 2001ին, ան Երեւանի Պետական Համալսարանէն կը ստանայ իրաւաբանութեան տիտղոսը:
Նախապէս 1997 եւ 1998 թուականներուն, ան տնտեսագիտական յաւելեալ մասնագիտութիւններու հետեւած էր Մոսկուայի, Ուաշինկթընի եւ Նիւ Եորքի մէջ: Տասնեակ մը գիտական յօդուածներ գրած, ան 1998էն ի վեր կը դասախօսէ Երեւանի պետական համալսարանէն ներս:
20002005 թուականներուն, ՀՀ Նախագահի հրամանագրով, ան ստանձնած է ՀՀ արժեթղթերու յանձնաժողովի անդամի պաշտօնը իրականացնելով իրաւաբանական համակարգումներ:
Եւրոխորհրդարանի քաղաքական դասընթացքներու Երեւանեան դպրոցի շրջանաւարտ, ան 2005ին, ՀՀ վարչապետի որոշումով, նշանակուած է ՀՀ աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու նախարարի տեղակալ: Ան կատարած է աշխատանքներ ընկերային, իրաւաբանական եւ միջազգային կապերու ստորաբաժանումներէն ներս: Նաեւ, ան եղած է ազգային անվտանգութեան հայեցակարգի մշակման միջգերատեսչական յանձնաժողովի անդամ, աղքատութեան յաղթահարման ռազմավարական ծրագրի եւ միջին ժամկէտի ծախսերու ծրագրերու մշակման աշխատանքային խումբերու փոխնախագահ:
Անոր ղեկավարութեամբ մշակուած են Հայաստանի ժողովրդագրական զարգացման 20082035 թուականներու ռազմավարութեան եւ Հայաստանի մէջ աշխատավարձի միասնական քաղաքականութեան հայեցակարգի նախագծերը:
Մայիս 12, 2007ին կայացած խորհրդարանական ընտրութիւններուՆ, Հ.Յ.Դ. համամասնական ընտրացուցակով ընտրուած է ՀՀ Ազգային Ժողովի պատգամաւոր, պիւտճէական հարցերու մշտական յանձնաժողովի նախագահի տեղակալ: Մինասեանի խորհրդարանական գործունէութեան մէջ յատկապէս կ°առանձնանան ընկերային, տնտեսական, քաղաքական, հասարակութեան եւ պետութեան անվտանգութեան, միջազգային, ազգային եւ մշակութային ոլորտները:
Ամուսնացած Աստղիկ Օհանեանի, ան հայր է երեք զաւակներու՝ Այտա, Սէյրան եւ Գարիկ: