
Ամերիկահայ դոկտ. Զարեհ Սողոմոնեան, մեծ հռչակ կը սփռէ ճարտարագիտութեան եւ մեքենագիտութեան բնագաւառէն ներս: Ան 1996ին ստացած է իր դոկտորական վկայականը Կալէսի Քարտիֆ քաղաքի Համալսարանէն, մասնագիտանալով ելեկտրական, ելեկտրոնիկ եւ համակարգային (Electrical, Electronics & Systems Engineering) ճարտարագիտութեան մէջ: Միեւնոյն համալսարանէն ներս, ան ձեռք ձգած էր իր ճարտարագիտական վկայականը բարձրագոյն յաջողութեամբ, 1991 թուականին:
Նաեւ, դոկտ. Սողոմոնեան արժանացած է բազմաթիւ մրցանակներու եւ յուշանուէրներու, որոնց կարգին են 2007ին եւ 2008ին Գերազանց Առաջնորդութեան Մրցանակը՝ Outstanding Leadership Award, IEEE Magnetic Society:
»Who’s Who in the World« գիտութեան եւ ճարտարագիտութեան եզրէն ներս, բազմիցս (1998էն 2006), անոր անունը նշուած է Ամերիկեան Գերազանցող Մասնագէտներու Ցանկին (America’s Registry of Outstanding Professionals) մէջ, նկատուելով դարաշրջանի աշխարհի հինգ հարիւր գիտնականներու շարքին: Համաշխարհային մարզէն ներս, Սողոմոնեանի անունը նշուած է International »Who’s Who of Professionals«ի տոմարներուն վրայ, 2000էն ի վեր:
Վերջին 19 տարիներու ընթացքին, ան իր մասնագիտութեամբ յառաջացած է առաջնակարգ ճարտարագիտական ընկերութիւններու շարքերէն ներս միշտ ձգտելով տիրանալու նորանոր բարձունքներու: Ան դարձած է պատասխանատուն Պի.Էմ.Թի.Սինթեք ընկերութեան Փաուըր Սիսթեմզ Թեքնոլոճիզ ճիւղին եւ ստանձնած՝ աթոմական հարցերու ընդհանուր թեքնիք պատասխանատուն:
Սողոմոնեան տիրացած է 17 բարձր մակարդակի մրցանակներու, եւ քսանէ աւելի յօդուածներ ու գրութիւններ լոյս ընծայած է կարեւոր ու աշխարհահռչակ հրատարակութիւններէ ներս:
Հակառակ բազմազբաղ ըլլալուն Դոկտ. Սողոմոնեան միշտ ալ կատարած է ազգային իր պաշտօնը: Ան անդամ է Ա.Մ.Ն. Արեւելեան Թեմի Ազգային Վարչութեան: