
Վերջերս, Երեւանի մէջ կատարուեցաւ երկուորեակներուն հաւաք եւ փառատօն, որ մեծ հետաքրքրութիւն ստեղծեց: Ութ ամիս տեւեց, այս մտայղացումը իրագործելու համար: Յիսուն երկուորեակներ բերին իրենց մասնակցութիւնը:
Երկորորեակներու շքերթի ամենատարեց մասնակիցները` Թամարա եւ Ամալիա տատիկներն էին, իսկ ամենափոքրերը` Լեւոնն ու Դաւիթը, մէկ տարի երեք ամսական էին: “Մենք արդէն երկու տղայ ունէինք եւ ուզում էինք աղջիկ ունենալ, բայց պարզուեց, որ զոյգ ենք ունենալու, այն էլ` տղաներ:
Չափազանց դժուար է երկուորեակներ պահելը, յատկապէս եթէ գործունեայ են լինում. մէկն անկողնուց կախւում է, մինչեւ նրան տեղն եմ պառկեցնում, միւսն է կախւում, ու այդպէս` ամէն օր“,- կը տեղեկացնէ փոքրիկներու մայրիկը` Քրիստինէ Գրիգորեան:
Կիթառահար երկուորեակներ` Տիգրան եւ Վարդան Թադէոսեանները հանդէս եկան որպէս “Հայ լաo“ ռոք խումբ: Եղբայրները կը խոստովանին թէ, կը մնան կապուած: Հետաքրքրականը այնէ թէ կեանքի ընկերուհի ունենալու հարցին մէջն ալ միեւնոյն ճաշակը ունին, եւ…“Մի անգամ նոյնիսկ երկուսով մի աղջկայ էինք սիրահարուել, ինչը, բնականաբար, շարունակութիւն չունեցաւ. յաղթեց եղբայրութիւնը:
Բայց շատ ցանկալի է, որ միանման բնաւորութիւններով աղջկայ հանդիպենք կամ, որ աւելի լաւ է երկուորեակների…“,- կը յայտնէ Վարդան, որ կը նաեւ կը նշէ թէ շուտով կը զգացուի կարօտը, երբ երկու եղբայր իրարմէ հեռանան: