«Երեւանեան Երկխօսութիւն» Համաժողովին Հանդիպեցան Հայաստանի Եւ Թուրքիոյ ներկայացուցիչները
ԵՐԵՒԱՆ․- Մայիս 5ին «Երեւանեան երկխօսութիւն» երրորդ համաժողովի ծիրին մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութեանց կարգաւորման գործընթացի յատուկ ներկայացուցիչներ՝ Հայաստանի Ազգային ժողովի փոխնախագահ Ռուբէն Ռուբինեանի եւ դեսպան Սերտար Քըլըչի միջեւ հանդիպումը։
Քըլըչ յստակօրէն չպատասխանեց այն հարցումին, թէ Անգարա ե՛րբ կը նախատեսէ բանալ Հայաստան-Թուրքիա սահմանը: «Երբ ճիշդ ժամանակը գայ, երբ ձեւակերպումները վերջնական ձեւի բերուին, պիտի բանանք սահմանը», ըսաւ ան։
Ռուբինեան անդրադարձաւ Հարաւային Կովկասի մէջ Եւրոպական Միութեան եւ Թուրքիոյ դերակատարութեան՝ դիտել տալով, որ անհրաժեշտ է ապահովել անոնց կապը Հարաւային Կովկասի հետ։
Կողմերը միտքեր փոխանակեցին կարգաւորման գործընթացի ներկայ յառաջընթացին վերաբերեալ եւ ողջունեցին Գիւմրի-Կարս երկաթուղիի վերականգնման եւ գործարկման հարցերով միացեալ աշխատանքային խումբին վերջերս տեղի ունեցած հանդիպումը։

