
ԴԱՄԱՍԿՈՍ.- Երեքշաբթի, Փետրուար 21-ին, Սուրիոյ խորհրդարանի նիստին, որուն ներկայ եղաւ Սուրիոյ բարձրագոյն կրթութեան նախարար Աթեֆ Նատտաֆի, երեսփոխան դոկտ. Նորա Արիսեան ելոյթ ունենալով՝ նշեց, որ Սուրիոյ համալսարանական բարձրագոյն կրթութեան հանգրուանին, «Սուրիոյ պատմութեան» եւ «Օսմանեան կայսրութեան» նիւթերը չեն ներառեր պատմական իրողութեան համապատասխանող դէպքեր, որոնք տեղի ունեցած են սուրիական հողերուն վրայ եւ մաս կը կազմեն Սուրիոյ պատմութեան, ինչպէս՝ հայերու դէմ իրականացած Ցեղասպանութիւնը եւ ասորիներու «սէյֆօ»ն, հետեւաբար դոկտ. Արիսեան պահանջեց, որ պատմական դէպքերու նիւթը գիտական եւ պատմական ձեւով ներառուի այդ ժամանակահատուածին մէջ։