ԳլխաւորԽմբագրական

ԵՐԲ ՉԻ ՄՆՈՒՄ ԽԵԼՔ ՈՒ ՀԱՆՃԱՐ․․․

«Հայրենիք» – Պոսթըն
Խմբագրական
Ներողութիւն, կրկին ու կրկի՛ն ներողութիւն՝ ամէն հայու սրտին խօսող, համայն հայութեան կամքը արտայայտող մեծ բանաստեղծ՝ Պարոյր Սեւա՛կ։ Հաւանաբար դուն ալ, եթէ անդենական մեկնած չըլլայիր, շատ աւելի ցնցիչ եւ խարանող գրիչով կը պատասխանէիր մեր «ամենա(տ)գէտ» վարչապետին, որ Երկուշաբթի, 18 Օգոստոսի երեկոյեան իր արտասանած ուղերձին մէջ, հրոյ ճարակ դարձուց, «ընկղմեց» ու մէկդի շպրտեց մեծ գուրգուրանքով եւ հաւատքով յօրինուած՝ «Սարդարապատ» երգ-բանատեղծութեանդ մէջ նկարագրած հայորդիին պայքարելու կամքն ու բերկրանքը։
Այսպէս․․․ Երբ չի մնում խելք ու հանճար, փոխան ելքի ու ճարի, նէօ-խենթերն են գտնում հնար։ Չշարունակենք եւ աւելի եւս չաղաւաղենք այդ սրտամօտ երգը։
Տաժանակիր աշխատանք է ու պատիժ՝ կէս ժամ հետեւիլ այս «ազգընտիր»-ին կեղծիքներուն, յերիւրանքներուն, ձաբռտուքներուն, ափեղցփեղ յայտարարութիւններուն եւ վերլուծումներուն։ Ի՜նչ տաղանդ, ի՜նչ ձիրք։
Ուրկէ՞ սկսիլ, ի՞նչ խաղաղութեան մասին խօսիլ եւ ինչպիսի՞ խաչմերուկի հասնիլ։
Ոստիկանական պետութիւն մը ստեղծած այս «ղեկավար»-ը կը խօսի ժողովուրդին անունով, ժողովուրդ մը, որուն ամենէն արդիական միջոցներով կլլեցուցած է եւ դեռ ալ կը կլլեցնէ, թէ ինք կը կիրարկէ ժողովրդավարութիւն եւ կը վայելէ ժողովրդականութիւն: Եւ կը յոխորտայ, թէ ժողովուրդը եթէ իր հնարած չնաշխարհիկ «խաղաղութեան խաչմերուկ»-ին դէմ ըլլար՝ յեղափոխութիւն կատարած պիտի ըլլար․․․։ Սակայն նոյն այս ժողովուրդը վերջին տարիներուն քանի՛-քանի անգամ ձայն բարձրացուց ՔՊ-ականներու բերած կորուստներուն դէմ եւ ճնշուեցաւ ամենաբիրտ միջոցներով. ինչպէ՞ս չյիշել անցեալ Յունիս 12-ին, ոստիկանական հրոսակախումբին գործածած զինամթերքը, կասեցնելու ցուցարարները. կարելի՞ է մոռնալ անհիմն մեղադրանքներով բանտարկեալները՝ ընդդիմադիր հայորդիէն մինչեւ սքեմաւոր առաջնորդներ․․․
Զիկմունտ Ֆրէօտի կամ Ֆրիտրիշ Նիցչէի նման հոգեբոյժի եւ փիլիսոփայի պատմուճան հագուելով, ան կը յաւակնի հոգեբանական մտացածին եւ նոյնքան անհիմն դարմաններ բերել, եւ հաստատել, թէ մեր կեանքը, կենցաղն ու խօսոյթը միշտ ալ պատերազմով բնորոշուած են, թէ՝ զանոնք պէտք է փոխարինել խաղաղութեամբ: Եւ ահա գիւտերուն գի՜ւտը. կ’ըսէ, թէ չափազանց նուրբ ընկերային-հոգեբանական, հանրային-քաղաքական, կառավարչական-տնտեսական աշխատանք է, որ պէտք է տարուի միասնաբար, ձեռք-ձեռքի։
Արցախին մասին յստակ էին… «ծամծմած» բառերը։ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խումբին լուծարքով եւ Ալմա-Աթայի 1991 թուականի (կապ չունեցող) հռչակագրին լոյսին տակ, ան պարզ ու մեկին ծախած է Արցախն ու արցախահայութիւնը, իսկ ռազմագերիներու գծով կատարած կիսատ-պռատ յայտարարութիւնները յաւելեալ քարիւղ կը թափեն կրակին վրայ։
Կտակարանէն օրինակ բերելով եւ գինիի պատրաստութեան մասին դրուագը պատմելով, հիմա ալ մառանապետի կօշիկներուն մէջ մտնելով, ան փորձեց բարձրացնել բաժակը, բացատրելով, որ «գինին ածում են նոր տիկերի մէջ», կարծելով, թէ նոր գաղափարները մատչելի են ապագայ սերունդին:
Ան մեծ ակնածանքով գովաբանեց Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքին մէջ կառուցուելիք «Յանուն միջազգային խաղաղութեան եւ բարգաւաճման՝ Թրամփի ուղի»-ն, աւելցնելով, թէ այսպէսով ապաշրջափակուած պիտի ըլլայ մեր երկիրը: Արդեօք աւելի ճիշդ պիտի չըլլա՞ր գործածել «համաշրջապատուած» եզրոյթը։ Բնականաբար, երկիրը 44-օրեայ պատերազմին մէջ ընկղմած եւ պարտութեան տարած «ազգընտիր»-ը, որ զարմանալիօրէն դեռ կառչած կը մնայ վարչապետի աթոռին, երբեք չ’ուզեր խօսիլ «համաթուրանական»-ութեան մասին։ Խորքին մէջ, հոն զարմանալի բան չկայ, որովհետեւ ան մէկ դրօշակիրը, գործի՛քը դարձած է այդ ծրագիրին…
Պատերազմի եւ պարտութեան մասին խօսելով, այս անուղեղ մարդը, անամօթաբար եւ խղճի ամենայն հանգստութեամբ, պատերազմն ալ խաղալիքի վերածած է, նոյնիսկ բազմիցս նշելով հազարաւոր նահատակները: Ի՞նչ որակում տալ հետեւեալ «փիլիսոփայութեան». «Եթէ դու գտնւում ես յաղթանակի ու պարտութեան ընտրութեան միջեւ, այսինքն՝ քո ընտրութիւնը կա՛մ յաղթանակն է, կա՛մ պարտութիւնը, քո պարտութիւնն անխուսափելի է, քանզի դու կարող ես յաղթել մի անգամ, երկու անգամ, երեք անգամ, թէկուզ հինգ կամ տասն անգամ, բայց ի վերջոյ՝ քո պարտութիւնն անխուսափելի է, ու դու անխուսափելիօրէն կը պարտուես, որովհետեւ անվերջ յաղթել հնարաւոր չէ»։ Սա ի սկզբանէ պարտեալի հոգեվիճակի եւ անկէ բխած ցնդաբանութեան աղաղակող օրինակ է: Եւ ինչպէ՞ս չյիշել Միացեալ Նահանգներու նախկին պաշտպանութեան մէկ նախարարին (Տանըլտ Ռամսֆէլտ) նոյն որակի դատարկաբանութիւնը՝ «գիտցուած չգիտցուած բաներ»-ու մասին…
Երեւակայեցէ՜ք, սեւակեան պատգամին հետեւողութեամբ խօսքեր կը փոխանցէ ժողովուրդին՝ վարչապետ կոչեցեալ մը, որ «լաւ է լինելու»-ն կ՛ուզէ վերաորակաւորել, եւ ի տես կառուցուող (թէ՞ քանդուող) «խաղաղութեան ճանապարհ»-ին՝ փոխարինել «լաւ է»-ով։
Չէ՛, պարո՛ն «ազգընտիր», լաւ չէ՛, բացարձա՛կապէս լաւ չէ վիճակացոյցիդ արդիւնքները։ Նոյնիսկ բաւարար ալ չէ։ Վերաքննելի՞ ․․․շա՜տ։ Ձախողա՞ծ, բոլո՛ր դասերուդ մէջ: Դասարանդ կրկնելէ աւելի՝ շատո՜նց դպրոցէն դուրս նետուելու կարգավիճակին մէջն ես։
Ժամանակն է այլեւս, որ ազգովին յիշենք Սեւակի անժամանցելի պատգամը եւ ձեռքերն ու ձայները միացնենք սարդարապատեան կամքով.
Երբ չի մնում ելք ու ճար,
Խենթերն են գտնում հնար․․․

Մեկ մեկնաբանութիւն

  1. ԱՅՍ ՄԱՐԴԸ ԵԹԷ ՕՏԱՐԻ ԳՈՐԾԱԿԱԼ ՉԷ ՈՒՐԵՄՆ ՀԱՍՏԱՏ ԽԵԼԱԳԱՐ Է․․․ՎԱՅ ՀԱՅ ԱԶԳԻՆ․․․

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button