ԱՐՍԷՆ ՍԱՅԵԱՆ
Շարունակելով` Միջնադարեան զարգացած շրջանի գեղջկական երաժշտութեան ուսումնասիրութեան մեր ակնարկը, կը յանգինք այն եզրակացութեան, որ այդ շրջանը, համեմատաբար աւելի նպաստաւոր եղած է, ստեղծագործութիւններու բովանդակութեան զարգացման համար:
Նկատելի է երաժշտական արտայայտչական միջոցներու հարստութիւնն ու բարդութիւնը: Օրինակ, նկատի ունինք “Գութանի երգը“ ձայնագրուած Կոմիտաս Վարդապետի կողմէ անցեալ դարու վերջերուն: Անկասկած որ վերոգրեալ ստեղծագործութիւնն ամենավաղ ժամանակներուն գոյութիւն ունեցած “Հոռովելներու“ յետագայ զարգացմնա արդիւնքն է:
Այդ գործերը կ՛ընդգրկեն` Աստուծոյ ուղղուած աղօթք, անասուններուն ուղղուած քնքուշ փաղաքշանք եւ խրախուսանքի բացագանչութիւններ: Մեղեդին կը միաւորէ երեք հիմնական տարր: Սկիզբէն մինչեւ վերջ ազդեցիկ կանչեր, ասերգայինևարտասանական դարձուածքներ եւ քնարական բնոյթի սահունևերգային արտայայտութիւններ: Այդ երեք տարրերը միացած, կը ստեղծեն աւարտուած երաժշտական պատկեր մը:
Հետաքրքրական է նաեւ երգի ձայնաշարային ընթացքը: Հաւատարիմ մնալով “Հոռովելներու“ պատմական աւանդութեան “Գութանի Երգ“ը կը պահէ իր ձայնաշարային հարազատութիւնը, աշխատանքային երգի աւելի զարգացած վիճակով:
Բացի զարգացման սկզբունքէն, գեղջկական երաժշտութեան մէջ, առկայ է նաեւ մէկ այլ` ստեղծագործութեան ընդհանուր բնոյթը որոշող` նոյնքան կարեւոր սկզբունք մը: Այս երկրորդ սկզբունքը ծնունդ առած է յստակ, չափաւոր աշխատանքային եւ պարային շարժումներու համապատասխանութեամբ: Այդ երեւոյթը զգալի կը դառնայ առաջին առիթով, երգերու կշռոյթէն որը երաժշտականօրէն կը կոչուի “Շարժունութիւն“:
Որեւէ ստեղծագործութեան մէջ երգային գիծը կը ներկայացնէ, մարդուն հոգեկան վիճակները: Իսկ “Շարժունութիւնը“ որ կը յառաջանայ աշխատանքային եւ պարային շարժումներէն, կշռոյթի հակադիր վիճակ մը կը ստեղծէ: Սակայն, ստեղծագործական կեանքի մէջ, այդ վիճակներն իրարու չեն հակասեր: Այս կամ այն յարաբերութեամբ` երկուքն ալ միշտ առկայ են, իւրաքանչիւր ստեղծագործութեան մէջ:
Այսպէս, քնարական մեղեդիներուն մէջ կը գլխաւորէ սահունևերգային սկզբունքը, իսկ “Շարժունութեան“ սկզբունքը զգալի է երգի որոշ մասերուն մէջ: Մինչդեռ պարային մեղեդիներու պարագային, ընդհակառակն, կը գլխաւորէ “Շարժունութեան“ սկզբունքը: Երգայինը կ՛օգտագործուի մեղեդին ջերմացնելու եւ մեքենական տպաւորութիւնը հեռացնելու նպատակով:
Այս առումով, պայծառ օրինակ մըն է երգահանևխմբավար Բարսեղ Կանաչեանի “Հոյ Նար“ խմբերգը: Արդարեւ, ժողովրդական երաժշտութեան արտայայտչական միջոցները բազմազան հնարաւորութիւններ ունին: Ընտրելով մեղեդիին համար որոշ ձայնաշար, կշռոյթ եւ չափ` այդ տարրերու միացումով ժողովրդական երգ ստեղծողը կարելիութիւնը կ՛ունենայ իր մտքերն ու զգացումներն արտայայտել, երաժշտական միջոցներով, որոնք միաժամանակ կարող են տարբերիլ իրարմէ իրենց իւրայատկութիւններով: