
Կիրակի, Փետրուար 23-ին, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի ընտանիքը, իր բազմատասնեակ մասնաճիւղերով յատուկ հոգեհանգիստ մը կատարեց, ի յիշատակ Կեդրոնական Վարչութեան անդամ` Եղբ. Միհրան Շիմշիրեանի, որ Փետրուար 16-ին մահացած էր Լիբանանի մէջ:
Ա.Մ.Ն. Արեւելեան Շրջանի Հ.Մ.Ը.Մ.-ն ալ կատարեց իր պարտականութիւնը, եւ մասնաճիւղեր իրենց շրջաններէն ներս, որոնց կարգին Նիւ Եորք, Նիւ Ճըրզի,Պոսթըն (տեսնել նկարը` Սուրբ Ստեփանոս եկեղեցւոյ մուտքին) եւ Ուաշինկթըն, կատարեցին հոգեհանգստեան պաշտօն:
Արդէն իսկ հաստատուած է “Միհրան Շիմշիրեան“ Սկաուտական ֆոնտը, որ հաստատուած է Փետրուար 17-ին` Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Կեդրոնական վարչութեան որոշումով:
Եղբ. Միհրան Շիմշիրեան ծնած է 1942ին, Պէյրութ: Փոքր տարիքին ընտանիքին հետ փոխադրուած է Դամասկոս, ուր Հ.Մ.Ը.Մ.ին անդամակցած է 1947ին, իբրեւ գայլիկ: 1963-1965 եղած է Դամասկոսի մասնաճիւղի վարչական: 1965էն սկսեալ ան մասնակցած է Հ.Մ.Ը.Մ.ի Մերձաւոր Արեւելքի գրեթէ բոլոր Շրջանային ժողովներուն: 1961ին եւ 1963ին մասնակցած է Աւստրիոյ եւ Յունաստանի մէջ տեղի ունեցած սկաուտական միջազգային բանակումներուն (ճէմպորի): 1965ին վերադարձած է Պէյրութ եւ, այնուհետեւ, մինչեւ 1974 Հ.Մ.Ը.Մ.ի Լիբանանի սկաուտական շարքերուն ծառայած է իբրեւ Աքելլայ, Շրջանային Աքելլայ, Շրջանային Սկաուտ. խմբապետ եւ Շրջանային Ընդհանուր Խմբապետ:
1973-1992 եւ 1995-2002, 26 տարի շարունակ եղբ. Շիմշիրեան մաս կազմած է Լիբանանի սկաուտական ֆետերասիոնին եւ Լիբանանը ներկայացուցած է արաբական ու միջազգային բազմաթիւ համագումարներու` Լիպիա, Օման, Անգլիա, Սենեկալ, Մ. Նահանգներ:
Միաժամանակ, 1974-1976 ան մաս կազմած է Հ.Մ.Ը.Մ.ի Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան, իսկ 1983-1999` Հ.Մ.Ը.Մ.ի յաջորդական չորս Կեդրոնական Վարչութիւններու: Այս միջոցին, միութենական առաքելութեամբ ան գտնուած է Հ.Մ.Ը.Մ.ի կազմակերպած գրեթէ բոլոր շրջանները: Հայաստանի անկախացումէն ետք, սկաուտական միջազգային իր ծանօթութիւններուն բերումով ան կարեւոր դեր ունեցած է Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.ի միջազգային սկաուտական շարժումի անդամակցութեան նախաքայլերուն մէջ:
2001ին եղբ. Շիմշիրեան արժանացած է Լիբանանի սկաուտական համադաշնակցութեան բարձրագոյն շքանշանին, իսկ 2006ին պարգեւատրուած է լիբանանեան պետութեան երիտասարդութեան եւ մարմնամարզի նախարարութեան կողմէ:
ՀՄԸՄ վերջին յիսնամեակին ոււնեցած է մի քանի տասնեակ հզօր ղեկավարներ բայց հազուագիւտ են Եղբ. Միհրանի նման երկարաշունչ նուիրեալ եւ ազդեցիկ պատասխանատւութիւն ստանցնած անձիքը:ԿՎ զանազան Ատենապետներու նեցուկն էր,ազդու եւ ներգործօն խորհրդատուն:Լայնախոհ էր եւ առաջինն էր որ պատեանէն դուրս ելաւ եւ ՀՄԸՄի Լիբանանեան սկաուտական ֆետերասիօնի ներկայացուցիչ դարձաւ: Հաշտարար եւ շինիչ դեր վերցուց միութիւնը յուզող ներքին եւ արտաքին բազմաթիւ մարտահրաւէրներու կապակցութեամբ: Յստակ ազդեցութիւն ունեցաւ միութեան դիմագրաւած պատմական եւ հիմնական պատեհութիւններուն, օրինակ՝ անկախ Հայաստանի մէջ ՀՄԸՄի հիմնադրութեան, Միջազգային Սկաուտական Բիւրոյի կողմէ Հայ սկաուտութիւնը ներկացնելու իրաւունքի փոխանցման, Հայ Արիներ/ Գուրգէն Մեծատուրեանէն դէպի Հայաստանի պետականութեան, ինչպէս նաեւ համա-ՀՄԸՄական բանակումներու եւ մարզական խաղերը սփիւռքէն Հայաստանի հողին վրայ կայացնելու որոշման, եւ այլ առանցքային որոշումներու մէջ իր ունեցած ներդրումով: Ժամանակը աւելի պիտի վաւերցնէ Եղբ.Միհրանի արժէքը:
Շահէ Ենիգոմշեան