
Ուստի եկէ՛ք, յառաջ ընթանանք միասին
մեր հաւաքական ուժով:*
13 մայիս 1940, Սըր Ուինսթըն Չըրչիլ
Ազգերու եւ ժողովուրդներու անցած ճանապարհին վրայ կը գտնուինք մենք, մարդիկ, ազգեր, երկիրներ:
Պատմութեան բեմին վրայ մնացած են այն ժողովուրդները եւ ազգերը, որոնք հաւատացած են մարդկային եւ բարոյական արժէքներու, որոնց համար գիտցած են պայքարիլ, այսինքն՝ գիտցած են յանձնառութիւն ստանձնել եւ միանալ: Այդպէս պիտի ըլլայ վաղը, ներկայի անարդարութիւնները երբ յաղթահարուին:
Միանալ՝ ոչ թէ յաւելեալ իրաւունքի, այլ յաւելեալ պարտականութեան համար:
Երկրորդ աշխարհամարտը պատկերազարդ պատմութիւնն է բանաստեղծի բանաձեւումին, մարդուն ոճիրը մարդուն դէմ (Սիմամանթօ): Մոռցա՞նք որ այդ աշխարհամարտը պատճառ եղաւ վաթսուն միլիոն անձերու մահուան: Կարծէք սոսկ յիշատակ դարձած են դէպքերը, աւերները, մահերը՝ թիւ եւ թուանշան: Իւրաքանչիւր հաւաքականութիւն, ժողովուրդ, ազգ, կը գտնուին պատմութեան յորձանքին մէջ, վկայութիւն ըլլալէ առաջ:
Եղիշէ Չարենց Ուինսդըն Չըրչիլ չէր, ամբողջ աշխարհի ծանօթ չէ իր անունը, բայց անկէ առաջ ըսած էր. Ո՛վ հայ ժողովուրդ, քո միակ փրկութիւնը քո հաւաքական ուժի մէջ է: Դաշնակից երկիրներու բանակները քայքայուած էին: Նացիական Գերմանիոյ յաղթական բանակներուն դէմ առանձին մնացած էր Անգլիան՝ Միացեալ Թագաւորութիւնը: Տեղի տալով եւ նահանջելով խաղաղութեան հասնելու դիւանակալ քաղաքագէտներու աւանդական ջատագովներուն դէմ եւ հակառակ տիրող մթնոլորտին, Ուինսդըն Չըրչիլ, հաւաքական ուժով ընդդիմանալու ճառ մը արտասանեց եւ ժողովուրդը լսեց զինք:
Այդ ճառը իւրաքանչիւր քաղաքագէտի համար դպրոց է: Նաեւ՝ հայ: Արդարեւ, այդ ճառը կը սորվեցնէ մարդուն, քաղաքացիին եւ ազգին համար կարգ մը էական արժէքներ:
Լեհաստանէն ետք, Հոլանտան, Պելճիքան եւ Ֆրանսան գրաւուած էին գերմանական բանակներուն կողմէ: Անգլիան առանձին մնացած էր: Ուինսդըն Չըրչիլ, իրաւութիւն պահանջող այդ պահուն, գիտցաւ միասնական հաղորդութեան առաջնորդել ժողովուրդը, վասն արժէքներու պաշտպանութեան, տոկալու եւ տեւելու կամքով միացում ստեղծեց: Յոռեգոյնի խոստումով դիմեց ժողովուրդին:
Ազգերու վերականգնումի պատմութեան մէջ կը յայտնուին արտակարգ անձնաւորութիւններ, սովորաբար կ’ըսենք՝ նախախնամական, providentiel: Տեղ մը Ուինսդըն Չըրչիլ, այլ տեղ զօրավար Շարլ տը Կոլ, կամ Մահադմա Կանտի:
Երեւակայեցէ՛ք, որ այսօր, ղեկավար մը, ուր ալ ըլլայ ան, ըսէ թէ ձեզի կը խոստանամ միայն արիւն, ցաւ, արցունք եւ քրտինք, ինչպէս ըսաւ Ուինսդըն Չըրչիլ: Երբ կամքերը ջրդեղող ղեկավարը չկայ, մարդիկ փուլ կու գան,: Մեր օրերու գաղթականական հոսքերը միթէ՞ այսպէս չեն բացատրուիր: Պարզ էր. հայրենիքը լաւ օրերու հանգստավայր չէր, հարկ էր զայն պաշտպանել: Նոյնիսկ թագաւորական ընտանիքը, ապահովական պատճառներով, չլքեց երկիրը: Երկիրը լքել՝որուն համար մենք հնարած ենք արտագաղթ բառը, անոր ընկերացնելով արդարացումներ:
Ուինսդըն Չըրչիլ հանդիսացաւ կողմերէն եւ նախասիրութիւններէն վեր կանգնած ղեկավարը, որ իր ժովովուրդին ըսաւ. Ուստի եկէ՛ք, յառաջ ընթանա՛նք միասին մեր հաւաքական ուժով:
Անգլիոյ պատմութիւնը կամ անոր յամառ մարտունակութիւնը գովերգելու պարտականութիւն չեմ տար ես ինծի: Այնքա՜ն մասնագէտներ կան: Բայց ինչո՞ւ չմտածել այն մասին, թէ ինչո՞ւ մեր ազգի դէմ ծառացած դժուարութիւններուն կուրծք տալու համար չյաջողեցանք եւ չենք յաջողիր կրկնել Չըրչիլի խօսքը եւ չենք հետեւիր անգլիացիի օրինակին. Ուստի եկէ՛ք, յառաջ ընթանա՛նք միասին մեր հաւաքական ուժով: Կարծէք մեր ժողովուրդին համար միասին ընթանալը կեանքի բառ չէ, այլ միայն զբօսաշրջային զուարճութիւն, կամ ընթացիկ շահերու պաշտպանութիւն:
Չարենցի հաւաքական ուժով միակ փրկութեան երազը կամ ճառը ինչո՞ւ բեմերէն չգոռացինք եւ չկենսագործեցինք մեր անհատական եւ ազգային կեանքին մէջ, Հայաստան եւ սփիւռք(ներ): Ըսող եղա՞ւ, որ չլսողի մասին խօսինք: Բայց ինչպէ՞ս ընթանալ միասին երբ այնքա՜ն անհատապաշտ ենք, Հայաստան եւ (սփիւռք)ներ: Եթէ այդքան անհատապաշտ չըլլայինք, հանրային-ազգային հարստութիւնը արագօրէն անհատական սեփականութիւն չէր դառնար, հարստացնելով մին, թշուառացնելով միւսը, թերաճ երկիրներու պատկերով, ինչպէս յաճախ կը յայտարարուի, հարիւրեակ մը անձերու եւ ընտանիքներու ձեռքին մէջ չէր կեդրոնանար երկրին հարստութիւնը, չէր հաստատուեր մենաշնորհներու դրութիւն, մանր եւ մեծ կաշառակերութիւնը համակարգի – système – չէր վերածուեր:
Միասնաբար եւ միասին ընթանալու համար իտէալ պէտք էր տրուած ըլլար ժողովուրդին, ղեկավարութիւններ, մեծերը եւ փոքրերը, ոչ թէ խօսքով, այլ անձին օրինակով, իտէալ պէտք էր տային: Ոչ ոք բողոքեց որ ինքնաշարժ մը երբ նուէր կը տրուի, ան նուէր չ’ըլլար, այլ կ’ըլլայ կաշառք, ինչպէս սովորութիւն է ըսել՝ կոռուպցիա: Իսկ անկուշտ սակաւապետութիւնը, ներսը եւ դուրսը, անհաւասարութիւններու դառնութիւնը մշակեց, խոչնդոտելով միասին ընթանալու կենսական անհրաժեշտութիւնը:
Եթէ նուազ ըլլար անհաւասարութեան դառնութիւնը, հայրենալքումը զանգուածային բնոյթ չէր ունենար: Եթէ այսպէս կոչուած վերնախաւը ինք չտար օրինակը այլ երկինքներու տակ ապահովութիւն փնտռելու իր անձին եւ իր դրամագլուխին համար, միասին ընթանալ աւելի հեշտ կ’ըլլար, միասին մնացած կ’ըլլայինք:
Ուինսդըն Չըրչիլի 13 մայիս 1940ի ճառը եթէ ուսուցուէր մեր դպրոցներուն, եւ ակումբներուն մէջ, եթէ մեր ձայնասփիւռի եւ հեռատեսիլի կայանները երբեմն այդ սփռէին, եթէ մեր մամուլը մեծ տօներու առիթով այդ ճառը հրատարակէր, ազգովին կը հասկնայինք թէ ի՞նչ կը նշանակէ ԴԻՄԱԴՐԵԼ, ՏՈԿԱԼ ԵՒ ՏԵՒԵԼ, ձեռքէ չհանելու համար ինքնութիւնը, բանաստեղծի մեզ հայ են ասումը սոսկ գեղեցիկ խօսք չէր ըլլար:
Յոբելեանները Բաբելոնի կամ Նինուէի գեղեցիկ յիշատակ առկախ պարտէզները կ’ըլլան, եթէ ներկայով չիմաստաւորուին: Այսինքն ազգ, հանրապետութիւն, անկախութիւն կը տեւեն միասին ընթանալով:
Ինչպէ՞ս կարելի է միասին ընթանալ, երբ մեզի հետ չենք կրեր արժէքներու բարոյամշակութային համակարգը, անձնատուր կ’ըլլանք հայրենալքման եւ հայրենիքը կը համարենք հեռաւոր աշխարհի սրբապատկեր, icon: Իմաստութիւն կը համարենք լքումները, հայը մղելով ծագումով հայ բայց այլ ըլլալու ընթացքին:
Յաղթանակի հասնելու համար Ուինսդըն Չըրչիլ իր ժողովուրդին խոստացաւ արիւն, տքնանք, աշխատանք, արցունք եւ քրտինք, եզրակացնելով՝ որ առանց յաղթանակի վերապրում չկայ, (without victory there is no survival):
Այս պէտք է ըսուէր եւ ըսուի մեր ժողովուրդին, Հայաստաններ եւ սփիւռք(ներ), որպէսզի շաբաթավերջի խրախճանքները եւ երգահանդէսները, չտեսի ապարանքները չփոխարինէին եւ չփոխարինեն ազգային քաղաքականութիւնը, եւ բարեսիրութիւնները՝ ազատագրական պայքարը:
Միասին ընթանալ կարելի է միասին ըլլալով, ոչ բաժան բաժան՝ մոլորակի երեսին, ոչ ալ Հայաստաններու մէջ:
Ժողովուրդ եւ ղեկավարութիւններ, եթէ ատակ ըլլայինք աշակերտելու մեծերու գաղափարներուն…
* Come then, let us go forward together with our united strength. W. Churchill, 13 may 1940.
Բացառիկ յօդուած մըն է, որ ունի իսկական ազգային պատգամի, կարգախօսի արժէք,որուն պէտք է հաղորդակցի եւ իւրացնէ իւրաքանչիւր իրաւ հայ:
Կը գնահատեմ ու կը շնորհաւորեմ զայն ներշնչող ոգին: