
Հանրածանօթ դերասան Ճոն Մալքովիչ ժամանած է Երեւան: Ան պիտի մասնակցի երաժիշտ Արամ Խաչատուրեանի անուան 5-րդ միջազգային փառատօնին:
Մալքովիչ այցելեց Ծիծեռնակաբերդ` իր յարգանքի տուրքը մատուցելու Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին:
Հ.Հ. նախագահ Սերժ Սարգսեան, իր կարգին Հոկտեմբեր 10ին, ընդունեց Ճոն Մալքովիչը:
Սարգսեան յոյս յայտնեց, որ թէեւ կարճատեւ իր Հայաստան այցելութեամբ` Ճոն Մալքովիչը հնարաւորութիւն պիտի ունենայ տեղւոյն վրայ աւելի լա՛ւ ճանչնալու Հայաստանը, իր պատմամշակութային հարուստ ժառանգութեամբ եւ տաղանդաշատ մարդոց նկատմամբ մշտապէս ակնածանքով վերաբերուող հիւրընկալ հայ ժողովուրդին: Ճոն Մալքովիչ շնորհակալութիւն յայտնեց Հ.Հ. նախագահի ջերմ խօսքերուն եւ հիւրընկալութեան: Նաեւ, Մալքովիչ այցելեց Էջմիածին եւ տեսակցեցաւ Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին հետ:
Մալքովիչ անհամբեր է ներկայացնելու նուագախումբի գեղարուեստական ղեկավար եւ գլխաւոր բեմադրիչ Սերգէյ Սմբատեանի հետ մտայղացած միացեալ ձեռնարկը եւ յոյս յայտնած, որ անիկա սիրով պիտի ընդունուի հայ հանդիսատեսին կողմէ: