
Երկու վարդ տարբեր լեզուներով…Բուն անունով Նուարդ Մանուէլեան` Ռոզի Վարդ …Ֆրանսայի թատերական եւ դերասանական աշխարհի թագուհիներէն, մահացաւ անցեալ Շաբաթ, Յունուար 14ին:
Ռոզի Վարդի անունը յատկապէս հանրայայտ դարձած է շնորհիւ հեռատեսիլի երգիծական “Մակի“ շարքին, որուն գլխաւոր երկու հերոսներէն մէկն էր ինք, Ժան-Մարք Թիպոյի կողքին: Այս յայտագիրը մեծ յաջողութիւն գտած էր եւ 1985էն 1992 թուականներուն միջեւ ներկայացուած էր յաջորդական 333 բաժիններով:
Ան թատերական աշխարհէն ներս իր առաջին քայլերը սկսած Ժան Վիլարի Փարիզի Ազգային թատրոնին մէջ, նախքան 70ական թուականներուն միանալը` “Քոմէտի Ֆրանսէզ“ին:
Ծնած 1923ին Պոլիս, ան աւելի քան քառասուն ժապաւէններու մէջ դեր ստանձնած է, գործակցելով հանրածանօթ բեմադրիչներու հետ, որոնց կարգին` Իվ Ռոպէր, Ֆիլիփ Տը Պրոքա, Քլօտ Սօթէ, Էտուար Մօլինարօ, Ֆրանսուա Թրիւֆօ, Ժորժ Լօթնէր ու անշուշտ իր ազգակիցը` Հանրի Վերնէօյ (Աշոտ Մալաքեան):
Այսպէս անթառամ վարդը…եղաւ տերեւաթափ: Վարդի յուղարկաւորութիւնը կատարուեցաւ Հինգշաբթի, Փարիզի Սուրբ Յովհաննէս-Մկրտիչ Մայր Տաճարին մէջ: