
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Կաթողիկոսի տնօրինութեամբ, Գերպ. Տ. Արտակ Ծ. Վրդ. Արապեան ծառայութեան առաքուեցաւ Ամերիկայի Արեւելեան Թեմ, որուն Ազգային Վարչութեան Կրօնական եւ Քաղաքական ժողովներու որոշումով, Հայր Սուրբը Ուստըրի (Մասաչուսէց) Սուրբ Երրորդութիւն եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ նշանակուեցաւ։
Կիրակի, Մարտ 27-ին, Ա․Մ․Ն․ Արեւլեան թեմի բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս Դանիէլեան, գաղութին պիտի ներկայացնէ նորանշանակ հոգեւոր հովիւը։ Այս առթիւ, Հայր Սուրբը հովուական իր անդրանիկ Սուրբ Պատարագը պիտի մատուցանէ եւ քարոզէ։
Գերապատիւ Տ. Արտակ Ծ. Վրդ. Արապեան, աւազանի անունով՝ Ճորճ, ծնած է Քեսապ (Սուրիա), Օգոստոս 8, 1990ին: Նախնական ուսումը ստացած է Քեսապի Ուսումնասիրաց վարժարանին մէջ, իսկ 2002-2003 տարեշրջանին ընդունուած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանք: 2010-ին աւարտելով Դպրեվանքի ութամեայ ծրագիրը, կուսակրօն քահանայ ձեռնադրուած է։ 2010-2015-ին Կաթողիկոսարանի արխիւներու բաժանմունքին վարիչ նշանակուած է, միաժամանակ դասաւանդելով Դպրեվանքին մէջ, ուր հսկիչի պաշտօն վարած է 2013-2014-ին։ Կաթողիկոսարանի «Կիլիկիա» մատենադարանի մատենադարանապետի օգնական նշանակուած է (2014-2015)։
Յուլիս 2015-ին ստացած է Վարդապետական գաւազանի աստիճանը եւ 2015-2016-ին մեկնած՝ Սպահան (Իրան) իբրեւ առաջնորդի օգնական։ 2016-2017-ին Լաթաքիոյ (Սուրիա) հոգեւոր հովիւ եղած է։ Այնուհետեւ, 2019-2020-ին աստուածաբանութիւն ուսանած է Աւստրալիոյ Չարլզ Սթըրթ համալսարանին մէջ։ 2020-ին աւարտած է ուսման ընթացքը եւ մագիստրոսական վկայականը ստանալով, վերադարձած՝ Անթիլիաս, ուր մատենադարանապետի օգնականի պաշտօնը ստանձնած է։ Ապրիլ 2021-ին ստացած է Ծայրագոյն Վարդապետի աստիճանը:
Թեմի Կրօնական Ժողովը բարձրօրէն կը գնահատէ Արժպ. Տ. Թորգոմ Քհն. Չորպաճեանը, որ անցնող երեք տարիներուն ձեռնհասօրէն վարեց Սուրբ Երրորդութիւն եկեղեցւոյ հովուութեան պաշտօնը, մատակարարելով Ծուխին հոգեմտաւոր կարիքները։