
“7-6րդ ից մինչեւ 3րդ դարերը մեր թուականութիւնից առաջ, հայ ժողովրդի պատմական անցեալում կազմում են մի շատ կարեւոր շրջան: Այդ ժամանակներում հետզհետէ կազմաւորուել է հայ ցեղը եւ ստեղծուել է նախկին Ուրարտական թագաւորութեան երկրամասում պատմական Հին Հայաստանը“:
ՅԱԿՈԲ ՄԱՆԱՆԴԵԱՆ
(Քննական Տեսութիւն Հայ ժողովրդի Պատմութեան Ա. հատոր 1944)
Ֆրանսական յեղափոխական անմիջական հետեւանքը եւ գերմանական ռոմանթիզմի ազդեցութիւնը եւ յատկապէս գերման աստուածաբան եւ պատմութեան փիլիսոփայ գերման տեսլականութեան` Եոհանն Գոթթֆրիտ Ֆոն Հերդէրը, զոր արդարօրէն կոչուած է նոր ազգերու հոգեւոր հայրը, նմանապէս շատ մեծ եղաւ ճնշուած ժողովուրդներու վրայ, մէջը հաշուած նաեւ հայերը, որոնք հաղորդակից էին այս գաղափարներուն, Էսթոնիոյ Դորպատ համալսարանի հայ ուսանողներուն միջոցով:
Հայերը ի չգոյութեան հայկական համալսարանի մը, հետեւեցան ռուսական եւ եւրոպական համալսարաններու դասընթացքներուն: ԺԹ. դարէն սկսեալ թրքահայերը սկսան ուսանիլ ֆրանսական, գերմանական, զուիցերիական եւ իտալական համալսարաններու մէջ:
Իսկ ռուսահայերը կը յաճախէին Մոսկուայի, Փէթրսպուրկի եւ Խարքովի համալսարանները:
Ռուսահայերու համար Դորպատի գերմանական համալսարանը, կարեւոր դեր մը խաղաց հայ մտաւորական շարժման սկզբնաւորութեան: Այս համալսարանը, որ գերմանական գիտութեան յառաջապահը եղաւ Արեւելեան Եւրոպայի ուղղութեամբ, հայկական մշակոյթի վերածնունդի մէջ խաղաց կարեւոր դեր մը, զոր գերմանացի գրագէտ եւ պատուելի դոկտ. Փաուլ Ռոհրպախ շեշտած է առանձնապէս:
Առաջին հայ ուսանողը, որ սորվեցաւ Դորպատի մէջ եղաւ Խաչատուր Աբովեանը, հայ ազգի արդի գրականութեան հիմնադիրը:
Փետրուար 4, 1952ին, Երեւանի մէջ կը մահանայ` Համամիութենական եւ Հայկական Գիտ. Ակադեմիայի իսկական անդամ, Հայաստանի համալսարանի պատմագէտ փրոֆ. դոկտ. Յակոբ Համազասպի Մանանդեանը: Անոր մահով Հայոց պատմագիտութիւնը ունեցաւ անփոխարինելի կորուստ:
Ծնած էր Նոյեմբեր 22, 1873-ին, Վրաստան, Ախալցխա: Միջնակարգ կրթութիւնը ստացած էր Թիֆլիսի ռուսական դպրոցին մէջ, ապա բարձրագոյն ուսումը շարունակելու համար ճամբորդած էր Գերմանիա, որտեղ հետեւած էր փիլիսոփայութեան եւ բանասիրական ճիւղերուն` Լայպցիկ, Շթրասպուրկ եւ Ենայի համալսարաններու մէջ, նշանաւոր հայագէտ եւ բիւզանդագէտ Գելցէրի ձեռքին տակ:
Ենայի համալսարանի փիլիսոփայական բաժինը աւարտելէ ետք, ան կը հրատարակէ աւարտաճառը` “Ալպանիոյ պատմութեան համար յօդուածներ“ Լայփցիկի մէջ, 1897ին:
Մօտ մէկ տարուան մէջ կը ճամբորդէ Լոնտոն, Փարիզ, Պերլին եւ Վիեննա քաղաքները, ուսումնասիրելու համար այնտեղի պետական թանգարանները, ազգային գրադարանները եւ համալսարաններու արխիւները:
1897ի վերջերը կը վերադառնայ Հայաստան եւ կը կարգուի Էջմիծանի Գէորգեան ճեմարանի ուսուցիչ: Կը դասաւանդէ հին յունարէն, գերմաներէն եւ յունական գրականութեան եւ փիլիսոփայութեան պատմութիւն: Էջմիածին գտնուած ատենը կը կատարէ բանասիրական աշխատանքներ, օգտուելով վանքի ճոխ ձեռագրատունէն:Գ. Տէր Մկրտչեանի հետ լոյս կ՛ընծայէ “Հայ Հին Վկաներ“ աշխատութիւնը:
Գէորգեան ճեմարանը հիմնուած է 1869 թուին: Սակայն, ուսումնական կանոնաւոր աշխատանքները սկսածեն 1874-ին: Ճեմարանին նպատակն էր հայոց ազգին եւ եկեղեցիին համար հասցնել պատրաստուած հոգեւորականներ եւ մտաւորականներ: Իր համահայկական բնոյթով` ճեմարանը արդէն իր հովանիին տակ համախմբած էր Հայաստանի եւ Կովկասի ամէն կողմերէն ուսումնասէր պատանիներու ստուար թիւ մը: Գէորգ Դ. Կաթողիկոս Պոլսեցի էր եւ հիմնադիրը Գէորգեան ճեմարանին:
Տարի մը վերջ 1898-ին ուսումը աւելի լաւ շարունակելու համար Ս. Փէթրսպուրկի կայսերական համալսարանի արեւելեան լեզուներու կաճառի քննութիւններուն կը մասնակցի, փրոֆ. Ն. Մառին մօտ կը ստանայ առաջին կարգի վկայականը:
1900-1905-ին Գէորգեան ճեմարանի մէջ ուսուցչութիւն ընելէ ետք, կը տեղափոխուի Թիֆլիս եւ դասատու կը կարգուի ռուսական գիմնազիոնի մէջ, (գերմաներէնի, հայերէնի եւ հայ գրականութեան):
1901-ին, Գերմանիոյ մէջ, առաջին անգամ ըլլալով լոյս կը տեսնէր պարբերական մը երկու լեզուներով, հայերէն եւ գերմաներէն. այստեղ կարող ենք հաստատել, որ գերմանահայութեան անդրանիկ թերթը եղաւ, որովհետեւ ասկէ առաջ Գերմանիոյ մէջ ոչ մի թերթ հայերէն լեզուով լոյս չէ տեսած: Այս պարբերականը լոյս տեսած է միայն չորս տարի “Հանդէս Հայագիտութեան“, “Zeitschrift Fuer Armenischen Philologie“ Marburg քաղաքին մէջ:
1901 եւ 1902 տարիներուն պարբերականի հրատարակիչն եղած է հայագէտ prof. Franz Nicolaus Finck գործակցութեամբ` Աբգար Յովհաննիսեանի, իսկ հրատարակութեան պատասխանատու խմբագիրներ` Յակոբ Մանանդեան եւ Եզնիկ վրդ. Գեանջեցեան: Այս գրական, պատմական, լեզուագիտական եւ ազգագրական պարբերականի մէջ լոյս տեսած են յօդուածներ նշանաւոր հայ մտաւորականներէն` Կոմիտաս Վարդապետ, Հ. Աճառեան, Ստեփան Մալխասեան, Ստեփան Քարայեանց, դոկտ. Բ. Խալաթեանց եւ շատ ուրիշներ:
Ժամանակին գտած էինք Մարպուրկի համալսարանի գրադարանին մէջ այս պարբերականի բոլոր թիւերը: Առաջին թիւին մէջ կը կարդանք հետեւեալը.- “Յարգելի հեղինակները թող բարեհաճին գրական եւ պատմական բովանդակութեամբ ձեռագիր ուսումնասիրութիւններն ուղարկել Էջմիածին պրն. Յակոբ Մանանդեանին, իսկ լեզուագիտական եւ ուղղագրական բովանդակութիւն ունեցող ձեռագրերը` Էջմիածին, Եզնիկլ վրդ. Գիանջեցեանին: Խմբագրութեան անունով գրութիւնները պէտք է ուղարկել Թիֆլիս պրն. Ֆրանց Նիքօլաուս Ֆինկին (Գոլովինսկի): Աշխատակիցներին ձրի տրւում է իրենց յօդուածի տասն օրինակ արտատպութիւն. իսկ եթէ կամենան իրեց ծախքով աւելի օրինակ ստանալ, թող բարեհաճին այդ մասին ձեռագրի վրայ յիշատակութիւն անել“:
Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան նախկին վարչապետ` Սիմոն Վրացեան իբրեւ Գէորգեան ճեմարանի ուսանող, իր ուսուցիչներուն եւ Յակոբ Մանանդեանի մասին հետեւեալը կը գրէ.-
“Ահա բարձրահասակ, պատկառելի տեսքով Կարապետ վրդ. Տէր Մկրտչեանը, Գերմանիայում ուսում առած եւ արդէն գիտնականի համբաւի տիրացած մեր տեսուչը: Անցնում է հանդիսաւոր քայլերով, շորորալով, վեղարի ծալքերը հովին տուած:
Նրա կողքին, կարճահասակ ու վտիտ, մանր աչքերով ու մանր քայլուածքով Գարեգին վրդ. Յովսէփեանը – (Պօղոս Առաքեալը) – Կիլիկիոյ ապագայ Կաթողիկոսը: Ջղային շարժումներով ինչ որ բան է պատմում:
Ահա Մանուկ Աբեղեանը–գիւղացու– ծանրախոհ դէմքով, գլուխը միշտ կախ, հաստ գաւազանը ձեռքին: Բանաստեղծ Յովհաննէս Յովհաննէսեանը` առիւծի ալեհեր բաշով եւ անփոյթ շարժումներով, խօսում է ռուսերէն, ասորական մօրուքով, անյպիտ, գլուխը դէպի աջ թեքած մի երիտասարդի հետ – Սիրական Տիգրանեան` Պետական Դումայի անդամ ապագային, Հայաստանի Խորհրդարանի փոխ–նախագահ եւ Հայաստանի համալսարանի ուսուցչապետ:
Սիրով ու երախտագիտութեամբ յիշում եմ եւ մեր յունարէնի ու պատմութեան ուսուցիչ Յակոբ Մանանդեանին, որ վերջը դարձաւ նշանաւոր պատմաբան: Բարձրահասակ, բարեկազմ, համակրելի դէմքով, միշտ կոճկուած ու լուրջ` մարդամօտ չէր, պաշտօնական էր աշակերտների հետ, բայց հիանալի ուսուցիչ էր: Ուսած էր ռուսական եւ գերմանական բարձրագոյն դպրոցներում եւ իր աւանդած առարկաները, յունարէն ու պատմութիւն, սիրելի էր դարձնում աշակերտներին: Նրա անունը մենք դրել էինք Գիգնոնտայ:
Իմ յիշողութեան մէջ անմոռանալի է Մանանդեանի մէկ ճառը ուղղուած աշակերտներին` մի տօնական ճաշկերոյթի առթիւ: Նիւթն էր Հայ ազգի ներկայ վիճակը եւ ճեմարանականների պարտականութիւնը Ազգի հանդէպ: Այսօրուայ պէս հնչում են իմ ականջներում նրա ոգեշունչ խօսքերը.
– Մեր Ազգը տգէտ է, մեր Ազգը ճնշուած է, մեր Ազգը թշուառ է…
– Եւ վերջը.
– Դուք պէտք է պատրաստուէք ամոքելու ազգի ցաւը: Ազգի յոյսն էք դուք…
Մեր սրտից էր խօսում նա, որովհետեւ մենք էլ համարում էինք մեզ Ազգի յոյսը:
Մանանդեանին շատ մտերիմ էր Սիրական Տիգրանեանը` մեր Ռուսաց պատմութեան, եկեղեցական իրաւունքի եւ հոգեբանութեան ու տրամաբանութեան դասատուն:
Հայ եկեղեցական կալուածների գրաւման տարին էր: Ես Ճեմարանի Դաշնակցական կազմակերպութեան կողմից պատգամաւոր էի կուսակցութեան Շրջանային Ժողովում, որ գաղտնի գումարուած էր Վաղարշապատի մեծ այգիներից մէկում: Եւ որքա՜ն եղաւ իմ զարմանքը, երբ տեսայ ժողովի նախագահ Սիրական Տիգրանեանին եւ նրա կողքին նստած Յակոբ Մանանդեանին:
Հետագային Յ. Մանանդեանը դուրս եկաւ Դաշնակցութիւնից եւ մնաց անկուսակցական, իսկ Ս. Տիգրանեան մինչեւ մահ մնաց Դաշնակցական…“:
1903-ին Հ. Աճառեանի հետ միասին Յակոբ Մանանդեանը կը հրատարակէ “Հայոց Նոր Վկաները“ գործը, սկիզբը որպէս “Գիտական հրատարակութիւն“, ապա նաեւ իբրեւ ժողովրդական հրատարակութիւն:
Յակոբ Մանանդեան 1909-ին կը մասնակցի Դորպատի համալսարանի իրաւաբանական կաճառի քննութիւններուն, իրաւունք կը ստանայ պաշտօնավարելու դատական հիմնարկներուն մէջ` զբաղուելու իրաւաբանութեամբ: Նոյն տարին կը վերադառնայ Պագու եւ կը զբաղի հանրային գործունէութեամբ եւ կ՛աշխատակցի “Գործ“ ամասաթերթին միեւնոյն ժամանակ կը զբաղի փաստաբանութեամբ:
Ռուսական կայսերական ակադեմիան 1911-ին կը հրատարակէ Յակոբ Մանանդեանի վերջին տարիներու աշխատասիրութիւնը, “Մեկնութիւն Ստորագրութեանց Արիստոտէլի, Ընծայեալ Ելիսայի Իմաստասէրի“:
1911-1913ին կը դասաւանդէ Պագուի ժողովրդական համալսարանի մէջ, 1915-1919ին Պագուի Առեւտրական դպրոցին մէջ:
Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեանշրջանին կը վերադառնայ Երեւան եւ կը դառնայ դասախօս` նորաբաց համալսարանի եւ այդ օրուընէ սկսեալ ամբողջութեամբ իր ուժերն ու հմտութիւնը կը նուիրէ հայագիտական աշխատանքներու եւ յստակապէս Հայոց Պատմութեան: Երեսուն տարի կապուած կը մնայ Հայաստանի համալսարանի հետ:
Հայաստանի Հանրապետութեան խորհրդայնացումէն ետք, Յակոբ Մանանդեան կը մնայ Երեւան, եւ երբ համայնավարները կը վերաբանան համալսարանը Երեւանի մէջ, զինք կը նշանակեն “ժողովրդական“ անունով վերամկրտուած համալսարանի տնօրէն` գաղտնի քուէարկութեամբ, Յունուար 23, 1921 թուականին: Համալսարանի տնօրէներէն միայն Յակոբ Մանանդեանն է, որ ըստ ժամանակաւոր կանոնագրութեան ընտրուած է փակ (գաղտնի) քուէարկութեամբ, հետագային տնօրէնները կը նշանակուէին Հ.Ս.Խ.Հ. Լուս ժողկոմիտէի, ապա Ս.Ս.Ռ.Մ. բարձրագոյն կրթութեան կոմիտէներու կողմէ:
Յ. Մանանդեանի շնորհիւ է, որ համալսարանի շուրջը կը համախմբուին այնպիսի փայլուն եւ մեծատաղանդ գիտնականներ` Գ. Ղափանցեան, Հ. Աճառեանը, Ստ. Մալխասեանը, Մանուկ Աբեղեանը եւ ուրիշներ:
Բայց կարճ ժամանակ յետոյ, համալսարանի տնօրէնութիւնը կը յանձնուի համայնավարի մը` Յ. Յովհաննիսեանին, իսկ Յակոբ Մանանդեան կը մնայ իբրեւ դասախօս հին շրջանի Հայոց Պատմութեան: Մանկավարժական գործունէութեան հետ, կը զբաղի նաեւ գիտական աշխատութիւններով եւ հետզհետէ լոյս կ՛ընծայէ համալսարանի եւ հետագային նաեւ Գիտ. Ակադեմիայի տեղեկագիրներուն մէջ, շարք մը ուսումնասիրութիւններ, որոնցմէ շատերը կը վերամշակէ հետագային եւ կը հրատարակէ առանձին հատորներով:
1922ին, լոյս կը տեսնէ անոր “Հայաստանի Պատմութիւնը թուրք–թաթարական արշաւանքների շրջանում“ աշխատութիւնը:
Գիտական մամուլի մէջ տպագրած է պատմագրական արժէքաւոր յօդուածներ` ինչպէս` “Դիտողութիւններ հին Հայաստանի շինականների դրութեան մասին` մարզպանութեան շրջանում“, “Հայաստանի արքունի հարկերը մարզպանութեան շրջանում“ եւայլն:
Նոյն տարիներուն, առանձին գիրքերով լոյս կ՛ընծայէ “Նիւթեր հին Հայաստանի տնտեսական կեանքի պատմութեան“ երկու պրակներով, 1927 եւ 1928ին: Կը յաջորդեն` “Յունաբան դպրոցը եւ նրա զարգացման շրջանները“ Վիեննա, 1928ին: “Կշիռները եւ չափերը հնագոյն հայ աղբիւրներում“ 1930, “Հայաստանի առեւտուրի եւ քաղաքների մասին` կապուած հին ժամանակների համաշխարհային առեւտուրի հետ“ ռուսերէն 1932ին, “Պատմական–աշխարհագրական մանր հետազօտութիւններ“ 1932ին, “Խորենացու առեղծուածի լուծումը“ 1934ին, “Էրատոսթինեսի ստադիոնը եւ պարսից ասպարէզը“ 1930ին, “Ֆեոդալիզմը հին Հայաստանում“ 1934ին, “Հին Հայաստանի գլխաւոր ճանապարհները ըստ Պեւտիգերեան քարտէսի“ 1936ին, “Թէովնեա յաղագս ճարտասանական կրթութեանց` հանդերձ յոյն բնագրաւ“ 1938ին եւ այլ աշխատութիւններ:
1944ին կը հրատարակէ “Հին Հայաստանի եւ Անդրկովկասի մի քանի պրոբլէմների մասին“ փոքրիկ գործը: Յ. Մանանդեան այս գիրքին մէջ կը մեկնաբանէ Քսէնոֆոնի Հայաստանեան ուղեգծի նոր տեսութիւնը:
Փրոֆ. դոկտ. Յակոբ Մանանդեանի պատմագրական հետազօտութիւններու մէջ բացառիկ տեղ կը գրաւէ “Տիգրան Երկրորդը եւ Հռոմը“ 1940 Երեւան, որով ռուսերէն թարգմանութիւնը լոյս կը տեսնէ 1941ին, ֆրանսերէնը 1966-ին Փարիզի մէջ, իսկ հայերէնը վերահրատարակուած է 1971ին:
Հայաստանի Գիտութիւններու Ակադեմիան 1943-ի Նոյեմբերին դարձաւ ինքուրոյն: Մինչ այդ նախապէս ենթակայ էր ընդհ. Սովետական Միութեան Ակադեմիային: Փրոֆ. Յակոբ Մանանդեան պատմաբան, բանասէր եւ աղբիւրագէտ, կը ստանայ իր փրոֆէսորի տիտղոսը 1925-ին, գիտ. վաստակաւոր գործիչ 1935-ին, պատմական գիտ. դոկտ. 1938-ին: Ս.Ս.Հ.Մ. Գ.Ա. ակադեմիկոս 1939-ին, Հ.Ս.Ս.Հ. Գ.Ա. ակադեմիկոս 1943-ին:
Յակոբ Մանանդեանի “Քննական տեսութիւն հայ ժողովրդի պատմութեան սկիզբէն մինչեւ Արշակունիների հաստատումը Հայաստանի մէջ“ գործի Ա. Հատորը լոյս տեսած է 1944-ին Երեւանի մէջ, իսկ Գ. հատորը լոյս տեսած է անոր մահէն ետք 1952-ին Երեւանի մէջ:
1948-ին Դեկտեմբեր ամսուայ մէջ, շիստ համեստ հանդէսվ մը, այն օրուայ հայ համայնավարները կը նշեն պատմագէտ Յակոբ Մանանդեանի ծննդեան 75ամակը: Ատիկա վերջին մեծարանքն է եղած, զոր անոնք կ՛ընծայէին բազմավաստակ գիտնականին:
Յ. Մանանդեան կը մահանայ Փետրուար 4, 1952-ին եւ թաղուած է պետական համալսարանի հին շէնքի բակին մէջ: “Տիգրանի այս հայկական մեծ պետութեան մէջ առաջնակարգ դեր էր կատարում կալուածատէր հայ ազնուականութիւնը, որ նրա գլխաւոր յենարանն էր ինչպէս յաղթական կռիւներում, նոյնպէս եւ պետական, կառավարական գործերում“:
Յակոբ Մանանդեան
“Քննական Տեսութիւն“
Ըստ Գ. Գիւզալեանի.- “Յակոբ Մանանդեանը սկիզբը երեւաց որպէս բանասէր, որպէս հին բնագիրի, նրանց հայերէն թարգմանութիւնների հրատարակող: Այս շրջանում նրան հետաքրքրում էին հայոց մշակոյթի իտէալական գաղափարական հիմքերը, յունական մտաւորական հոսանքների արձագանգումը հայ հին գրականութեան մէջ: Այսպիսի հետաքրքրութիւն նրա մէջ զարգացրել էր գերման բանասիրութիւնը եւ այսպիսի աշխատանքի համար նա լաւ գիտէր յունարէն լեզուն: Իսկ սրանք միայն լեզուներ չէին նրա համար եւ հիմնովին ծանօթ էր նաեւ լատին լեզուին: Գերմանիոյ մէջ Յ. Մանանդեանը իւրացրել էր գերման պատմագիտութեան ոգին` լինել փաստացի, միշտ ղեկավարուիլ մէկ սկզբունքով, որ պատմութիւնը փաստերի գիտութիւն է, գործ ունի եզակի եւ չկրկնուող փաստերի հետ:
Հայոց պատմութեան հետազօտութիւնը Յ. Մանանդեան կատարում է միայն սկզբնաղբիւրների հիման վրայ, այսինքն` հայ լատին եւ յոյն աղբիւրները ի նկատի ունենալով: Ասորերէն նա չգիտէ եւ ցանկութիւն է յայտնում, որ մէկ ասորագէտ օգտագործէ այդ լեզուով եղած աղբիւրները հայոց պատմութեան լուսաբանութեան համար: Իսկ այդ աւելի քան անհրաժեշտ է, որովհետեւ հայ մշակոյթի հոլովոյթը երկար ժամանակ պայմանաւորուած է եղել ասորական ազդեցութեամբ թէ՛ քրիստոնէութիւնից առաջ եւ թէ՛ յետոյ: Նոր պատմագիտութիւնը նրան մատչելի է ռուսերէն, գերմաներէն, անգլերէն եւ ֆրանսերէն լեզուներով: Իսկ յոյն եւ լատին աղբիւրները ամէնէն կարերորներն են, որոնք նա օգտագործել է սպառիչ ձեւով: Չկայ հին գրականութեան մէջ մէկ էջ, մէկ նախադասութիւն, հայերին վերաբերող եւ Հայաստանում կատարուած քաղաքական դէպքերի, հաստատութիւնների, դէմքերի մասին, որ նա ի նկատի ունեցած չլինի:
Յ. Մանանդեան մարքսիստ չդարձաւ, կը շարունակէ Գ. Գիւզալեան, բայց մարքսիզմը նրա պատմագիտական մտքին տուեց նոր թեքում: Նոր պայմաններում նա իր բովանդակ կարողութիւնները նուիրեց Հին եւ Միջնադարեան Հայաստանի ընկերային կեանքի հետազօտման, տնտեսութեան, դասերի, նրանց յարաբերութեան եւ անցած փուլերի լուսաբանութեան: Նա չմոռցաւ այս բոլորը կապելու քաղաքական հոլովոյթի եւ մշակութային հոսանքների հետ“:
Յակոբ Մանանդեանի “Քննական տեսութիւն հայ ժողովրդի պատմութեան“ Գ. հատորի մասին ժամանակին բաւականի գրախօսականներ գրուեցան: Գէորգեան Ճեմարանի եւ Փրակայի համալսարանի շրջանաւարտ եւ պատմագէտ, գրող եւ ուսուցիչ` Գ. Գիւզալեան իր ուսուցիչի գիրքին մասին կը գրէ.- “Մանանդեանի ուսումնասիրութեան նիւթը բուն Հայաստանի Պատմութիւնն է, հեղինակը ի նկատի չունի նոյն ժամանակներում հայ իշխանների ճիգերով ստեղծուած Կիլիկեան կամ “Ռուբինեան թագաւորութեան պատմութիւնը“: Ըստ հեղինակի “Հայութեան այս երկու հատուածների պատմական անցքերը, թէեւ ունին շփման ընդհանուր կէտեր, սակայն ունեցել են տարբեր ընթացք եւ բովանդակութիւն““:
Սփիւռքահայ բանասէր Յ. Քիւրտեան ժամանակին կը գրէր.- “Յակոն Մանանդեան խղճամիտ գործ մըն է ուր տուած է, գործ մը` որ կարելի է մեծ հետաքրքրութեամբ կարդալ ծայրէ ծայր: Յ. Մանանդեան կարծես մասնաւորաբար Արեւելեան Հայաստանը նկատի ունի, միայն Վրաստանով եւ Հիւսիսային Ատրպատականով: Իսկ Արեւմտեան Հայաստանի պատմութիւնը գրեթէ անտես առնուած է:
Մինչ կը խօսի Մոնկոլ տիրակալներու պետութեանց սահմաններուն, Հայաստանէն դուրս կատարած արշաւանքներուն եւ այլ մանրամասնութեանց մասին: Ակնարկութիւն չկայ հայկական գաղթականութեանց, հայ պետականութեանց այլուր արմատ բռնելուն մասին, օրինակ` Բիւզանդական սահմաններուն մէջ, Ատրիք եւ Միջագետք:
Ըստ հարեւանցի եւ Հայաստանի եւ Հայ–Կիլիկիոյ յարաբերութեանց մասին իր քանի մը լոկ թուական ժամանակագրութիւնները, մինչ քննական պատմութեան մը մէջ կը յուսայինք գտնել լուսաբանութիւններ Հայաստանի եւ արտասահմանի պետականացած եւ ոչ պետականացած հայ մեծ զանգուածներուն յարաբերութեանց մասին:
Ուրեմն Յ. Մանանդեանի պատմութիւնը, որ հայ ժողովուրդի պատմութեան քննական մէկ տեսութիւնը չէ` քննական ընտիր ժամանակագրութիւն մըն է Արեւելեան Հայաստանի մասին, աւելի` ժամանակագրութիւն մըն է արտաքին ներխուժմանց եւ ընդհարումներու: Իբր քննական տեսութիւն` հայ ժողովուրդի պատմութեան գործը պէտք էր ունենար աւելի խոր եւ լուրջ մշակում ժամանակուան հայութեան առօրեայ կեանքին, նիստուկացին, առեւտուրին, մշակութային եւ տնտեսական զարգացման:
Յ. Մանանդեանի գործը որքան ալ սահմանափակ, սակայն դարձեալ կարեւոր պակաս մըն է որ կը գոցէ“:
“Ֆէոդալական կարգը այն մնայուն եւ կայուն միջավայրն է, որի մէջ հայութիւնն ապրել է իր կազմաւորման առաջին իսկ օրերից մինչեւ 16րդ դարի սկիզբը, իսկ որոշ ասումով էլ մինչեւ 19րդ դարը“:
ՅԱԿՈԲ ՄԱՆԱՆԴԵԱՆ
Գերմանիա