
Օրհան Փամուքի նկարագրած ցուրտէն, փուքէն ու սառնամանիքէն` “Ձիւն“էն ետք, դժուար ու բարդ է ամէնայն իրապաշտութեամբ նկարագրել գարունը… “թրքական գարունը“, որ ժամանած կը թուի ըլլալ:
Արդէն իսկ, նոյնինքն Պոլսոյ “Թաքսիմ“ հրապարակի վրայ գտնուող ցուցարար ամբոխը, սկսած է բաղդատութիւն մը կատարել Գահիրէի “Թահրիր“ (Ազատութիւն) հրապարակին վրայ, Յունուար 2011-ին սկսած Եգիպտոսի գարնան հետ:
Հոս տարբեր են պայմաններն ու անոնց ետին կանգնող ղեկավարները: Թուրքերուն Մուպարաքը` վարչապետ Ռէճէպ Թայիպ Էրտողանն է, որ իր կարգին լրջօրէն կը տառապի մեծամոլութեան բարդոյթէ:
Քաղաքականութեան բնագաւառէն ներս քանդիչ այս հիւանդութիւնը ղեկավար Էրտողանին տարած է այնպիսի ծայրայեղութեան մը, որ ան յառաջիկայ տարեշրջանին որոշած է նախագահական ընտրութիւններուն մասնակցիլ եւ այդ ալ փոփոխութեան ենթարկուած սահմանադրութեամբ մը, ուր երկրին ղեկավարութիւնը փոխան աւելի ժողովրդավարական կանոններով առաջնորդուող` խոհրդարանական բնոյթ ունենալու, ստացած է նախագահի միահեծան ղեկավարութեան դրութիւնը…այսինքն օ՛ն դէպի մենատիրութիւն եւ բռնատիրութիւն:
Պոլիս եւ Էրտողան կապը…հին պատմութիւն է: Դեռ քսան տարի առաջ քաղաքապետ, Էրտողան ամրօրէն շինած էր իր “վոհմակ“ը, որ ցայսօր կը գործէ ի շահ քաղաքի արդիականացման եւ անշուշտ սեղմ շրջանակի մը “գրպաններ“ու լիցքաւորման:
Հաւաքները սկսած էին Թաքսիմի մօտակայ Կեզի հանրային պարտէզին շուրջ, յատկապէս բնութեան պաշտպան կազմակերպութիւններու կողմէ, որոնք ժամանած էին եւ ազդանշանը տուած իրենց “սիթ-ին“ին, նկատի ունենալով որ կառավարութիւնը, որոշած էր մայրաքաղաքի այդ կանաչ անկիւնն ու քանի մը ծառերը փոխարինել առեւտրական հսկայ համալիրով:
Էրտողանի ղեկավարութիւնը փորձած էր համոզել այս բնութենապաշտները, թէ այդ “քաղաքի մեկուսացած ծառեր“ուն վնաս պիտի չհասցուէր, այլ պարզապէս պիտի փոխադրուէին կամ տարագրուէին – ըստ երեւոյթին տարագրութիւնը կը մնայ առաջնահերթ մասնագիտութիւն` թուրք ղեկավարութեան մօտ – այլ վայրեր:
Սակայն այդ քանի մը արմատախիլ եղած ծառերուն ետին կար այլ իմաստ, այլ հասկացողութիւն: Պոլսեցին ձանձրացած էր այս արդիականացման որոշումներէն եւ հետզհետէ սկսած էր ենթագիտակցիլ, թէ քաղաքը կորսնցուցած է իր իսկական կառոյցն ու պատկերը: Այսպէս կառչած իր արմատներուն, ան որոշոց բողոքի դրօշ բարձրացնել: Բնակաբար ամբոխին թիւը բարձրացած էր եւ դեռ ալ պիտի բարձրանայ:
…Եւ այս ամբոխը կոչել ահաբեկիչ խմբաւորումներ կամ խուլիկաններ…Չէ՛, հոս Էրտողան ինքն իր ծուղակին մէջ ինկած կը թուի եւ իր արձակած “պումըրանկ“ն ալ, վերստին դիմաւորած: Ինք լաւապէս քաջատեղեակ է թէ, որո՞նք են իսկական ահաբեկիչները եւ թէ ի՞նչ պայմաններու տակ ու ի՞նչ ճամբաներով կարելի եղած է այս բջիջները…Սուրիա փոխադրել:
Վերջապէս, հետզհետէ անորոշութիւն եւ երկմտանք կը տիրէ, այս ամբոխին դէմ դիմադրող տեղւոյն ոստիկաններուն մօտ, որոնց տարազներուն վրայ տեղադրուած է իրենց նշանաբանը.- “Ծառայել ժողովուրդին“:
…Գարնան ժամանումով, անոնք որքա՜ն պիտի շարունակեն “ծառայել ժողովուրդին“…:
ՀԱՅՐԵՆԻՔ