Յօդուածներ
ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ «ԱՅՔԸՆ»
Գէորգ Պետիկեան
Հեռաձայնի աղմուկէն ընդոստ արթնցաւ: Ոչ միայն վախցած՝ այլ անիծեալ այդ ճչոցը հիմա զինք անժամանակ սարսափի մատնած էր: Սիրտը, կարծես զինք պատող վանդակը պատռելով, դուրս պիտի նետուէր: Աւելի քան վայրկեան մը այս վիճակին մէջ մնաց: Կեանքին մէջ այսչափ չէր վախցած: Վախը փարատող ումպ մը ջուր ուզեց խմել, մինչ հեռաձայնի գործիքը տակաւին կը բացականչէր: Մութին մէջ խարխափելով հապճեպ՝ ջուրով լեցուն իր գաւաթը փնտռեց:

