ՀԱԶՐՕ
–Բարեւ
=Ողջոյն
–Արեգը վերադարձա՞ւ
=Նորէ՞ն
–ինչո՞ւ ոչ
=Տակաւին.
–Ազդանշանները
պէտք չէ՞ մաքրուին
=Կարիքը չկայ
–կրնա՞ն կարդալ
=Անասուննե՞րը.
–Կիսափուլ տուներէն
ծուխ կը մխա՞յ
=Նախորդ դարու
պատմութիւնն է
չի մոռցուիր
–Տակաւի՞ն
=Անծանօթ են խաղին
–Միւսնե՞րը
=Գացին
–Ինչո՞ւ
=Մոսկուան
Պոլիսը
Քաթարը
Փարիզը
Ամերիկա՜ նե՜րը
վա յե լե լու
–Վայելելո՞ւ
=Այդպէս բան մը
–Ծանօթ ե՞ն լեզուներուն
=Կաւատները սորվեցուցին
համը անկողինին
մարդոց
դրամին
–Բոլո՞րը
=Մնացեալները
“վռնտեցին“
–Ո՞վ
=Ծանօթները
–Զարմանալի՞
=Հրահանգովը
շէֆերուն
–Տուներո՞ւն
պէտք ունէին
=Տուներուն
հողերուն
խիղճերուն
–Եթէ խիղճերը
չանսացին
=Դարձան խեղճ
անտուն
անօթի
գաղթեցին
–Երկիրը նո՞յնն է
=Նոյնը
կամ տարբեր
արեւը նոյնն է
ամէն տեղ
–Բայց
հողը տարբեր
=Հարց չէ
կը վարժուին
կը սորվին լեզուն
ուշ կամ կանուխ
կը ձուլուին
–Իսկ դո՞ւք
=կը սպասենք
Կոտոյին.
–Երկիրը նո՞յնն է
=Նոյնն է
–Արտագաղթողներ կա՞ն
=Շատ
–Ով որ կ՛ուզէ
=Ով որ կրնայ.
–Ոմանք
կը շարունակեն տեսնել
Դէպի Երկիր
“երազը“
Կ՛ուզե՞ն ներգաղթել
–Կը թուի
=Կողոպտուելո՞ւ
–Ի՞նչ ընեն
=Այցելութեան
թող երթան
համբուրեն հողը
պապենական
քանի ուշ չէ
–Ինչո՞ւ
=Փրոթոքոլի
սիրահարները
ստորագրութեան հետ
տակաւին
հողը
չեն ծախած
Թուրքին.
–Թշուառներ կա՞ն
=Այդ ալ ինչքա՜ն
–Ո՞ւր են
Մաս մը
Երեւանի հիւրանոցներու
մուտքերուն
եթէ վճարեն
–Միւսնե՞րը
=Երկրաշարժէն
տուժած շրջանները
–Նորոգելո՞ւ
=Ապրելու
–Վերջապէս
նորոգեցի՞ն
=Համբերէ
կամա՜ց կամա՜ց
կը նորոգեն.
–Ծաղկաձոր այցելողներու
թիւը աճած է
=Վաղը կը նուազի
–Ինչպէ՞ս
=Նոր ամուսնացող
այցելուներուն
թիւը պիտի բազմապատկուի
անշուշտ ո՛չ բոլորը
միայն անոնք
որոնք կրնան
թագաւորական պսակի
ծախսերը հոգալ
պիտի վայելեն
Ծաղկաձորի բարիքները
–Թագաւորական
պսակի՞
=Վաղը կը լսես
երբ պալատներու
շինութիւնը աւարտի
–Ո՞ւր
=Ծաղկաձոր
–Յուսամ
պիտի չտուժեն
անտառները
բնութիւնը
պատմական վայրերը
հնութիւնները
=Հազարամեակներ լռած
աւերակնե՞րը
ծառե՞րը
աւելի կ՛արժեն
թէ՞
դրամը.
–Երեւա՞նը
=Հինը չէ՛
–Էրեբունի՞ն
=Թամանեանին երազածը
–Կարելի է այցելել
=Անշուշտ
–Փողոցները նոյնն ե՞ն
=Փողոցները նոյնն են
բայց
պալատները
շէնքերը
շինութիւնները անծանօթ
–Պալատները
շէնքերը
շինութիւնները անծանօթ
նո՞ր են
=Նոր են
հիանալի
կը կորսուիս
–Ինչո՞ւ այդքան
ինչպէ՞ս
=Սու՛ս
Մաֆիոզները չլսեն
-…
=Նաեւ Շէֆերը
–Ղեկերը
չտեսա՞ն
չզգացի՞ն
=Աշուշտ
տեսան
զգացին
վայելեցին
օրերը շաքարահամ
կը վայելեն տակաւին.
=Մէկը
=նոր խաչակրութեան կը սպասէ
–Տակաւի՞ն
=Ամէն օր
Վանոյի ձեռքով հիւսուած
թագերը նոր փորձելով
–Առանձին
=Շատեր շարքի կեցած
կը սպասեն կարգի
¬Մի՞ւսը
=Կարգին
Businessmanէ
ոչ տեսաւ
“ոչ լսաւ“
“ոչ խօսաւ“
ոչ ըրաւ
միլիառներ դիզած
հեռացաւ
–Ինչպէ՞ս
=Հետեւեցաւ
վարպետներու օրինակին
հիմա կը փորձէ
ունեցածը բազմապատկել…
–Նորը
=Ամէն պարանի վրայ
պարել գիտէ
ամէն բեմի վրայ
երգել
օդանաւէ
բարեւ
համբոյր ղրկել
անշուշտ
եթէ տէրերը
թոյլ տան
կամ
թելադրեն…
–Ուրի՞շ
=Ֆութպոլի խաղը
շատ կը սիրէ
մանաւանդ
թրքականը
(Շարունակելի…)