
Գէորգ Պետիկեան
Ընդհանրապէս քաղաքականութեամբ զբաղուողը չեմ։ Ո՛չ թէ, որովհետեւ չեմ սիրեր,
այլ՝ անկեղծօրէն, չեմ հասկնար։ Եւ ամէն անգամ ընտանեկան կամ ընկերային մեր հաւաքներուն, իբրեւ ընդհանուր խօսակցութեան նիւթ, երբ սա քաղաքականութիւն ըսուած ճիւաղին «գնդակը» մէջտեղ նետուի եւ խօսակիցներս սկսին մեծ ու լայն ախորժակով բարձրաձայն, նոյնիսկ պոռալով, ձեռքով եւ ոտքով արտայայտուիլ ու վիճիլ, կարծես իրենք ըլլային աշխարհի մեծ ու փոքր երկիրներու նախագահներու քաղաքականութիւնը գծողն եւ կամ ճշդողը, ես՝ կը մնամ լուռ։ Այլ խօսքով՝ անկարծիք եւ նոյնիսկ «չխօսքան», ինչպէս յաճախ կը կրկնէ երեւանցի հարեւանս։
Օ՜հ, կը ներէ՛ք, այս պահուն մեծ ու փոքր զանազան մտածումներ սկսած են մտքիս ծայրէն անցնիլ եւ գրիչս շեղել։ Ուստի պիտի չերկարեմ։
Բայց կ՚ուզէի անպայման յիշել հետեւեալը.- Անցեալ դարու 70-ականներու վերջին քա-ռորդին, երբ ընտանեօք այս երկրի Տիթրոյիթ քաղաքը նոր հաստատուած եւ առաջին իսկ առիթով տէր եւ տիկին մեզի մօտիկ խանութէն գնումի գացած էինք, հաւանաբար մեկնե-լով մորթիս գոյնէն, յանկարծ խանութի մուտքին գտնուող, դրամի արկղին դիմաց կեցող տարիքոտ պաշտօնեայ տիկինը, շատ մտերմիկ հարցուցած էր, թէ ես «ուրկէ» էի։
-«Ֆրամ Ալէբբօ», Հալէպէ՛ն, պատասխանած էի հպարտօրէն։
-«Ուէր իզ Ալէբբօ», ո՞ւր է Հալէպը, հարցուցած էր այս օտարը, քիչ մը անտարբեր ոճով, միաժամանակ շարունակելով իր գործը։
-«Ալէբբօ՛, Սիրիա՛», Հալէպ, Սուրիա, կրկնած էի արագ մը եւ աւելցուցած՝ «եու տօնթ նօ», չե՞ս գիտեր.- ըսած էի ձայնիս զարմանքի այնպիսի երանգ մըն ալ տալով, որ խորքին մէջ կար նաեւ «տընպօ՛, այս տարիքը հասած ես եւ տակաւին Հալէպին ո՞ւր ըլլալը չես գիտեր…» բաժինն ալ։
Վայրկեանին, կինս միջամտելով բացատրած էր, թէ «Հալէպը կը գտնուէր Սուրիոյ մէջ եւ թէ Սուրիա՛ն ալ՝ Միջին Արեւելքի մէջ…եւ…եւ…Իսրայէլի հիւսիսը…»։ Գիւտ մը։ Այսչափ։ Կինը, հազիւ Իսրայէլ բառը լսած էր, յանկարծ «օ՜հ», բացականչած էր եւ գլուխը շարժած, իբրեւ հասկնալու նշան եւ իր աշխատանքը շարունակած, առանց նոյնիսկ շնորհակալութիւն յայտնելու, որ գոնէ այդ օր աշխարհագրութեան նոր «դաս» մըն էր, որ սորված էր։ Ձրի նոր գիտելիք մը, եթէ կ՚ուզէք։ Ընդհանուր զարգացում։
Ու ինչ մեղքս պահեմ, վայրկեանին էրիկ-կնիկ իրարու երես նայած էինք եւ լռելեայն ու մտովի մեկնաբանութիւններ կատարելով՝ հեռացած։
Բայց, ինչո՞ւ այս օրինակը։ Կը կարծեմ, որ դարձեալ նիւթէս շեղած էի։
-Հա՛, յիշեցի։
Եթէ վերը յուշերս նուագած էի հին լարերուս վրայ, այժմ պիտի փորձեմ «նորերունը»։
Այսպէս, դարձեալ անցեալ դարու 90-ականներուն, երբ ամերիկեան բանակը Քուէյթ եւ Իրաք մտած ու «նստած» էր, արդէն յաջորդող քանի մը ամիսներուն, ամբողջ աշխարհը գրեթէ գոց սորված էր, թէ ո՞ւր կը գտնուէր Քուէյթը եւ ապա Իրաքը ու մանաւանդ անոր մայրաքաղաք՝ Պաղտատը, ապա՝ Քէրքուկն ու Պասրան, Մուսուլն ու այլ քաղաքները։ Աւելին՝ աշխարհը նաեւ տեղեակ եղած էր, թէ ո՞վ էր քիւրտը եւ կամ՝ ի՞նչ էր տարբերութիւնը իսլամ «սիւննի»ին եւ իսլամ «շիի»ին։ Ահա քեզի քաղաքականութիւն։
Եկո՛ւր եւ հասկցի՛ր։
Բայց կը կարծեմ, որ գոնէ այս անգամ, համայն աշխարհը անպայման շնորհապարտ պէտք է, որ ըլլայ ամերիկեան բանակին՝ Միջին Արեւելքի եւ Ծոցի ու յատկապէս Իրաքի մասին առատ եւ միեւնոյն ատեն ձրիօրէն նման տեղեկութիւնները «բաշխելուն» համար։ Տեղեկութիւններ՝ սակայն արիւնոտ եւ ցաւալի եւ որոնք միաժամանակ հազարաւոր անմեղ մարդկանց արիւնով շաղախուած էին։
Ահա՛, հիմա կը կարծեմ, որ վերջապէս գոնէ նիւթիս մօտեցած եմ։
Իսկ հիմա, թէեւ չեմ կարծեր, որ նորութիւն մը ըսած պիտի ըլլամ, այս բոլորին վրայ կ՚ուզեմ աւելցնեմ, որ ասկէ շուրջ եօթ տարիներ առաջ, դարձեալ քաղաքականութիւն ըսուած խաղին շնորհիւ, այս անգամ աշխարհը շատ աւելի մօտէն ճանչցաւ եւ ծանօթացաւ Սուրիոյ, ո՛չ միայն անոր մայրաքաղաք Դամասկոսին, այլեւ անոր գլխաւոր քաղաքներուն ալ։ Այսպէս, ցանկին վրայ իրարու ետեւէ աւելցան Ղութա, Լաթաքիա, Հոմս, Տէր Զօր, Համա եւ այլ քաղաքներ ու գիւղեր եւ ապա վերջին՝ մե՛ր Հալէպը ու մե՛ր Նոր գիւղը, իսկ այս օրերուն ալ՝ Աֆրինը։
Իսկապէս, որ հիւանդագին երեւոյթ եւ վտանգաւոր։ Համաճարակ հիւանդութիւններու նմանող՝ վարակիչ։ Հիւանդութիւններ՝որոնց վախը աւելի զոհ կը խլէ՝ քան մանրէն։
Պրաւօ՛, կ՚ըսեմ, այս «ուսուցիչներուն», որոնց տուած աշխարհագրութեան նոր եւ ձրի դասերուն համար, համայն աշխարհը անպայման շնորհապարտ պէտք է, որ ըլլայ։
Դասեր՝ օր ցերեկով եւ ան ալ համայն աշխարհի աչքին առջեւ։
Դասեր, որոնց համար շատ սուղ գին վճարած էր ի՛նք, տեղացի ժողովուրդը եւ նոյնիսկ մենք՝ իբրեւ այդ երկրի երկար տարիներու հաւատարիմ քաղաքացիներ։
Դասեր՝ որոնք տասնեակ հազարաւոր մարդոց կեանքերը խլած էին, ինչպէս նաեւ տասնեակ հազարաւորներ՝ անտէր եւ անտիրական դարձուցած եւ աւերակներու եւ փլատականերու վերածած անոնց բնակարանները։ Այլ խօսքով՝ խառնաշփոթ քարտէս։
Ու այս իրադարձութիւններէն մեկնած, այս օրերուն շատ դժուար է աշխարհի վիճակը բնորոշել։ Իսկ եթէ այս վարկածը ճիշդ էր, հապա՞ … հայութեան վիճակը։
Արդէն մեզմէ անկախ հասունցած էին դէպքերը։ Ու ամէն անգամ եւ ամէն առիթով կրկնած ենք, թէ ազգովին ներկայիս կ՚ապրինք մեր պատմութեան ամէնէն վտանգաւոր եւ ամէնէն վճռական պահերը։ Այս մասին պէտք է գիտակցինք։ Լրջանանք։ Հայու ոգին դժուար պայքարի մէջ է։ Զգաստանալ է պէտք։ Բայց ո՞վ է մտիկ ընողը։ Ահա թէ ինչո՞ւ կ՚այպանենք այս 21-րդ դարը, որ դարձած է ամեհի եւ խստաբարոյ եւ որ ունի ջղային տրոփում։ Հակասական եւ անհաւասար։
Ամէն ինչ բարդ է ու գրեթէ աննախատեսելի։ Ո՛չ ոք գիտէ, թէ վաղուան լոյսին հետ ի՜նչ ուրուականներ պիտի ծնին, կամ կրնան ծնիլ։ Աշխարհի մեծերուն դէմքերուն վրայ դժոխքի կնիքը շատ յստակ է։ Տեսանելի է։
Այս օրերուն նաեւ մեր կեանքն ալ դարձած է ամէնօրեայ սուր ճակատամարտ։ Ալ մանրուքներով զբաղելու ատենը շատոնց անցած է։ Չենք կրնար ամէն բան բախտին ձգել։ Չենք կրնար զիրար ատելով ապրիլ եւ կամ յառաջանալ։ Լուրջ եւ խոհեմ ու մանաւանդ առողջ մտածողութեամբ, գիտակից, հեռատես եւ արթուն ղեկավարութիւն է պէտք, թէ՛ Սփիւռքի եւ թէ՛ հայրենիքի մէջ։ Պատասխանատու կեցուածք։
Ազգովին, զոհ ենք աննպաստ պայմաններու։ Մէկ կողմէ արտագաղթ, միւս կողմէ՝ անգործութիւն, իսկ այս կողմէն՝ լեզուի պահպանման լուրջ խնդիր։ Վերջապէս, երբ պէտք է գիտնանք, որ միասնաբար պատասխանատու ենքպատմութեան առջեւ։ Այս կը նշանակէ չկորսնցնել միութիւնը ու արեան մէջ կրել մեր անցեալն ու ներկան։ Այլեւս հաւատալու չենք մեզի պարտադրուած զինադադարներու եւ կամ դաշնակիցներու կեղծ խոստումներուն։ Անոնք կը նմանին այն մերկացած ծառերուն, որոնք ժամանակ մը վերջ կրնան դարձեալ ծաղկիլ։ Խաբուսիկ իրավիճակ։
Բայց…
Վերջապէս, ի՞նչ կը նշանակէ այս բա՛յցը…ի՞նչ ըսել կ՚ուզուի…։
Այսինքն…Վաղը, հաւանաբար քաղաքականութիւն «խաղցող» այդ մեծերը, որոնք մինչեւ հիմա տարբեր ձեւերով բեմ բարձրացած եւ կամ մէջտեղ եկած էին, կրնան նոր քաղաքա-կանութիւններ «ածել» ժողովուրդներու գլխուն։ Նոր ու ծանր «խաղեր» կրնան խաղալ ու դարձեալ երկիրները արիւնով «լուալ»։ Ասոնք նորութիւններ չեն.-կ՚ըսեն շատեր , իրենց արեան մէջն են, կ՚աւելցնեն ուրիշներ։
Հետաքրքրական է սակայն գիտնալ, թէ ա՛յս անգամ որո՞ւ «քիթը» պիտի արիւնի կամ պիտի արիւնեն։ Հապա մենք։ Ա՜խ մե՛նք.- այնպէս կ՚երեւի, թէ մենք հեռու ենք այս բոլորէն։ Չեմ գիտեր ինչո՞ւ նման «բաներ» լուրջի չենք առած։ Կարծես տարբեր մոլորակի մէջ է, որ կ՚ապրինք։ Ազգովին միշտ դժգոհ ենք իրարմէ։ Զիրար չխաբենք։ Բայց հիմա ատոր ժամանակը չէ, որովհետեւ վաղը, շատ հաւանաբար, երբ աշխարհը աշխարհագ-րութեան նոր դասեր ստանայ, մենք ո՞ւր կեցած պիտի ըլլանք։ Արդեօ՞ք գիտենք, թէ ուր…։ Արդեօ՞ք պատրաստ պիտի ըլլա՞նք այդ «դասերուն»։ Հարկ է մենք մեզի հարց տանք։ Ի՞նչ պիտի ըլլայ մեր դիրքը, մեր կեցուածքը։ Մէյ մը լաւ նայինք մեր շուրջը։ Է՜հ, որքա՞ն է մեր ազգային գիտակցութեան չափանիշը։ Արդեօ՞ք «բան» մը սորված ենք կամ սորվեցանք Իրաքէն, Քուէյթէն եւ կամ ալ Սուրիայէն եւ կամ «արաբական գարուն»էն։
Ես Պիղատոս մը չեմ։ Մեղա՜յ…։
Ըսելիքս, արդէն սիւնակներուս սկիզբին ըսած էի։ Պարզ եւ յստակ։ Բարձրաձայն կը կրկնեմ.- «ե՛ս, քա ղա քա կա նու թե նէ բան չեմ հասկնար»։ Իսկ եթէ դո՛ւք կը հասկնաք, պատասխանեցէ՛ք, այս հարցումներուն եւ կամ ալ՝ բացատրեցէ՛ք, կը խնդրեմ։
Ապրի՛ս, Պետիկեան,
Կիրակի առտու համով-հոտով կարդացի գրութիւնդ՝ հաճելի, օգտակար եւ իմաստուն: