
ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ.- Օգոստոս 18-ին, Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան ընդունեց Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեանն ու Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի քաղաքական ներկայացուցիչ, ՀՀ Ազգային ժողովի արտաքին յարաբերութիւններու մշտական յանձնաժողովի անդամ Արմէն Ռուստամեանը:
Այս հանդիպումին, մասնակցեցան նաեւ Արցախի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովի փոխնախագահ Վահրամ Բալայեանը եւ Հ.Յ.Դ. Արցախի կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Դաւիթ Իշխանեանը:
Արցախի նախագահի աշխատակազմի տեղեկատւութեան գլխաւոր վարչութեան փոխանցած տեղեկութիւններով, այս հանդիպման ընթացքին, արծարծուած են Արցախի Հանրապետութեան ներքին ու արտաքին քաղաքականութեան առնչուող հարցեր: