
Read Time:18 Second
ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ.- Փետրուար 2-ին, Արցախի Հանրապետութեան Նախագահ Բակօ Սահակեանը ընդունեց Հ.Յ.Դ. Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի անդամներուն, գլխաւորութեամբ ներկայացուցիչ՝ Դաւիթ Իշխանեանի: Այս տեսակցութեան ընթացքին, քննարկուեցան երկրի ներքին եւ արտաքին քաղաքականութեանն առնչուող շարք հարցեր:
Նախագահ Սահակեանը շնորհաւորեց Կեդրոնական Կոմիտէի նորընտիր անդամներուն, անոնց մաղթելով արդիւնաւէտ աշխատանք, ընդգծելով, որ քաղաքական ուժերու հետ մշտական խորհրդատուութիւնները կարեւոր նշանակութիւն ունին երկրի առջեւ ծառացած տարբեր խնդիրներ արդիւնաւէտօրէն լուծելու տեսանկիւնէն: