Լրահոս

Ա.Մ.Ն. – Հայաստան Առեւտուրի Եւ Ներդրումներու Համաձայնագրի Ստորագրութիւն

sign

 

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Մայիս 7ին, Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի գլխաւորած պատուիրակութեան հետ Ուաշինկթըն գտնուող արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան եւ Միացեալ Նահանգներու առեւտուրի ներկայացուցիչի տեղակալ Տեն Մուլանի, Հայաստանի նախագահին ներկայութեամբ, ստորագրեցին Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու միջեւ առեւտուրի եւ ներդրումներու շրջանակային համաձայնագիրի նախագիծը:

Advertisement Subscribe Today

Ըստ փաստաթուղթին՝ կողմերը աշխատանք պիտի տանին ստեղծելու բարենպաստ պայմաններ, ներդրումներու եւ երկու երկիրներուն միջեւ ապրանքաշրջանառութեան ու առեւտուրի խրախուսման համար:

Կը նախատեսուի ձեւաւորել առեւտուրի եւ ներդրումներու հայ-ամերիկեան խորհուրդ, որ հանդիպումներ պիտի իրականացնէ առնուազն տարին մէկ անգամ: Խորհուրդին նպատակն է բացայայտել երկկողմանի ներդրումներու եւ առեւտուրի նոր ոլորտներ, ինչպէս նաեւ աշխատանք տանիլ զանոնք զարգացնելու:

Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը, Հայաստանի ամերիկեան առեւտուրի գրասենեակը եւ Հայաստան հաստատուած ընկերութիւններ տարիներէ ի վեր աշխատանք կը տանին այս համաձայնագիրին կնքումը ապահովելու համար:

Advertisement Subscribe Today!

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button