ԱմերիկահայԼրահոս
Ա.Մ.Ն.-Ի ՄՕՏ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ԴԵՍՊԱՆԸ ՔՆՆԱԴԱՏԵՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ԲԱՆԱՁԵՒԸ
Միացեալ Նահանգներու մօտ, Թուրքիոյ դեսպան Նապի Շէնսօ, վերջերս ձայնասփիւռի »Ամերիկայի Ձայն« կայանի հետ հարցազրոյց մը ունենալով, քննադատեց Քոնկրէսէն ներս առաջարկուած Հայոց Ցեղասպանութեան բանաձեւը:
Ան յայտնեց թէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը պահանջող բանաձեւը, Ծերակոյտէն ներս ներկայացնելը ցաւալի զարգացում մըն է, յատկապէս Ցիւրիխի մէջ կատարուած երկկողմանի արձանագրութիւններէն ետք:

