Ա.Մ.Ն. ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ ՇՐՋԱՆԻ ՈՒՍՈՒՄՆԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ ՀՐԱՏԱՐԱԿԱԾ Է “ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՊԱՏՄԱԿԱՆ ԱՏԼԱՍ“Ը

0 0
Read Time:1 Minute, 48 Second

Atlas-Cover Ա.Մ.Ն. Արեւելեան շրջանի Ազգային Ուսումնական Խորհուրդը (ANEC) վերջերս հրատարակած է երկլեզու (հայերէն եւ անգլերէն) “Հայաստանի Պատմական Ատլաս“ը, Խորհուրդի գործադիր տնօրէն դոկտ. Վարդան Մատթէոսեանի խմբագրութեամբ: Հրատարակութիւնը կատարուած է Արեւելեան թեմի առաջնորդ Բարձրշ. Տ. Օշական արք. Չօլոյեանի բարձր հովանաւորութեամբ` հայ տպագրութեան 500ամեակին առիթով: Հրատարակութեան ծախսը հոգացած է Յակոբեան ընտանիքը (Փրովիտընս, Ռոտ Այլընտ) ի յիշատակ իրենց ծնողաց` Երուանդ եւ Սրբուհի Յակոբեանի:
Ատլասը մէկ կողքի տակ ընթերցողին կը մատուցանէ թէ՛ պատմական աշխարհագրութիւն, թէ՛ քաղաքական պատմութիւն եւ թէ՛ նկարազարդ պատմութիւն: Դաստիարակչական գործիք մըն է, որ կրնայ օգտագործուիլ, որպէս Հայոց Պատմութեան դասագիրք` թէ՛ հայերէնով եւ թէ՛ անգլերէնով: Իր այժմէական ու գրաւիչ ներկայացումով, ինչպէս եւ վերամշակուած բովանդակութեամբ, ան կը գերազանցէ մեր դպրոցներուն մէջ օգտագործուած բոլոր դասագիրքերը:
Ուսումնական Խորհուրդը 1987ին լոյս ընծայած էր “Հայաստանի Պատմական Ատլաս“ը` դոկտ. Կարպիս Արմէնի հեղինակութեամբ եւ ՎրէժԱրմէն Արթինեանի խմբագրութեամբ: Ան եղած էր իր տեսակի առաջին հրատարակութիւնը` անգլերէնով, մինչեւ դոկտ. Ռոպերթ Հիւսնի “Armenia: A Historical Atlas“ը (2001)` ամբողջովին գիտական մակարդակի գրուած գործ մը, որ ուղղուած էր տարբեր լսարանի մը:
Այս հրատարակութիւնը Հայոց Պատմութեան միակ երկլեզու ատլասն է հրապարակի վրայ, քանի որ զայն կանխող ու յաջորդող ատլասները եղած են միալեզու (հայերէն, ֆրանսերէն կամ անգլերէն): Հիմնականին ուղղուած է աշակերտներուն եւ ուսուցիչներուն, թէեւ նոյնպէս արժէքաւոր աղբիւր մըն է սովորական ընթերցողին համար: Այս նպատակով, նոր հրատարակութիւնը լիակատար վերամշակումի ու թարմացումի ենթարկուած է` չորս նոր գլուխներու յաւելումով: Ատլասը կը պարունակէ 32 գլուխներ, 30 քարտէսներ եւ 174 լուսանկարներ (148` գունաւոր): Քարտէսները նոյնպէս մատուցուած են գիրքին կցուած խտասալիկի (CD) մը մէջ:
Գիրքը բաժնուած է չորս մասերու: Ներածական բաժինը կը ներկայացնէ Հայաստանի պատմական աշխարհագրութիւնը, որուն կը հետեւի հայկական մշակութային ժառանգութեան նկարագրութիւնը: Գիրքին երրորդ մասը կը ներկայացնէ Հայոց Պատմութիւնը ներկայացուած է հնագոյն ժամանակներէն մինչեւ 1991:
Ատլասի առաջին հրատարակութեան հետեւած պատմական աննախընթաց փոփոխութիւնները, յատկապէս Հայաստանի եւ Արցախի անկախ հանրապետութիւններուն ծնունդը 1991ին, շատոնց վերատեսութեան պահանջը դրած էին: Երկար ընդմիջումէ ետք, Ատլասի նոր հրատարակութեան աշխատանքները վերսկսած էին 2010ին եւ հասած են իրենց աւարտին ներկայ հրատարակութեամբ: Քսանհինգ տարի ետք, Ազգային Ուսումնական Խորհուրդը նոր սերունդի մը կը ներկայացնէ նոր ատլաս մը` հայեցի դաստիարակութեան զարգացման սատարելու իր ճիգերուն մէջ:
Այս կարեւոր հրատարակութիւնը (գինը` 40 տոլար, առաւել առաքման ծախս) կարելի է ձեռք բերել Ազգ. Առաջնորդարանի գրախանութէն, 138 E. 39th Street, New York, NY 10016, հեռ. (212) 6897810, կամ դիմելով books@armenianprelacy.org հասցէին:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles