Ա.Մ.Ն. ԱՐԵ­ՒԵԼ­ԵԱՆ ՇՐՋԱ­ՆԻ ԱՌԱՋ­ՆՈՐ­ԴԱ­ՐԱ­ՆԻ ԵՐԱԺՇ­ՏԱ­ԿԱՆ ՁԵՌ­ՆԱՐԿԻՆ ՆԵՐ­ԿԱ­ՆԵ­ՐԸ ԸՄ­ԲՈՇԽ­ՆԵ­ՑԻՆ ՄԱՐԹԱ ԲԱԳՐԱՏՈՒՆԻՆ ԵՒ ՀԱՅԿ ԱՐՍԷՆԵԱՆԸ

0 0
Read Time:2 Minute, 30 Second

Լուսանկարներ` Հէրի Գունտաքճեան

Ուրրբաթ Մարտ 30, 2012-ին, Նիւ Եոր­քի Քար­նը­կի հա­մա­լի­րի “Weill Recital“ սրա­հին մէջ, կա­տար­ուե­ցաւ ,Ա.Մ.Ն. Արե­ւել­եան շրջա­նի Առաջ­նոր­դա­րա­նի կազ­մա­կեր­պած  երաժշ­տա­կան ձեռ­նար­կը, ծա­նօթ “Musical Armenia“ անու­նով:

Յա­ջոր­դա­բար 29-րդ ան­գամ ըլ­լա­լով կը կազ­մա­կերպ­ուէր այս ձեռ­նար­կը, որուն նպա­տակն է քա­ջա­լե­րել, խթա­նել եւ խան­դա­վա­ռել հայ երի­տա­սարդ երա­ժիշտ­ներ:

Այս տար­ուան երի­տա­սա­րդ աստ­ղերն էին թաւ­ջու­թա­կա­հար Մարթա Բագրատունի եւ դաշնակահար Հայկ Արսէնեան:

Հանրածանօթ թաւ­ջու­թա­կա­հար Սուրէն Բագրատունիի զաւակը` Մարթա, հինգ տարեկաէն իսկ սկսած է նուագել եւ 12 տարեկանին սկսած է ելոյթներ ունենալ թէ՛ առանձին եւ թէ՛ նուագախումբերու մասնակցութեամբ: Միշիկընի համալսարանէն շրջանաւարտ, ան նաեւ կ՛երգէ դասական գործեր: Այս մարզէն ներս, ան իր առաջին ելոյթը ունեցաւ, Սեպտեմբեր 2011-ին,  Քալամազուի համանուագային խումբին հետ: “Musical Armenia“ի ելոյթին ան նուագեց գործեր Վահէ Շարաֆեանէն եւ Ատամ Խուտոյեանէն: Բագրատունիի կ՛ընկերակցէր դաշնակահար Զաօ Զաօ Եանկ:

Հայաստան ծնած եւ ապա Միացեալ Նահանգներ հաստատուած Հայկ Արսէնեան, 17 տարեկանին ելոյթ ունեցաւ “Radio France Symphony“ նուագախումբին հետ: Ան աւարտած է հանրածանօթ “Manhattan School of Music“էն: Ան, իր ելոյթին, նուագեց գործեր Ալւն Յովհաննէսէն:

“Մենք պիտի շարունակենք խրախուսել մեր երիտասարդ երաժիշտները: Անց­նող տա­րեշր­ջան­նե­րուն, այս ձեռ­նար­կին մաս­նակ­ցող ան­ծա­նօթ երի­տա­սարդ երա­ժիշտ­նե­րը, ար­դէն իսկ հա­սած են նա­խան­ձե­լի դիր­քի եւ տի­րա­ցած` հռչա­կի..“ կը յայտ­նէ Բա­րե­ջան Առաջ­նորդ Օշա­կան Արք. Չօ­լոյ­եան, որ նաեւ շեշտեց թէ, այս տարուայ ձեռնարկը, յատուկ նուիրուած է Գերշ. Անուշաւան Եպս. Դանիէլեանի քահանայական ձեռնադրութեան 40-ամեակին:

“Musical Armenia“  ձեռ­նար­կը կազ­մա­կեր­պե­լու գա­ղա­փա­րը յղա­ցած է շրջա­նի նախ­կին Բա­րե­ջան Առաջ­նորդ Մես­րոպ Աշճ­եան (վախ­ճա­նած Դեկ­տեմ­բեր 2003ին) 1982ին, գոր­ծակ­ցա­բար Առաջ­նոր­դա­րա­նի, տեղ­ւոյն տիկ­նանց յանձ­նա­խում­բին հետ:

Վեր­ջին տա­րի­նե­րուն, սոյն ձեռ­նար­կին մաս­նակ­ցած են պրազիլահայ կիթարահար Ժօան Գույումճեան, թաւջութակահար Դա­ւիթ Պա­քամճ­եան, ջու­թա­կա­հար Սի­սի Փան­թիկ­եան, “Duo Maestoso“ զոյ­գը, որ կը բաղ­կա­նայ քոյր եւ եղ­բայր` Կա­յա­նէ եւ Յով­հան­նէս Առա­քել­եա­նէ: Ա քա­փե­լա երաժշ­տու­թեան “Զու­լալ“ (Թե­նի Աբել­եա­նէ, Երազ Մար­գար­եա­նէ եւ Անա­յիս Թէ­քէր­եան) երր­եա­կը, օփե­րա­յի եր­գիչ Սերժ Բար­սեղ­եա­նը եւ “Արա­րատ“ երր­եա­կը, որ կը բաղ­կա­նայ դաշ­նա­կա­հար Փա­թիլ Հար­պոյ­եա­նէ, ջու­թա­կա­հար Վան Ար­մէն­եա­նէ եւ թաւ­ջու­թա­կա­հար Հրանդ Պար­սամ­եա­նէ:

 

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles