Գլխաւոր

Ա․Մ․Ն․-ի Դեսպան Թրէյսի Հաւատարմագիրները Յանձնեց Հ.Հ. Նախագահ Սարգսեանի

ԵՐԵՒԱՆ․- Երեքշաբթի Մարտ 5-ին, Միացեալ Նահանգներու նոր նշանակուած արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Լին Թրէյսին, իր հաւատարմագիրները յանձնեց Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանին։
Շնորհաւորելով դեսպանը իր պաշտօնը ստանձնելուն առիթով` նախագահ Սարգսեան յայտնեց, թէ Հայաստան կարեւոր կը նկատէ ընդհանուր արժէքներու եւ փոխադարձ յարգանքի ու վստահութեան վրայ հիմնուած հայ-ամերիկեան բարեկամութիւնն ու գործընկերութիւնը: Նախագահը աւելցուց, թէ նոր նշանակուած դեսպանը իր հարուստ փորձառութիւնն ու գիտելիքները պիտի տրամադրէ, րկու երկիրներուն միջեւ համագործակցութեան զարգացման համար:
Յանձնելով հաւատարմագիրները` դեսպան Թրէյսին նշեց. «Հպարտութեամբ կը յանձնեմ հաւատարմագիրներս նախագահին եւ կը հաստատեմ, որ պատրաստ եմ աշխատելու Հայաստանի կառավարութեան հետ` խորացնելու եւ ամրապնդելու հայ-ամերիկեան յարաբերութիւնները եւ աջակցելու Հայաստանի ժողովրդավարական օրակարգին»:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button