Լրահոս
Արցախ. – Տիգրանակերտի Մէջ Համահայկական 7-րդ Խաղերու Ջահը Վառելու Արարողութիւն
ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ․- Յունիս 22-ին, Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան, Տիգրանակերտի մէջ մասնակցեցաւ համահայկական 7-րդ խաղերու ջահի վառման հանդիսաւոր արարողութեան:
Նշենք թէ համահայկական 7-րդ ամառնային խաղերու բացման արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ Օգոստոս 6-ին` Ստեփանակերտի մէջ:
Օգոստոս 7-ին, խումբերը պիտի շրջին Արցախի մէջ եւ պիտի վերադառնան Երեւան, ուր պիտի տրուի խաղերուն մեկնարկը: Խաղերու փակման պաշտօնական արարողութիւնը պիտի կայանայ Օգոստոս 17-ին:


