
ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ.- Նոյեմբեր 22-ին, Արցախի պաշտպանութեան բանակին կատարած մէկ յատուկ գործողութեան արդիւնք, կարելի եղած է հասնիլ Նոյեմբեր 12-ին վար առնուած ուղղաթիռին վայրը, եւ տարահանել ուղղաթիռի անձնակազմէն մէկուն անշնչացած մարմինը, երկու օդաչուներու մասունքներն ու ուղղաթիռի որոշ անհրաժեշտ մասերը, որոնց կարգին յատկապէս “սեւ տուփ“ը:

Հ.Հ. Պաշտպանութեան Նախարարութեան մամլոյ խօսնակ Արծրուն Յովհաննիսեան, այս գործողութեան մասին անդրադառնալով, յայտնեց թէ Ատրպէյճանի կորուստները շատ են ու այնքան շատ, որ հրամանատարը պաշտօնանկ ըրած են:
“Նկատի առնելով հակառակորդի չափազանց մեծ կրակային եւ այլ հակազդեցութիւնները, այս գործողութիւնները բնոյթով եւ բարդութեամբ աննախադէպ էին: Կատարողականութիւնը ուղղակի փայլուն է նկատի առնելով նաեւ հակառակորդի ոչ փոքր կորուստները, որոնք ծուղակ էին: Դեռ մի քանի օր կը լսենք անոնց անունները, որոնք բնականաբար մահացած կ’ըլլան տարբեր դժբախտութիւններէ: Արցախի յատուկ նշանակութեան ուժերը իրենց տօնի օրը փայլեցան, փառք անոնց: Կատարուած է համաշխարհային մակարդակի փայլուն գործողութիւն, իսկ սեւ հրանօթները կը լռեն“, եզրակացուց Արծրուն Յովհաննիսեան:

