Գլխաւոր
Արցախի Նախագահ Սարգսեան Հանդիպումը՝ Հ․Յ․Դ․ Բիւրոյի Նորընտիր Անդամներուն Հետ
ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ․- Յունուար 26-ին, Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան հանդիպեցաւ Հ․Յ․Դ․ Բիւրոյի նորընտիր ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանի եւ Բիւրոյի անդամներուն հետ: Խօսակցութեան կիզակէտն էր Արցախի մէջ եզրափակուած Դաշնակցութեան ընդհանուր ժողովն ու Հ․Յ․Դ․-ի առաջնահերթ խնդիրներն ու կատարելիք աշխատանքները:
Անգամ մը եւս, նախագահ Սարգսեան շնորհաւորած է նոր կազմը եւ յաջողութիւն մաղթած։
Նշենք թէ, Արցախի արտաքին գործոց նախարար Մասիս Մայիլեան, իր կարգին շնորհաւորական նամակ մը յղած է Հ․Յ․Դ․ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր-խաչատուրեանին: 

