Լրահոս

ԱՐՑԱԽԻ ՄԷՋ ԲԵՐՔԻ ՏՕՆ

p1 artsakh

ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ.- Յաջորդաբար երկրորդ տարին ըլլալով, Հոկտեմբերի երկրորդ Կիրակին Արցախի մէջ կը նշուի գիւղատնտեսի օրը, որուն հետ կը նշուի բերքի տօնը: Հանրապետութեան հրապարակին վրայ, արդէն վաղ առաւօտեան կը տեղադրուին տաղաւարներ, ուր Արցախի բոլոր շրջաններէն ժամանած ներկայացուցիչները կը ներկայացնեն իրենց բերքն ու բարիքը:

Առաւօտեան կանուխ ժամերէն պատրաստուած տաղաւարները կը սպասեն այցելուներուն, իսկ հրապարակին մօտ, ամենուրեք կը բարձրանար խորովածի ծուխը:

Advertisement Subscribe Today

Բերքի տեղափոխման աշխատանքը ստանձնած էր գիւղատնտեսութեան նախարարութիւնը: Այս տօնին ներկայ եղան նախարարներ եւ բարձրաստիճան պաշտօնեաներ: Նախորդ տարուան համեմատ այս տարի բարձրացած էր միսի վաճառականներու թիւը:

 

 

Advertisement Subscribe Today!

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button