
Արցախի Հանրապետութեան մէջ, խորհրդարանական ընտրութիւնները տեղի ունեցան, անցեալ Կիրակի օր, Մայիս 23, 2010-ին: Ընտրութիւններուն ներկայ գտնուեցան 93 դիտորդներ« որոնց մեծամասնութիւնը ժամանած էին Հայաստանէն« Գերմանիայէն, Ֆրանսայէն« Դանիայէն« Չեխիայէն եւայլն:
Ընտրութեան մասնակցած էր շուրջ 95 հազար ընտրող՝ քուէարկութեան ընդհանուր պատկերը 66 առ հարիւրի մասնակցութիւն ներկայացնելով: Ամէնէն աւելի Մարտունիի եւ Հատրութի շրջաններուն մէջ զգալի էր մասնակցութիւնը:
Արցախի Հանրապետութեան Կեդրոնական ընտրական յանձնախումբի վաւերացուցած նախնական արդիւնքներուն համաձայն, յառաջատարն է վարչապետ Արա Յարութիւնեանի գլխաւորած «Ազատ Հայրենիք» կուսակցութիւնը (46,4 առ հարիւր), երկրորդ տեղը գրաւեց Արցախի ժողովրդավարական կուսակցութիւնը (28,6 առ հարիւր), իսկ երրորդ տեղը՝ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը (20,2 առ հարիւր): Համայնավար կուսակցութիւնը չկրցաւ գերազանցել վեց առ հարիւրի սահմանը եւ բաւարարուեցաւ 4,8 առ հարիւրով:
Հ.Յ. Դաշնակցութիւնը, այս ընտրութիւններուն իբրեւ արդիւնք կրկնապատկեց իր ներկայութիւնը Ազգային ժողովին մէջ: Նախապէս Հ.Յ.Դ. ունէր երեք պատգամաւոր: Յետայսու Ազգային ժողովին մէջ Հ.Յ.Դ.-ն պիտի ներկայացնեն վեց հոգի, որոնցմէ չորսը ընտրուած են կուսակցական ցուցակով, իսկ միւս երկուքը՝ մեծամասնական ընտրակարգով:
Նախագահ Բակօ Սահակեան ընդունեց Միջազգային հասարակական քաղաքականութեան եւ իրաւունքի խումբի ամերիկացի եւ հոլանտացի ներկայացուցիչները« որոնք դիտորդի դերակատարութեամբ Արցախ կը գտնուէին: Նախագահը անոնց ներկայութիւնը կարեւոր նկատեց« որպէսզի ընտրութիւնները չքաղաքականացուին միջազգային մակարդակի վրայ: Նախագահ Սահակեան հաստատեց« որ նորընտիր խորհրդարանը պիտի նպաստէ քաղաքական մշակոյթի զարգացման: Խորհրդարանական ընտրութիւններուն դիտորդական առաքելութիւն կատարելու նպատակով օտար դիտորդներու կողքին, Արցախի մէջ աշխատանք տարած են նաեւ տարբեր կուսակցութիւններուն ներկայացուցիչներ« որոնց կարգին էր Հ.Յ.Դ.-ի կողմէ Արմէն Ռուստամեան:
Միւս կողմէ, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան, յայտնեց թէ ընտրութիւնները ընթացած են մեծ յաջողութեամբ: