
ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ . – Արցախի հարաւի սահմանամերձ Առաջամուղ գիւղը նշեց վերանորոգուած եւ ընդարձակուած դպրոցի բացումը:
«Թիւֆէնքեան» հիմնարկի գործադիր տնօրէն՝ Րաֆֆի Տուտագլեան եւ խորհուրդի անդամ՝ Անդրանիկ Գասպարեան, սփիւռքահայ հիւրեր եւ Հատրութի շրջանի վարչակազմի ներկայացուցիչներ ներկայ եղան բացման արարողութեան:
Դպրոցի ընդարձակման աշխատանքները կատարուեցան անցեալ ամիսներուն: Կառուցուած են յաւելեալ չորս նոր դասարաններ, ինչպէս նաեւ կատարուած են ընդհանուր վերանորոգման աշխատանքներ: Այս աշխատանքներու շնորհիւ 85 աշակերտներ, որոնց տասը` առաջին դասարանէն, այս տարի դպրոց կը յաճախեն:
Հանդէս եկան «Թիւֆէնքեան» հիմնարկի գործադիր տնօրէն՝ Րաֆֆի Տուտագլեան եւ արեւելեան Ա.Մ.Ն.-ի «Արցախ Ֆոնտ»ի ներկայացուցիչ Րաֆֆի Քիլեանը, որոնք շնորհաւորեցին գիւղի բնակիչներն ու Առաջամուղի աշակերտներուն փայլուն ապագայ մաղթեցին:
Դպրոցի բացման հանդիսութեան յաջորդեց Զապէլ Եսայեանի գրական ժառանգութեան վրայ հիմնուած` Արցախի մէջ մարդու իրաւունքների երկրորդ ամենամեայ մրցոյթի յայտարարութիւնը: Մրցոյթին մասնակցելու համար Արցախի դպրոցներուն մէջ ուսանող 9-12րդ դասարաններու աշակերտները մարդու իրաւունքների վերաբերեալ կարճ շարադրութիւններ կը գրեն հիմնուած Զապէլ Եսայեանի «Սիլիհտարի Պարտէզնեհո» ստեղծագործութեան վրայ: Մրցոյթը կազմակերպուած է Արցախի մարդու իրաւունքներու պաշտպան Ռուբէն Մելիքեանի եւ Միացեալ Նահանգներու ներկայացուցիչ՝ Ճուտիթ Սարեանի կողմէ:
Առաջամուղ գիւղը կը գտնուի Արցախի հարաւային շրջանէն ներս,1993-ին ազատագրուած Հատրութի շրջանէն քառասուն քլմ. ներս:
Որեւէ ազերի ներթափանցում կանխելու համար, կարեւոր եւ անհրաժեշտ է այսպիսի շրջաններ վերաբնակեցնել:
2004-էն ի վեր այս գիւղը վերաբնակեցնելու գաղափարը մտայղացուած է «Թիւֆէնքեան» հիմնարկին կողմէ, գործակցաբար Արցախի Հանրապետութեան վերաբնակեցման բաժնի հիմնարկին հետ:
Առաջամուղէն ներս կառուցուած են քսանէ աւելի տուներ, վերոյիշեալ դպրոցը, նաեւ քաղաքապետարան մը: 110 բնակիչներու շարքին են նախապէս բանակէն ներս ծառայած եւ այժմ հանգստեան կոչուած բանակայիններ, Ատրպէյճանէն ժամանած գաղթական հայորդիներ եւ մօտակայ շրջաններէ ժամանած երիտասարդ զոյգեր: 2012-ին, գործակցաբար Ամերիկահայ Ընկերակցութեան «Արցախ ֆոնտ»ին հետ, որոշուեցաւ շրջանէն ներս յաւելեալ բարելաւումներ եւ ներդրումներ կատարել: Պիտի կառուցուին վեց բնակարաններ: