
Իրաւունքի եւ արդարութեան կեդրոն «Թաթոյեան» հիմնադրամը յայտարարած է, որ Google Map եւ Google Earth յաւելուածներուն մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան Սիւնիքի մարզի շարք մը վայրերու տեղանուններ նշուած են ատրպէյճաներէն ու ազերպայճանական տեղանուններով։
«Ուսումնասիրութիւնները ցոյց են տալիս, որ անուանափոխուած եւ կեղծ կամ գոյութիւն չունեցող ատրպէյճանական անուններով են նշուած դպրոցներ, այգիներ, հրապարակներ եւ այլն: Օրինակ՝ «Որոտան» գետը նշուած է ատրպէյճանական անուանումով՝ «Bazarçay» կամ Սիսիանի զբօսայգին անուանակոչուած է Ատրպէյճանի նախկին նախագահ Հեյդար Ալիեւի կամ Աթաթուրքի անունով, կամ Սիւնիքի մարզպետարանի շրջակայքը նշուած է միայն ատրպէյճաներէնով՝ «Zəngəzur Vilayəti Administrasiyası» եւ այլն: Նոյնիսկ փորձ են արել փոխել Սիսիան քաղաքի անունը՝ Qarakilise: Ակնյայտ է, որ տեղի ունեցածն ատրպէյճանական իշխանութիւնների միջամտութեամբ եղած է: Սրանով, նախ, փորձ է արւում հոգեբանական ճնշումների ենթարկել Հայաստանի ժողովրդին ու յատկապէս բնակավայրի բնակիչներին»,– նշուած է Հիմնադրամի հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ:
Նշեալ հաղորդագրութեան մէջ նաեւ կ՚ըսուի, որ այդ ձեւով կը փորձեն կեղծիքներով աշխարհին ներկայացնել, որ իբրեւ թէ Սիւնիքը ատրպէյճանական է: Ի վերջոյ, կը փորձեն օրինականացնել ազերպայճանական յարձակումները եւ ոճրային ներխուժումները՝ Հայաստանի ինքնիշխան տարածքին նկատմամբ:
Նման մօտեցումով ատրպէյճանաներէնով նշուած են նաև տեղանուններ՝ Մեղրիի եւ Կապանի մէջ։
«Թաթոյեան» հիմնադրամը, արդէն իսկ կապի մէջ է «Google» ընկերութեան հետ եւ միջոցներու կը ձեռնարկէ խնդրի լուծման ուղղութեամբ։ Ձեռնարկուած քայլերու հետեւանքով որոշ կեղծ անուններ արդէն փոխուած են:
Այս եղանակով չփոխուելու պարագային, ամերիկեան գործընկեր հայ փաստաբաններու հետ քայլեր պիտի առնուին ազերպայճանական կեղծիքները վերացնելու պահանջով դատական գործընթացներ սկսելու ուղղութեամբ
Նշենք որ՝ ատրպէյճանցիները քարտէսներուն մէջ յաջողած են նոյնիսկ քարոզչական պատգամ մտցնել, քանի որ անոնցմէ մէկուն վրայ կը կարդանք՝ «Սիսիանը Ատրպէյճան է»։