
ԹՂԹԱԿԻՑ
Լուսանկարներ՝ Flash Photo
Մօտաւորապէս շաբթուան մը տեւողութեամբ, Մեծն Պոսթընի գաղութին հիւրն էր Միացեալ Նահանգներու եւ Գանատայի Հայ Կաթողիկէ համայնքի Առաջնորդ Արհիապատիւ Միքայէլ Եպս. Մուրատեան: Այս առթիւ, ան ընկերակցութեամբ շրջանի հովիւ Ռաֆայէլ Անտոնեանի կատարեց թէ փրոթոքոլային, թէ միջ-կրօնական եւ թէ ազգային բնոյթ ունեցող այցելութիւններ:
Այսպէս պատուիրակութիւնը այցելեց շրջանի Սուրբ Ստեփանոս, Սուրբ Յակոբ եւ Սուրբ Երրորդութիւն եկեղեցիները եւ տեսակցեցաւ տեղւոյն հովիւներուն հետ: Նաեւ կատարուեցան այցելութիւններ Պոսթընի Կաթողիկէ եկեղեցւոյ Առաջնորդ Արք. Շօն Օ՛Մալիի, յոյն ուղղափառ եկեղեցւոյ Առաջնորդ Արք. Էտոտիոսի եւ յոյն կաթողիկէ եկեղեցւոյ հովիւ Նիքոլաս Սամրայի: Նաեւ, կարելի եղաւ այցելութիւն մը տալ քաղաքի կեդրոնական շրջանին մէջ գտնուող հայոց ժառանգութեան յուշահամալիրը:
Կրօնական կառոյցներու կողքին, կատարուեցան այցելութիւններ կրթօճախներ` Ուաթըրթաունի Սուրբ Ստեփանոս Ամէնօրեայ Վարժարան եւ Լեքսինկթընի Հայ Քոյրերու “Ծիծեռնակաբոյն“ Վարժարան: Նաեւ, Արհիապատիւ Միքայէլ Եպս. Մուրատեան եւ Հայր Ռաֆայէլ Անտոնեան այցելեցին “Թէքէեան“ Հայ Մշակութային Միութիւն, ուր հանդիպեցան նաեւ “Արմինիըն Միրըր-Սփէքթէյթըր“ի խմբագրութեան հետ եւ “Հայրենիք“ հաստատութիւն: Այցելութեան ընթացքին, կարելի եղաւ կատարել հարցազրոյց մը, որ լոյս պիտի ընծայուի յառաջիկայ շաբթուայ թիւին մէջ: Նաեւ, առիթ ստեղծուեցաւ այցելելու Հ.Օ.Մ.-ի Կեդրոնական Վարչութեան գրասենեակ ուր կատարուեցաւ մտերմիկ խօսակցութիւն եւ զրոյց:
Կիրակի, Հոկտեմբեր 28-ին, Պելմոնթի Հայ Կաթղիկէ Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ մէջ, տեղի ունեցաւ պատարագ, որուն ընթացքին, Առաջնորդը կոչ ուղղեց կառչած մնալ այս ծուխին եւ անշուշտ պահել հայեցի կրթութիւնն ու մշակոյթը: Ապա, եկեղեցւոյ սրահէն ներս տեղի ունեցաւ յատուկ բարի գալուստի ճաշկերոյթ, որուն ընթացքին, Հայր Ռաֆայէլ Անտոնեան շեշտեց թէ այս տարի Միքայէլ Եպս. Մուրատեանի ձեռնադրման 25ամեակն է: Ան քահանայական ձեռնադրութիւնը ստացած է Փարիզի մէջ, Հոկտեմբեր 24, 1987ին, ձեռամբ Արհ. Գրիգոր Եպս. Ղապրոյեանի, որպէս անդամ Զմմառեան Կաթողիկոսական Միաբանութեան:
Այս հանդիպման ընթացքին, կիրարկուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր, մասնակցութեամբ Լեքսինկթընի Հայ Քոյրերու “Ծիծեռնակաբոյն“ Վարժարանի աշակերտներուն եւ դաշնակի վրայ ընկերակցութեամբ իրենց դասատու Մարինա Գավլաքեանի:
Նշենք թէ, գրեթէ տարի մը առաջ, Նիւ Եորքի մէջ, կատարուած էր Միացեալ Նահանգներու եւ Գանատայի Հայ Կաթողիկէ համայնքի նոր Առաջնորդի պաշտօնի ստանձնման արարողութիւնը, եւ Արհիապատիւ Առաջնորդ Տ. Մանուէլ Պաթաքեան, յառաջացած տարիքի բերումով, որոշած էր հանգստեան կոչուիլ, եւ իր պաշտօնը ստանձնած էր նոյնիքն Արհիապատիւ Միքայէլ Եպս. Մուրատեան, որ ծնած է Պէյրութ` Յուլիս 5, 1961ին: Ան զաւակն է Սարգիս եւ Թերէզ Մուրատեանի: Նախնական ուսումը ստացած է Զահլէի Անարատ Յղութեան Հայ Քոյրերու դպրոցը: 1973ին աշակերտած է Զմմառու Պատրիարքական Միաբանութեան կղերանոցին, հոն ստանալով միջնակարգ ու երկրորդական կրթութիւնը: 1981-1986 տարիներուն ուղղարկուած է Հռոմ` Լեւոնեան Քահանայապետական Հայ Վարժարան, եւ ստացած է փիլիսոփայութեան եւ Աստուածաբանութեան վկայականները` յաճախելով Տոմինիկեան Հայրերու “Angelicum“ Քահանայապետական համալսարանը: 1986-1987ին, Ֆրանսայի Լիոն քաղաքի կաթողիկէ հիմնարկին մէջ հետեւած է երիտասարդներու հովուականի մասնագիտական դասընթացքներուն:
Հայր Միքայէլ Մուրատեան ստանձնած է զանազան պաշտօններ, որոնց կարգին` 1987-1988 Փոխ տեսուչ Զմմառու ընծայարանին, 1988-1989` Փոխ տեսուչ Հալէպի Դպրեվանքին, 1989-1990 ժողովրդապետ Դամասկոսի Թագուհի Տիեզերաց եկեղեցւոյ, 1991ին Փոխ ժողովրդապետ Սուրբ Խաչ Եկեղեցւոյ, Զալքա, Լիբանան, 1992-2001 եղած է ժողովրդապետ Հայաստանի Շիրակ եւ Լոռի մարզերու զանազան գիւղերուն մէջ: 1995-2001 թուականներուն, ան ընդհանուր քարտուղարի եւ գործադիր տնօրէնի պաշտօն ստանձնած է Հայաստանի Քարիթաս Բարեսիրական Կազմակերպութեան: Հոկտեմբեր 2000-ին, ան ստացած է պատուակալ փրոֆեսորի կոչումը Հայաստանի Հանրապետութեան Կրթութեան եւ Գիտութեան նախարարութեան Մ. Նալպանտեան անուան պետական մանկավարժական համալսարանէն:
Լիբանան վերադարձին, 2001-2004, ան հոգեւոր Հայրն էր Զմմառու ընծայարանին եւ հոգեւոր վարիչ պատրիարքական թեմի երիտասարդաց յանձնախումբին: Նոյն տարիներուն եղած է նաեւ Հայ Կաթողիկէ Պատրիարաքարանի “Աւետիք“ պաշտօնաթերթի խմբագրական կազմի անդամ: 2005-2007 Գերյ. Միքայէլ Ծ.Վ.Մուրատեան եղած է Մեծաւոր Հռոմի Լեւոնեան քահանայապետական վարժարանին, ինչպէս նաեւ Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութեան գործակալ` Սուրբ Աթոռին մօտ, Վատիկան:
2007ի Սեպտեմբերին Գերյ. Միքայէլ Մուրատեան ընտրուած էր Պատրիարքական Փոխանորդ Զմմառեան, Կաթողիկոսական Միաբանութեան եւ Մեծաւոր Զմմառու Մայրավանքին, մինչեւ իր ընտրութիւնը իբր Առաջնորդ Հիւսիսային Ամերիկայի Կաթողիկէ Հայոց, Մայիս 20, 2011-ին: