ԱՐԺԱՆ­ԹԻ­ՆԻ ՀԱՅ ՀԱ­ՄԱՅՆ­ՔԸ ԲՈ­ՂՈ­ՔԵՑ ԹՈՒՐՔ­ԻՈՅ ՎԱՐ­ՉԱ­ՊԵ­ՏԻՆ ԴԷՄ

0 0
Read Time:2 Minute, 16 Second

ProtestaBuenos AiresCOI 2  ՊՈՒԷ­ՆՈՍ ԱՅ­ՐԷՍ (“ԱՐ­ՄԵՆ­ԻԱ“ ).- Շա­բաթ, Սեպ­տեմ­բեր 7-ին, հա­կա­ռակ տե­ղա­տա­րափ անձ­րե­ւին, Ար­ժան­թի­նի հայ հա­մայն­քը բո­ղո­քեց Թուրք­իոյ վար­չա­պետ Ռէ­ճէպ Թա­յիփ Էր­տո­ղա­նի դէմ, որ Պուէ­նոս Այ­րէս կը գտնուէր 2020 թուա­կա­նին հա­մար Ողիմպ­ի­ա­կան Խա­ղե­րու նստա­վայ­րը Պո­լիս քա­ղա­քի նշա­նա­կու­մը քա­ջա­լե­րե­լու նպա­տա­կով:

ProtestaBuenos AiresCOI 4  Ցու­ցա­րար­նե­րը յատ­կա­պէս շեշ­տե­ցին Մարդ­կա­յին Իրա­ւունք­նե­րու դէմ Թուրք­իոյ ճնշում­նե­րը եւ 1915/23 թուա­կան­նե­րու Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան նկատ­մամբ իր ժխտո­ղա­կան քա­ղա­քա­կա­նու­թիւնը:ProtestaBuenos AiresCOI 6

Բո­ղո­քի ցոյ­ցը նա­խա­ձեռ­նեց Հ.Յ.Դ. “Ար­մեն­իա“ Երի­տա­սար­դա­կան Միու­թիւնը, որու Հա­րա­ւա­յին Ամե­րի­կա­յի Կեդ­րո­նա­կան Վար­չու­թեան ատե­նա­պետ` Ռազ­միկ Նալ­պանտ­եա­նը ընդգ­ծեց, որ “Թուրք­իոյ նշա­նա­կու­մը որ­պէս 2020 թուա­կա­նի Ողիմպ­ի­ա­կան Խա­ղե­րու կազ­մա­կեր­պիչ եր­կիր բո­լո­րո­վին կը հա­կա­սէ ողիմպ­ի­ա­կան էու­թիւնն ու ոգին, տրուած ըլ­լա­լով որ անոր նպա­տակ­նե­րէն մէկն է ազ­գե­րու հա­մախմ­բու­մը մար­զա­խա­ղի մի­ջո­ցաւ“: Իր խօս­քին մէջ Նալ­պանտ­եան նոյն­պէս ըսաւ.- “Եթէ Թուրք­իա նպա­տակ ու­նի ան­գամ մը եւս իր թեկ­նա­ծու­թիւնը ներ­կա­յաց­նե­լու որ­պէս Ողիմպ­ի­ա­կան Խա­ղե­րու կազ­մա­կեր­պիչ եր­կիր, Էր­տո­ղա­նի կա­ռա­վա­րու­թիւնը, որ մին­չեւ օրս կը շա­րու­նա­կէ Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան հան­դէպ իր ժխտո­ղա­կան քա­ղա­քա­կա­նու­թիւնը, եւ վեր­ջերս ուղ­ղա­կի իր երկ­րի բնակ­չու­թեան վրայ ճնշած է` Թաք­սիմ հրա­պա­րա­կի ցոյ­ցե­րու ըն­թաց­քին ու բազ­մա­թիւ լրագ­րող­նե­րու բան­տար­կու­թեամբ, պէտք է ըն­դու­նի քիւրտ ժո­ղո­վուր­դի իրա­ւունք­նե­րը եւ վերջ դնէ իր յար­ձա­կո­ղա­կան ար­տա­քին քա­ղա­քա­կա­նու­թեան, որու հե­տե­ւան­քով յա­րա­կից եր­կիր­նե­րու կա­յու­նու­թիւնը վտան­գի տակ դրուած է“:

Նշենք, որ 2020-ի Ողիմպ­ի­ա­կան խա­ղե­րու կազ­մա­կեր­պու­մը յանձն­ուե­ցաւ Թոք­իո­յի:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles