ԳլխաւորԿիզակէտՅօդուածներ

ԱՐԵՒՄՏԱՀԱՅԵ՞Ր ԹԷ ՕՍՄԱՆԱՀԱՅԵՐ…Ո՞ՐՆ Է ՃԻՇՏԸ


Կարօ Արմենեան
Մարտ 16, 2017
Ուաշինկթըն

Հաճոյքով կ՚արձագանգեմ վերջերս «Ազդակ»ին մէջ լոյս տեսած Ընկ. Վարագ Գեթսեմանեանի յօդուածին («Օսմանահայե՞ր. Այո՛, Օսմանահայեր», https://hairenikweekly.com/2017/03/16/31440), որ գիտակ հակաճառութիւն մըն է երկու տարի առաջ «Ասպարէզ»ի, «Ազդակ»ի եւ այլ Հ.Յ.Դ. օրգաններու մէջ լոյս տեսած իմ յօդուածիս հիմնական կէտերուն եւ անուղղակի կո՛չ մը՝ նոր եւ գիտական լոյսի տակ քննարկելու այս խնդիրները։ Յայտնեմ, որ լիովին կը բաժնեմ իմ երիտասարդ ընկերոջ նախանձախնդրութիւնը լայն տեսադաշտով մտածելու, հնուց ժառանգուած վարկածները նոր փորձաքննութեան ենթարկելու եւ ժամանակներու յարացոյցը (paradigm) ճիշտ ըմբռնելու։
Վերոյիշեալ իմ յօդուածով ես կ՚առարկէի «օսմանահայութիւն», «օսմանահայեր» եւ նմանօրինակ այլ եզրերու գործածութեան զանոնք համարելով ոչ միայն սխալ, այլեւ մեր ազգային ռազմավարութեան դիրքերէն՝ խոցելի եւ անընդունելի՛։ Վարագ Գեթսեմանեան իր գիտաշխատողի դիտանկիւնէն կը հասնի այլ եզրակացութեան, դիտել տալով որ «արեւմտահայութիւն» եւ «արեւմտահայեր» եզրերը բաւարար չեն պատմական իրականութիւնը իր ամբողջութեանը մէջ ընդգրկելու եւ հետեւաբար կ՚առաջարկէ, որ առանց վերապահութեան իւրացուին «օսմանահայութիւն» ու «օսմանահայ» իմացութիւնները որպէս ընդունուած բառապաշար։
Կ՚ուզեմ անմիջապէս շեշտել, թէ մեր լեզուամտածողութեան մէջ ստեղծուող եզրաբանական այս երկուութիւնը պատահական չէ։ Ան արմատներ ունի, որոնց կրկին պիտի անդրադառնամ այս յօդուածով յուսալով, որ ի վերջոյ կը փարատի ներկայ այս շփոթը եւ կը հասնինք նոր յստակութեան մը մեր ընդհանրական ինքնութեան հետ կապուած այս խնդրին մէջ։
Ընկ. Վարագի առաջին դիտարկումը կը հիմնուի այն իրողութեան վրայ, որ արեւմտահայ բնաշխարհը (մօտաւորապէս Նախ. Ուիլսընի Իրաւարար Վճռի սահմաններով) չ՚ընդգրկեր ամբողջութիւնը Օսմանեան Կայսրութեան սահմաններուն մէջ ապրող հայութեան, մինչդեռ «օսմանահայեր» եզրը զայն կ՚ընդգրկէ առանց դժուարութեան։ Կողմնակի յիշեցնենք, որ Ուիլսընի Իրաւարար Վճռի հաստատած տարածքն ալ , իր կարգին, չ՚ընդգրկեր ամբողջութիւնը արեւմտահայ բնաշխարհին, բայց այս քննարկման համար կարիք չկայ մտնելու այդ մանրամասնութեան մէջ։ Միտքը յստակ է։ Յստակ է, բայց ոչ համոզի՛չ։
Իրականութիւնը այն է, որ Արեւմտահայութիւնը շատ աւելի հին եւ շատ աւելի ընդարձակ պատմա-աշխարհագրական կերտուածք մըն է քան Օսմանեան Կայսրութիւնը՝ ի՛նք։ Անոր բնաշխարհը Բագրատունեաց Հայաստանի քայքայման գործընթացներով եւ յետագային նաեւ Կիլիկեան Հայաստանի Թագաւորութեան լուծարումով անցած է բիւզանդական, արաբական, սելճուքեան, մոնղոլական եւ թաթարական աւերիչ ոտնակոխումներէն ի վերջոյ ամբողջովին բաժին իյնալով (1555-ի Ամասիայի թուրք-պարսկական դաշնագրով) օսմանեան սուլթաններու երկարատեւ եւ դաժան տիրապետութեան։ Անոր ժողովուրդը օսմանեան տիրակալներուն կողմէ ենթարկուած է հետեւողական խտրականութեան եւ շահագործման։ Դարեր շարունակ ան կեղեքուած է եւ բռնի հաւատափոխութեան ենթարկուած։ Դարեր շարունակ ան օտարուած է իր հայրենիքէն եւ ի վերջոյ Սուլթան Ապտիւլ Համիտ Բ.-ի նախաձեռնած զանգուածային կոտորածներու հետեւանքով անոր մէկ մեծ զանգուածը փախուստ տուած է օսմանեան պետութեան սահմաններէն դէպի Եգիպտոս, դէպի Եւրոպա, դէպի Ամերիկա եւ 1908-ի շեմին արդէն վերածուած՝ համաշխարհային հաւաքականութեան մը։ Իսկ 1908-ի Օսմանեան Թուրքիոյ սահմանադրական կարճատեւ պատրանքէն ետք, ան եղած է բնաջինջ նոյնինքն Օսմանեան Թուրքիոյ կողմէ վերապրելով միայն Սփիւռքի իր վտարանդի գոյավիճակով եւ Թուրքիոյ սահմաններէն ներս ապրող փշրանքներով։
Հետեւաբար կարելի չէ այս տեւաբար տեղաշարժուող եւ ընդլայնուող ազգային իրականութիւնը «օսմանեան» պիտակով սահմանափակել, ինչպէս կարելի չէ Արեւելահայութիւնը պիտակաւորել որպէս սոսկ «Ռուսահայութիւն»։ Եւ որպէս ընդհանուր սկզբունք՝ պէտք է խուսափիլ հայութեան ապրող եւ ինքնօրինակ այս իրականութիւնը սահմանելէ կայսրութիւններու պատկանելիութեամբ։ Փաստը ցոյց տուած է, որ Արեւմտահութիւնն ու Արեւելահայութիւնը շատ աւելի տոկուն իրականութիւններ են քան կայսրութիւնները՝ իրե՛նք։ Եւ ասիկա՝ ի հեճուկս կայսրութիւններու — եւ յատկապէս Թուրք Պետութեա՛ն — ցեղասպանական քաղաքականութեան։
Փաստ է, որ 1877-78-ի Ռուս-Թրքական Պատերազմի ալիքը հասաւ մինչեւ Բարձր Հայք։ Ռուսական ուժերը գրաւեցին Կարինը եւ եթէ միջազգային շահերու խաղատախտակը ի վերջոյ այլ կերպ դասաւորուէր, արեւմտահայ մշակոյթի օրրաններէն մէկը՝ Բարձր Հայքը կրնար մնալ Ռուսական Կայսրութեան սահմաններուն մէջ։ Առանց եթէներու խաղին զոհ երթալու, կ՚ուզեմ կրկին շեշտել, որ հայութեան քաղաքական եւ մշակութային շերտաւորումներու դասակարգումը ճիշտ չէ կապել կայսրութիւններու յարափոփոխ սահմանագծումներուն։
Այնուամենայնիւ Ընկ. Վարագը կը յիշեցնէ կարեւոր հանգամանք մը։ Ի վերջոյ գոյութիւն ունեցած է առարկայական այն փաստը, որ Օսմանեան Կայսրութեան մէջ ապրող հայերը եղած են օսմանահպատակներ, ինչպէս թուրքերը, քիւրտերը, յոյները եւ կայսրութեան միւս ժողովուրդները։ Ինչու՞ նոյնացնել օսմանցիութիւնը թրքութեան հետ։ Պարզ խօսքով, ինչու՞ չդիտել օսմանցիութիւնը որպէս
գեր-ազգային պետական կարգավիճակ եւ «չխրտչիլ» օսմանահայ կոչելէ այն հայերը, որոնք միջազգային իրաւունքի տուեալներով մաս կազմած են այդ պետականութեան։ Եւ մանաւանդ չիյնալ հին աշխարհի պետականութիւնները նոր աշխարհի մարդկային իրաւանց չափանիշներով դատելու փորձութեան մէջ։
Իրականութիւնը այն է սակայն, որ Օսմանեան Կայսրութիւնը այդպիսի կայսրութիւն մը չէ եղած երբեք։ Իր հաստատած բռնատիրութիւնը երբեք չէ տարածուած Կայսրութեան բոլոր ժողովուրդներուն վրայ հաւասարապէս։ Ճիշտ է, որ զուտ մարտավարական եւ տնտեսական հաշիւներով Բարձրագոյն Դուռը համեմատաբար աւելի տանելի պայմաններով օժտած է Պոլսոյ, Իզմիրի եւ Փոքր Ասիոյ որոշ բնակավայրերու հայութեան կեանքը ի տարբերութիւն հայկական բնաշխարհի հայութեան վիճակին, բայց այդ մէկը ոչինչով կը փոխէ այն կեդրոնական փաստը, որ հայը պաշտօնապէս ունեցած է ստորին կարգավիճակ Կայսրութեան մէջ բախտատած թուրքերուն եւ քիւրտերուն։ Հայը երբեք չէ եղած օսմանցի։ Ան չէ վայելած օսմանցիութեան կարգավիճակէն բխող հաւասար իրաւունքներ նոյնիսկ երբ Պոսլոյ մէջ ան շփացուած է ամիրայութեան տիտղոսներով եւ պետական բարձր պաշտօններով։ Օսմանեան Կայսրութիւնը պէտք չէ շփոթել Բրիտանական Կայսրութեան հետ, ուր եւս գոյութիւն ունէր անարդարութիւն եւ շահագործում եւ սակայն արժէքային համակարգի խորունկ վիհով մը կը բաժնուէին այդ երկուքը իրարմէ։ Օսմանեան Կայսրութիւնը ոչինչ բերած է մարդկային քաղաքակրթութեան։ Ան միայն կողոպտած է կամ փոշիացուցած է այն քաղաքակրթական մեծ ժառանգութիւնը, որուն հո՛ղը յափշտակած է ան։ Ժառանգութիւ՛ն՝ որուն իրաւատէրերէն մէկը հայ ժողովուրդն է։
Այս ըսելէ ետք, կը հասկնամ, թէ յամենայն դէպս պատմաբանները ունին բնորոշումի խնդիր մը։ Ինչպէ՞ս բնորոշել հայը այս պետականութեան մէջ։ Իմ կարծիքով, «օսմանահայ»ը ճիշտ բնորոշումը չէ։ Ան հայը կը հաւասարեցնէ Կայսրութեան թուրք տարրին ապակողմնորոշելով արդի միտքը։ Մենք թուրքերուն հաւասար չէինք եւ չենք այսօր եւս Թուրքիոյ մէջ (որ իր պետական մտածողութեամբ շարունակութիւնն է օսմանեան իրականութեան)։ Հայը կարելի է ներկայացնել որպէս «օսմանահպատակ» եւ սակայն մեծ բացառութեան մը յաւելումով։ Այսինքն՝ յստակօրէն ընդգծելո՛վ ՝ որ ան ենթակայ էր խտրականութեան, իրաւազրկումի եւ ի վերջոյ ցեղասպանութեան։ Առանց այս յստակ բացառութեան՝ դժուար է զայն նոյնիսկ օսմանահպատակ անուանել։ Իսկ օսմանահայ՝ երբե՛ք։
Գոյութիւն ունի նաեւ այս եզրաբանական հարցին ոչ-հայերէն երեսը։ Հայ պատմաբանները կը գործեն միջազգային ակադեմական հարթակներուն վրայ։ Անոնք բնականաբար կը հաղորդակցին մտաւորական այդ մեծ աշխարհի լեզուամտածողութեամբ, որուն եզրաբանութիւնը հաստատողը անպայման իրենք չեն։ Ottoman Armenian բառակապակցութիւնը իր ենթաբնագրային պատգամը ունի։ Ան կը յայտնէ, թէ զայն գործածողը դուրսէն դիտողն է, որ ճշգրիտ պատկերացում չունի, թէ իսկապէս ի՞նչ էր հայը Օսմանեան Կայսրութեան մէջ եւ թէ ինչպիսի՞ բարդ փոխյարաբերութիւններ յանկարծ անտեսանելի կը դառնան եւ կը կորսուին ստեղծուած այդ պիտակին տակ։ Հայ պատմաբանին դժուարին մարտահրաւէրն է բառապաշարի այս «կայսերական» պատը փուլ բերել եւ Օսմանեան Թուրքիոյ պատմութեան խնդիրները պարզաբանելու մարզին մէջ նոր չափանիշներ հաստատել միջազգային ակադեմական կեանքի ոլորտին համար։ Ես վստահ եմ, որ այս հարցը շարունակական մղձաւանջ է (կամ պէտք է ըլլայ) Արեւմուտքի հայ գիտաշխատողներու մասնագիտական առօրեային մէջ։
Վարագ Գեթսեմանեան դիտել կու տայ, որ պատմաբանը այնուամենայնիւ իրաւունք չունի արեւմտահայը անջատելու իր միջավայրէն։ Օսմանեան շրջանի հայոց պատմութիւնը պարապութեան մէջ չէ, որ կը ձեւաւորուի։ Հայը իրողապէս կը շփուէր իր շրջապատին հետ եւ կը բաժնէր շրջապատի խնդիրները։ Կարելի չէ իր պատմութիւնն ու գրականութիւնը հասկնալ եւ վերլուծել առանց իր օսմանական առընչութիւնները ազատօրէն ընդունելու։ Ճիշտ է։ Ոչ միայն ճիշտ է, այլեւ անուրանալի՛։ Եւ ճիշտ այդ պատճառով իսկ պէտք է մերժել Արեւմուտքէն եւ յատկապէս Թուրքիայէն գիտական պիտակի տակ թելադրուող ապակողմնորոշիչ եզրերը։ Հակառակ իր հաւաքականօրէն իրաւազուրկ կարգավիճակին, հայը անտարակոյս պիտի ջանար իր կեանքը պահել օսմանեան պետութեան մէջ եւ պիտի բաժնէր օսմանեան հասարակութեան կենսատարածութիւնը։ Այդ կենսափորձի բովին մէջ, ան պիտի հաստատէր կապեր իր թուրք եւ քիւրտ ժամանակակիցներուն հետ։ Յաճախ սե՛րտ։ Եւ սակայն պիտի նաեւ ընդունինք, որ իրաւական, քաղաքական, մշակութաբանական եւ մանաւանդ հոգեբանական շատ բարդ փոխյարաբերութեան մը վրայ կը հանգչի հարիւրաւոր տարիներու տեւականութեամբ ձեւաւորուած այն կացութաձեւը, որ հայունն է եղած Օսմանեան Կայսրութեան մէջ։
Ներկայ ժամանակներու գիտութեան — եւ յատկապէս հայ գիտաշխատողի՛ն – մեծ մարտահրաւէրն է հասկնալ այդ կացութաձեւը իր ողջ բարդութեանը մէջ։ «Օսմանահայ» շինծու եզրը արդարութիւն չ՚ըներ գիտական այդ ճիգին։ Ան աւելի շուտ կը ծածկէ այդ բարդ եւ մշտապէս ստրկացնող գոյավիճակը։ Գոյավիճա՛կ՝ որ հաստատուած է պետական կանխամտածումով։ Մենք գործ ունինք «ռայա» (rayah, rayat) իմացութեան հետ, որմով Օսմանեան պետութիւնը բնորոշած է իր ոչ-իսլամ հպատակները։ «Ռայա»ն օրէնքով իրաւազուրկ հպատակն է։ Պետութիւնը կրնայ իր հաշիւներէն ելլելով – որոշ ռայաներու շնորհել յատուկ իրաւունքներ, բայց ան չի դադրիր ռայա ըլլալէ։ Ռայան արաբական ծագում ունեցող բառ է։ Անոր արմատական իմաստին մէջ կայ «հօտ»ը, «նախիր»ը։ Այսինքն՝ օրինաւորապէս շահագործման ենթակայ կենդանական զանգուա՛ծը։ Շահագործման մնայուն գործընթա՛ց մը ՝ որ ազատ կը կացուցուի յանցագործութեան մեղքէն եւ օսմանեան օրինակարգին կողմէ կը նուիրագործուի որպէս կենսական անհրաժեշտութիւն։

Already a subscriber? Log in here

This story is FREE for you...

Create a free account to access this article and get more of our top stories sent to you by newsletter.

Or, subscribe now for unlimited access
By submitting your email address you agree for Hairenik Weekly to send you communication by email

Մեկ մեկնաբանութիւն

  1. /
    Առանց պատմական մանրամսնութիւններուն երթալու միտքս պարզելու համար որ իսկութեան մէջ Օսմանահայեր չեն եղած այլ եղած են Սուլթանի հպատակներ, ընթերցողին ուշադդութեան կը յանձնեմ 1846-ին Աւետարանական համայնքին հիմնադրութիւնը կայսրութիւնէն ներս։

    1846-է նախորեակինՀայ Առաքելական եկեղցիէն ներս տեղ գտած էր շարժում մը որուն հեղինակները կը միտէին Հայ Առաքելական Եկեղեցին իրենց հասկացողութեամբ բարեկարգել։ Այդ շարժումը պատճառ եղաւ որ օրուան Կ. Պոլսոյ պատրիարքը արտաքսէ այդ շարժումին ղեկաւարները, իսկ այդ արտաքսումը (excommunicate) մեր հասկացողութեամբ արտաքսում մը չէր այլ անհատը նզովեալ կը դառնար Հայ Համայնքին կողմէ։ Մեր օրերու պատկերացումով պիտի նշանակէր տեղածին հայուն Ամերիկեան հպատակութիւնէ զրկել։ Թէեւ Հայ անհատը Սուլթանին հպատակ էր բայց Օսմանցի չէր եւ հետեւար այն հայերը որոնք այսպէս «նզովեալ» դարձան մնացին Օսմանեան կայսրութեան մէջ անհպատակ (stateless), քանի որ Միլէթի դրութեամբ Սուլթանի հպատակ հայուն ներկայացուցիչը Օսմանեան պէտութեան մոտԿ. Պոլսոյ Պատրիարքութիւնն էր։

    Քանի մը տարի առաջ կարդացի Rev. William Goodell-ի յուշերը։ Այս այն միսիոնարն է կեդրոնական դեր խաղցաւ Աւետարանական Համայքին հիմնադրութեանը մէջ։ Բազմանի լեզուներ տիրապետած էր, նեռարեալ Հայերէն։ Իրեն կը պարտինք Հայերէն տառերով թրքերէն Ս. Գիրքը որ բաւական ընդհանրացած էր ժամանակին։ Միսիոնարը կը գրէ թէ ինքը առաջին Ամերիկացին եղաւ որ ոտք կոխեց Կ. Պոլիս եւ ապշանքով կամ զարմանքով կը դիտէ Սուլթանին հպատակ ժողովուրդներուն կառաւարման ձեւը։ Քառասուն տարիներ իր առաքելութիւն լրացնելէ ետք վերադարձաւ Ամերիկայ եւ իր վերջին նամակը որ յղած իր նորաստեղ Աւետարանական եկեղեցիներուն հոն կը շեշտէ որ դուք զատ ժողովուրդ չէիք, հիմա էք բայց նմանապէս կը շեշտէ ըսելով մեր նպատակը այդ չէր, մեր առաքելիութիւնը Յիսուսը քարոզել էր։

    Ըսել կ՚ուզեմ այդ «նզովեալ» հայերը եթէ համայնք մը չունենային որ Սուլթանին Բարձ Դուռը կը ճանչնար ապա պիտի մնային ան-հպատակ, առանց օրինական հպատակութեան, թէեւ կայսրութեան մէջ կ՚ապրէին բայց Օսմանցի չէին, Սուլթանին Հպատակ էին բայց կը մաս կը կազմէին Հայ Միլէթին։

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button